Արխիւ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը շաբաթավերջին միօրեայ, կարճատեւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաքի մէջ:
Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ներս: Ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ նուիրատուութիւն մը ընել Սրբոց Յակոբեանց վանքին համար:
Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակի մօտակայքին կը շարունակուի վարչական նորակառոյց ընդարձակ համալիրին շինարարութիւնը։
Լոս Անճելըսի մէջ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) կողմէ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւի արդիւնքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 1.2 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ շաբաթավերջին կարեւոր իրադարձութիւններ ապրուեցան միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով կապի մէջ էին անընդհատ։
Թուրքիա կը շարունակէ սաստիկ ու բազմակողմանի պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Շաբաթավերջին, դժբախտաբար, երկիրը ցնցուեցաւ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով՝ հերթական անգամ ապրելով խոր յուզում։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հինգերորդ հանդիպումը:
Անգարա, Թիֆլիզ եւ Պաքու զարկ կու տան տարածքաշրջանային համագործակցութեան զարգացման:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն, եկեղեցական կեանքի ազնիւ սպասաւոր Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլու։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկական խտացեալ խնամքի տակ։
ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Աշխարհի պատմութեան մէջ հազուադէպ չեն ժողովուրդներու զանգուածային գաղթերը՝ այլազան պատճառներով-պատերազմ, սով, կրօնամոլութիւն, ատելութիւն, համաճարակ, եւայլն:
ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Այս ուսումնասիրութիւնը տարիներ շարունակ նախապատրաստական հանգրուանի մէջ կը գտնուէր։ Այտ տարուան Յուլիս 1-ին Երեւանի «Ականաթ» սրճարան-պատկերասրահին մէջ ««Անցանկալի» թեմաները հայ պատմագրութեան մէջ» նիւթին շուրջ դասախօսութենէս ետք, այս մէկը տեսակէտներս տպագրուած ներկայացնելու առաջին փորձն է։
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Դժուար է պատկերացնել, թէ Երեւանի Ոսկիի շուկայի ամենավերեւի յարկի փոքրիկ խուցի մը մէջ, ուր երկու հոգին դժուարութեամբ կրնան շարժիլ, սուրիահայ Վազգէնը ինչպէս կը ստեղծէ արծաթէ փոքրիկ հրաշքներ, շունչ կու տայ սառն մետաղին ու կը դարձնէ արուեստի գործեր: Հետաքրքրական է, որ սուրիահայ արծաթագործին աշխատանքները հիմնականօրէն կը գնահատեն զբօսաշրջիկները:
Լոնտոնի մէջ Հայագիտական ուսուցման ծրագրին նախաձեռնութեամբ եզակի ձեռնարկ մը:
Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան յիսնամեակին առթիւ ատենախօսները արտայայտուեցան բարձր գնահատանքով:
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Մեր ստացած տեղեկութիւններով, ան նախընթաց օր ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚իջեւանի Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ։ Իր կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յաջորդ շաբթուան առաջին օրերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց երրորդ Կիրակիին՝ Ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի Աւետարանին ԺԵ. գլուխը, ուր կը պատմուի «Անառակ որդի»ին առակը։
Այսօրուան տուեալներով, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ մնացած են սոսկ տասնեակ մը շաբաթօրեայ վարժարաններ, որոնք տակաւին անխոնջ կը գործեն հայ ազգի նորահաս սերունդի հայեցի սնման եւ ուսուցման աշխատանքներով: Հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն թիւերու նուազումով հայ համայնքը կ՚ակնկալէր շաբաթօրեայ վարժարաններու բազմացում, սակայն պարագան կը մնայ նոյնը, առանց որեւէ փոփոխութեան կամ առանց նոր ծրագիրներու առաջադրման:
Համաշխարահային հռչակի արժանացած «Վարդի անունը» վէպի հեղինակ, իտալացի աշխարհահռչակ գրող եւ փիլիսոփայ Ումպերթո Էքօ երէկ կնքեց իր մահկանացուն, ութսունչորս տարեկան հասակին: Ումպերթօ Էքօ շրջանէ մը ի վեր կը տառապէր քեղցկեղէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չորեքշաբթի երեկոյ Անգարան ցնցած պայթումը բաւական կարեւոր հարցադրումներու դուռ բացաւ: Մայրաքաղաք Անգարան ցնցուած է բոլոր առումներով եւ այս անսպասելի պայթումին դիմաց երեւելի է նաեւ, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ վերջին տասն օրերուն եղած լարուածութիւնը կրնայ նոր հունի մը մէջ մտնել:
Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահները երէկ երեկոյեան հեռաձայնով խօսեցան մէկ ժամ քսան վայրկեան:
Էրտողան եւ Օպամա կանգ առին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
1977 թուականին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը երկու տարին բոլորած էր արդէն. ամէնուրեք ռմբակոծում, անապահովութիւն, անգործութիւն, ահ ու սարսափ, գաղթ, առեւանգումներ, ապաստանարաններու մէջ լեցուն ժողովուրդ՝ մտահոգ իր ճակատագրով:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Էշրեֆիէ մեր բնակած թաղի միակ խանութը մեր տունէն բաւական հեռու էր: Հոն կարելի էր գտնել ամէն ինչ: «Չկայ» բայը գոյութիւն չունէր այդ փոքր կրպակին մէջ: Կար նաեւ այդ թուականներուն այնքան հազուագիւտ իր եղող հեռաձայն մը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր զզուած եմ հայ մարդու էականէն… Նոյնիսկ կ՚ամչնամ: Կ՚ուզեմ հեռանալ ես ինձմէ: Կեղծ ու կասկածելի մարդիկ դարձած ենք գրեթէ բոլորս ալ, որովհետեւ ամէն մէկս փակուած աշխարհ մը ունինք: Անհաղորդ: Լոյսէն եւ իրականութենէն վախցող ու խոյս տուող: Դիմակաւոր: Տգեղ եւ զազրելի: