Արխիւ
Հայ երաժշտական աշխարհի երկու երիտասարդ աստղերը՝ Նարեկ Հախնազարեան եւ Սէրկէյ Խաչատրեան այսօր համերգով մը հանդէս կու գան Փարիզի մէջ։ Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանի եւ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեանի ելոյթը կը կայանայ Փարիզի նուագախումբին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապի շուրջ ընթացող խմորումներու ծիրին մէջ երէկ կարեւոր համարուած ժողով մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ: Բացի ժողովին ունեցած արդիւնքներէն, պէտք է շեշտադրել երկու հիմնական կէտեր:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այսօր կը տեսակցին Պեռնի մէջ:
Զուիցերիա ուղեւորուելէ առաջ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն մը իրականացուց Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս: Արցախի ճակատին վրայ սաստիկ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ:
Վաքըֆլըգիւղցիներու հայրենակցական միութեան մէջ երէկ ապրուեցաւ ամանորեան քէրմէսի եռուզեռ։ Տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած քէրմէսին ընթացքին այցելուներուն հրամցուեցան գիւղին բնորոշ արտադրանք, ձեռային աշխատանքներ եւ Կաղանդի իրեղէններ, որոնք առարկայ դարձան հիւրերու հետաքրքրութեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ քէրմէսի հրճուանք։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ամանորին ընդառաջ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ յարդարուած տաղաւարները առիթ հանդիսացան թէ՛ յարակից Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ զօրակցութեան եւ թէ տօնական շրջանի աւանդութեան մը տեւականացման։
Քըրմըզեան եղբայրներուն կողմէ հովանաւորուած նախագիծը բաւական հասունցած:
Պալեան գերդաստանի շիրմին նորոգութիւնը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ: «Հայճար» այժմէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է Մայիսին կայանալիք բացման հանդիսութեան համար:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրեալ այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ համանուն գիրքը, որ եւս նոր հրատարակուած է նոյն նիւթերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը դիմաւորուինք սա հարցումով. եկեղեցւոյ պաշտամունքը, ընթերցանութիւնը գրաբա՞ր թէ աշխարհաբար ըլլալու է։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կատարելու համար ո՛ր լեզուն որ աւելի շատ կ՚արդիւնաւորէ, կ՚օգնէ, այդ լեզուն գործածելու է, քանի որ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնակարգ նպատակը՝ հաւատքն է, լեզուն անոր միջոցն է, առարկան է։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով, դատական գործընթացներուն մէջ միշտ կը յառաջանան բարդութիւններ, որոնք շարունակ նոր իրավիճակներ կը ծնին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այս մահափորձին մէջ հանրային պաշտօնեաներուն ունեցած դերակատարութիւնը պարզելու առաջադրութեամբ կատարուեցաւ յաւելեալ հարցաքննութիւն մը եւ պատրաստուեցաւ նոր մեղադրական մը։
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պաշտօնական աղբիւրները երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ տեղեկացուցին, թէ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնապէս սկսած է ձիւնահալի մը գործընթացը։ Ծանօթ է, որ «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքով ծագած ճգնաժամը պատճառ դարձած էր, որ վերջին տարիներուն մեծ լարուածութիւն մը ապրուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք մինչ այդ իրենց կապերը հասցուցած էին ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին։
Սիրքէճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը Պատրիարքական Աթոռին վերադարձնելու խոստումով, որպէս պետական պաշտօնեայ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին ներկայացած եւ անկէ գումար ստացած Քեմալ Թայֆուն Նարկին դատապարտուեցաւ բանտարկութեան եւ տուգանքի։
Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամերոս, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, երէկ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
«Անձամբ կարգադրեցէ՛ք» ցուցահանդէսի հետազօտութիւնը կատարած խումբին բանախօսութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հոգելոյս Զաւէն Պատրիարքի, Զապէլ Եսայեանի եւ Շաւարշ Միսաքեանի վկայութիւններուն, ինչպէս նաեւ 1915-ին գործած պաշտօնեաներու աւելի ուշ հրապարակուած յուշագրութիւններուն:
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմախարիսխէն ներս այս առաւօտ սկսաւ ոճրագործ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը:
Տարեսկիզբին՝ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամերը սպաննած ռուս զինուորականը հաշիւ կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական մարմիններուն: Հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
Երեւանի արուարձաններէն Արաբկիր թաղամասին մէջ ներկայիս կը կառուցուի նոր եկեղեցի մը, որու շինարարութեան աշխատանքները կ՚ընթանան թափով։ Մինչ այս մեծ թաղամասի հաւատացեալները կը սպասեն իրենց նորակառոյց աղօթատան բացման՝ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցան այս եկեղեցւոյ խաչերը։
Ընտանեկան ստացուածքի կառավարման նիւթին շուրջ ուշագրաւ խորհրդաժողով մը:
Յայնտի հնագէտ Րաֆֆի Փորթագալ անդրադարձաւ գեղարուեստի նկատմամբ վերաբերմունքին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Նախաճաշը աճապարանքով կը պատրաստէ, ամուսինն ու զաւակները կ՚արթնցնէ, իւրաքանչիւրը իր գործին կը ճամբէ, տան անհրաժեշտ պէտքերը կը հոգայ, մեծ գաւաթ մը սուրճը ձեռքը կը նստի համակարգիչին դիմաց ու անհամբեր կը բանայ դիմատետրին էջը...:
«Էվրէնսէլ» հրատարակչութիւնը անցեալ ամիս լոյս ընծայած էր Հնչակեան քսան կախաղաններուն վերաբերեալ յուշ-կենսագրութեան գիրք մը։ Սա 1921 թուականին Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսած եւ իր տեսակին մէջ դասականացած «Քսան կախաղանները» անուն գործին թրքերէն թարգմանութիւնն էր։ Այդ թուականին Եդուարդ Չոփուրեանի աշխատասիրութեան հիման վրայ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքը վերջերս թրքերէնի թարգմանեց լրագրող-հրապարակագիր Արիս Նալճը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«ՊԱՆԴԽՏՈՂՆԵՐԻՆ
«Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր
«Որ երկրումը ցանկալի
«Թողած անուշ օդն ու այեր
«Դիմում էք գիրկն օտարի։