Արխիւ
Միացեալ Նահանգները տարօրինակ հաստատութիւն մը կը պահէ Քուպայի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, Կուանթանամօ ծոցի արգելակայան անունով։ Մեծ եւ տարօրինակ բանտ մըն է Քուպայի մէջ իր գոյութիւնը շարունակող ամերիկեան այս արգելակայանը։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 6 եւ 7, 2016-ին, Լաս Վեկասի հայութիւնը պատմական տօնական օրեր ապրեցաւ։
Այդ օրերուն տեղի ունեցան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական, Կրօնական եւ Տիկնանց պատգամաւորական ժողովները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ միշտ նպատակ ունեցած են բարոյապէս կատարելագործուիլ՝ անթերի ու զօրաւոր ըլլալ։ Մարդուս համար ընդոծին զգացում մըն է այս, քանի որ ան իր ստեղծագործութենէն իսկ կոչուած է յառաջդիմելու, զարգանալու եւ բարեփոխուելո՛ւ։ Եւ քանի որ մարդ հոգի է ե՛ւ մարմին, ուրեմն որքան մարմնապէս, ֆիզիքապէս, նոյնքան ալ հոգեպէս, բարոյապէս կատարելագործուելու, զարգանալու, բարեփոխուելու պահանջքը ունեցած է միշտ։
Անգլիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ պատուիրակութիւն մը ներկայիս շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Միացեալ Թագաւորութեան զինեալ ուժերու 160-րդ Ուելսեան հետեւակային զօրքերու հրամանատար զօրավար Մարթին Քեմպըլի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի միջազգային թռիչքներու բաժանմունքին մէջ երէկ գիշեր պատահեցաւ ահաւոր պայթում մը. 36 զոհ, 147 վիրաւոր:
Իսթանպուլ հերթական անգամ ահաբեկչութեան թիրախ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, առաջին ազդանշանները ցոյց կու տան ԻՇԻՊ-ը եւ ընթացքի մէջ են դէպքի բացայայտման աշխատանքները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կրօնը հետզհետէ աւելի լուրջ գործօն մը կը դառնայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։ Ճիշդ է, որ առարկայական շահերու գնահատման տեսանկիւնէն կրօնակցութեան մղումով առաջնորդուիլը չի տեղաւորուիր միջազգային յարաբերութիւններու մտայնութեան մէջ, սակայն ընդհանրապէս կրօնի գործօնը տակաւ կը շեշտուի զանազան հարթութիւններու վրայ։
Ահաբեկչական ծանր յարձակումներ եղած են լիբանանեան Պեքաա շրջանին մէջ: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այսօր վաղ առաւօտեան անձնասպանական չորս պայթումներ լսուած են Ալ Քահ քրիստոնէական աւանին մէջ:
«Արեւելք» կայքէջը կը տեղեկացնէ.-
«Հալէպը նախապատերազմեան վիճակի մէջ է», այս կարծիքը յայտնեց հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտ-Տլտըլեան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով վաղը Երեւան պիտի այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր։ Հարկ է նշել, որ Գերմանիա ներկայիս շրջանային նախագահ երկիրն է ԵԱՀԿ-ի, որու հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ աշխատանքները։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձիւնահալը այս օրերուն թափ կը ստանայ շօշափելի իրադարձութիւններով։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նամակ մը ուղարկած է Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինին։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ, որպէսզի Հայաստան օգտուի իր կարեւոր աշխարհագրական դիրքէն:
Պրիճիտ Պրինք, որ երէկ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ, անդրադարձաւ տարածքաշրջանի կայունութեան կարեւորութեան:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարներուն խորհրդակցութիւնը:
Ժողովականները անդրադարձան առկախեալ ընտրութեան խնդրին եւ նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացի հարցերուն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը արդէն աւարտեց դէպի Հայաստան այցելութիւնը։ Իր կողմէ որպէս ուխտագնացութիւն բնորոշուած այդ ուղեւորութեան արձագանգները ակնյայտ է, որ տակաւին պիտի շարունակուին երկար։ Սրբազան Պապը թէ՛ հոգեւոր առաջնորդ մըն է եւ թէ՛ պետութեան ղեկավար մը։ Այդ համատեղեալ կարգավիճակը միշտ տարբեր իմաստ մը, կշիռ մը կու տայ իր յայտարարութիւններուն։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Միացեալ նահանգներու մէջ Ծնունդ-Կաղանդ տօնակատարութեանց պատրաստութիւնները՝ արդէն երկու-երեք ամիս առաջուընէ կը սկսին խանութներու ցուցափեղկերու վրայ...։ Սակայն մի՛ փնտռէք կրօնական-հոգեւոր տեսանկիւն. այդ իրենց հոգը չէ. իրենց հարցը պիզնըսի հետ է. դրամի շրջանառութիւնը, կերուխումը եւ այդպէս խնջոյք ընելը...
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս Երեւանի մէջ հանդիպեցանք Հայկական գործարար գործակալութեան (Armenian Business Agency) եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ, ֆրանսահայ «Այբ» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեանին, որ Երեւան կը գտնուէր յառաջիկայ Հոկտեմբերի 15-ին Փարիզի Westin Paris-Vendome պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք Հայկական-միջազգային գործարարներու համաժողովի գործերով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս արդար բաղձանքը աստուածային ծագում ունի, քանի որ Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ՝ որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարո՛ղն է լիացնելու զինք։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Քեսկին եւ այլ դպիրներ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միջազգային մասնագէտներ, գիտնականներ եւ հոգեբաններ սկսած են աւելի յաճախ անդրադառնալ ընկերային ցանցերու օգտագործման ազդեցութիւններուն: Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը վերջերս հրատարակեց Ֆէյսպուքի առընչուած՝ Պելժիոյ ոստիկանութեան զգուշացումին, գիտական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին, մասնագէտներու կարծիքներուն եւ հետաքրքրական փաստերու մասին հակիրճ յօդուածներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի Եկեղեցին այն է՝ որ մէ՛կ է, կաթողիկէ, առաքելական եւ սո՛ւրբ։ Քրիստոսի Եկեղեցին արդարեւ մէ՛կ է, քանի որ Յիսուս Քրիստոս մէ՛կ է եւ պե՛տը՝ Եկեղեցիին։
Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն կը տեղեկացնեն.-
Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, ժամը 6-ին, տեղի ունեցաւ Ուրմիոյ Հայոց Ազգային դպրոցին ամավերջի հանդիսութիւնը հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Ս. Եպսկ. Չիֆթճեանի:
