Արխիւ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ դէպի Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ան Եգիպտոսի վրայով կը ժամանէ Անգարա, ուր իր շփումները պիտի եզրափակուին Ապրիլի 13-ին։
Գորգագործութիւնը արուեստի աւանդական տեսակ մըն է՝ տարածուած Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ, բայց Ղարաբաղի գորգերը իրենց իւրայատկութեան եւ ճանչցուած ըլլալու պատճառով կը զանազանուին մնացեալներէն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի ղեկավարութեան հետ եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը՝ ամփոփելով իրենց տարածքաշրջանային այցելութիւն:
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ միջնորդները քննարկեցին վստահութեան միջոցառումներու շուտափոյթ ներդրման եւ բանակցութիւններու վերսկսման մասին հարցեր:
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
1- Շուշիի մէջ կը գտնուի գորգերու թանգարանը:
2013 թուականի Հոկտեմբերի 22-ին տեղի ունեցաւ գորգերու թանգարանի բացումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անհատականութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ անձնականութիւն, ինքնութիւն, իսկ աւելի սեղմ իմաստով՝ զօրաւոր նկարագիր։ Անհատականութիւնը անձին ինքն է՝ իրեն սեփական յատկութիւններով ու երեսով, անհատականութիւնը այս իմաստով ա՛յն է՝ ի՛նչ որ անձին կը վերաբերի, իւրայատուկ է եւ եզակա՛ն։

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Կարտիըն» թերթի յօդուածագիր Մայլզ Պրիկնալ անդրադարձած է բջիջային նորագոյն սարքի թերութեան:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հանդիսատեսները բացի բարեսիրական նպատակով քաջալերելու համար ներկայ գտնուած էին այս համերգին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 5-ին, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Մենհեթթընի Մըրքըն համերգասրահին մէջ, այլեւ վայելելու դաշնակի ելոյթը աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունիի: Մէկը միւսը ամբողջացնող, ողջունող գեղեցիկ համայնապատկեր մըն էր ներկայացուածը այդ գիշեր:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն ծանրակշիռ հարուածներ հասցնել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Կը հաղորդուի, որ ռազմաօդային ուժերը երէկ գործողութիւններ իրականացուցած են Հիւսիսային Իրաքի մէջ՝ Քանտիլի շրջանին, ինչպէս նաեւ Հաքքեարիի մերձակայ բացաստաններուն մէջ։
Ընդդիմադիր ՄՀՓ-ի շարքերէն ներս ներկայիս կ՚ապրուի ալեկոծեալ շրջան մը:
Տեւլէթ Պահչելի. «Այդպէս դիւրութեամբ չենք կրնար յանձնել կուսակցութիւնը»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ Հինգշաբթի երեկոյէն ի վեր սպասողական իրավիճակ կը տիրէ: Մինչ Նախագահ Բակօ Սահակեան մամլոյ ասուլիս մը տալով կարեւոր շեշտադրումներ կը կատարէր եւ կը յայտնէր, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կարեւոր ըսելիք ունենայ անցնող օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ծանրակշիռ դէպքերուն վերաբերեալ:
Արցախի երկինքէն երէկ վար առնուեցաւ Ատրպէյճանի հարուածային անօդաչու թչող սարք մը:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէրկէյ Լաւրովի հետ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայոց Յուշատետրի ազգային առանձնայատուկ «Օր»երու շարքին նուիրական իր բացառիկ տեղը ունի 7 Ապրիլը։
Կրօնքն է դաստիարակութեան միակ օրինակելի եւ բնական հիմքը: Ընտանեկան յարկը փոքրիկ եկեղեցի է եւ ծնողները, յատկապէս մայրը, այդ եկեղեցւոյ պաշտօնեան: Քրիստոնէական արժէքները զաւակներուն փոխանցելու ամենաազդեցիկ միջոցը այդ բոլորը ապրիլն է մեր կեանքին մէջ:
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին մեր բեմերէն երկու համակրելի դերասաններ՝ Արարատ Մոր եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու շարժանկարի գործիչ Էլա Ալեամաչը, որ Առէն Փերտէճիի հետ համահեղինակը հանդիսացած է «Կորստեալ թռչուններ» ժապաւէնին։ Հայկական հարցին եւ անոր մերօրեայ դրսեւորումներուն շուրջ հետաքրքրական ժապաւէն մըն է այս մէկը, որ շարժանկարի աշխարհէն ներս ներկայիս կ՚արժանանայ ջերմ հետաքրքրութեան։
Ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեան, որ վերջին օրերուն կը գտնուէր Իսթանպուլի մէջ, նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Իսթանպուլ այցելած էր նուագելու համար «Որպէս նուռ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման ձեռնարկին ընթացքին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աշխարհամատուռ» կը նշանակէ՝ աշխարհաժողով բազմութեան յատկացուած եկեղեցի, այսինքն՝ բոլոր աշխարհի պատկանող եկեղեցի։ Աշխարհամատուռը Սիոնի այն վերնատան անունն է՝ ուր Քրիստոս Վերջին Ընթրիքը կատարեց եւ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց։
«Արաս» հրատարակչատունը այս շրջանին գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է երկու նոր ու հետաքրքրական գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Ճամբորդութիւն դէպի Լազաստան», որու հեղինակն է Նիքոլայ Մարր։ Ռուսերէնէ թարգմանութիւնը կատարուած է Եուլպա Մուհուրճիշիի կողմէ։ Գիրքին խմբագիրը եղած է Արթուն Կեպենլիօղլու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդս իր կեանքի տեւողութեան՝ կը դիմաւորուի զանազան «արժէք»ներով, որոնց մէջ կը ստիպուի նախընտրութիւն մը ընել։ Անշուշտ, որ կան հաւասար արժէքներ, բայց անոնց մէջ կայ միշտ «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ»ը՝ որը ճշդել շատ անգամ դժուար կ՚ըլլայ, եւ նոյնիսկ անկարելի, մանաւանդ կեանքի բազմատեսակ զբաղումներուն մէջ։


