Արխիւ
Սուրիահայութեան վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայն հայութեան օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
1 Դետեմբերին «Ալ Նըսրա» ճակատին կողմէ գերի առնուած լիբանանցի տասնվեց զինուորներ ազատ արձակուեցան: Մէկուկէս տարի գերեվարուած պահուելէ ետք զինուորները վերադարձան տուն, երկրի կառավարութեան եւ Սուրիոյ պատերազմի կարեւորագոյն մասնակիցներէն համարուող՝ «Ալ Նըսրա» ճակատին միջեւ կայացուած համաձայնական գործարքով մը:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Թուրքիոյ համբերութիւնը անսահման չէ»։
Փութինի կողմէ լուրջ սպառնալիքներ։
Էրտողան. «Եթէ Իրաք ի վիճակի չէ ահաբեկչութեան դէմ միջոցներ ձեռք առնելու, ապա մենք կ՚առնենք»։
Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը տարեվերջի առթիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպեց ընթրիք մը, որ աւանդական դարձած է վերջին տարիներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը կէսօրուան ժամերուն պիտի ճամբորդէ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարչական խառն ցուցահանդէսի մը բացումը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր միութիւնը դաշնակով մը օժտելու ուղղեալ ծրագրին աջակցութիւն ապահովելու համար։
Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկան «Ոմանք» եւ «Սայաթ Նովա վոքալ» խումբերը։ Հայկական տոհմիկ կամ դասական գործերէն բաղկացեալ երգացանկի մը հետեւեցան ունկնդիրները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տարիքի մասին հարցերը չեն վերջանար։ Ահաւասիկ տարիքի մասին հարց մը եւս, թէ՝ որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Անշուշտ հարց մը՝ որուն տրուած պատասխանը կը փոխուի ամէն մէկ անձի նկատմամբ՝ իր ապրած կեանքին համեմատ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ Վարուժան Սուքիասեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ Վարուժան Սուքիասեան երէկ ստորագրեցին համապատասխան պայմանագիրը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, երբ աշակերտները առաջարկեցին Յիսուսի՝ որպէսզի արձակէ ժողովուրդը՝ շրջակայ գիւղերը երթան եւ իրենց համար ուտելիք հաց ապահովեն։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Հոլանտայի դեսպան Եոհաննէս Տաուման, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։
Հրեայ համայնքը այս օրերուն կը նշէ «Հանուքա»ի տօնը։ Այս առթիւ երէկ երեկոյեան Պէյօղլուի մէջ յատկանշական տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ։
Կարէն Միրզոյեան Արցախի անկախութեան տարեդարձին առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մէջ:
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը եւս:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին բարձր մակարդակով փոխադարձ յաճախակի այցելութիւններուն կապակցութեամբ եւ ընդգծեցին, թէ անոնք նոր լիցք կը հաղորդեն զանազան բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա մտադիր չէ իր զինուորները դուրս բերելու Իրաքէն:
Հաքան Ֆիտան եւ դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան Պաղտատի ղեկավարութեան հետ: Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի հարցին շուրջ համաձայնութեան հասած են Անգարայի հետ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր ու տնօրէն Երուանդ Զօրեան այս Երկուշաբթի միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Իսթանպուլ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատի արդիւնքին շուրջ սպասումը կը շարունակուի։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով բացուած է այս դատը եւ ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն՝ արդէն դատավճռի արձակման համար նախատեսուած ժամկէտը հասած է։
Ամանորի ընդառաջ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ քէրմէս մը, որ արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս Իսթանպուլի զանազան թաղերուն մէջ կատարեցին յատկանշական պտոյտ մը՝ վերյիշելով Պալեան ընտանիքի անդամները։
Այս Կիրակի, համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Պաքըրգիւղի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ յարակից Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։