Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքի մասին յաճախ կը խօսինք՝ ի՛նչ որ բնական է, քանի որ հաւատքը՝ պայմանական անհրաժեշտութիւն մըն է, ան քրիստոնէավայել գործունէութի՛ւնն իսկ է։ Հաւատքը ամէն պահ մեզի հետ է՝ կեանքին հետ համընթաց կը քայլէ մեզի հետ։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ս. Սարգիսի տօնին` Յունուարի 23-ին, «Մենք մեր զինուորի կողքին ենք» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմը առաջին անգամ ըլլալով պիտի պարգեւատրէ զինուորները: Այս մասին յայտարարած է Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Ա. Քահանայ Մալեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայ ազգային գոնկրէս» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ բացատրութիւններ տուաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առողջական վիճակին շուրջ։
Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր թաղամասէն ներս անվտանգութեան ուժերը կը շարունակեն պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Վերջին գործողութիւններուն արդիւնքով անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամ ահաբեկիչները արդէն օղակի մէջ առնուած են երկու թաղամասերէ ներս։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն այսօր կը ժամանէ Երեւան։ Զարգացման ու ֆրանսախօսութեան հարցերով պատասխանատու ֆրանսացի պետական քարտուղարին Հայաստանի շփումները կը տեւեն երկու օր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա, իր կողակցին հետ։ Իր այցելութեան առաջին հանգրուանի ծրագիրը ան այսօր կ՚իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ցիւրիխի մէջ։ Այս առթիւ անոնք առաջնահերթօրէն քննարկեցին Սուրիոյ ճգնաժամը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շքեղ արարողութիւն մը:
«Գիտական նոր նուաճումը կամ արուեստի նոր ստեղծագործոթիւնը իսկական գնահատականը կը ստանայ, երբ կ՚անցընէ ժամանակի քննութիւնը»:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Արաս Էօզպիլիզ համաձայնութեան հասաւ Պէշիկթաշ ակումբին հետ։ Ծանօթ է, որ Արաս Էօզպիլիզ նախկին թրքահայ մըն է, ծնած է Պաքըրգիւղի մէջ, եւ աւելի վերջ հասած է Հոլանտայի մէջ։
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Իւնալ Չեւիքէօզի ելոյթը:
«Այսօր Թուրքիոյ սահմանները բաց են այնպիսի հարեւան երկիրներու հետ, ուրկէ սպառնալիքներ կու գան իր ազգային անվտանգութեան դէմ։ Հետեւաբար, անընդունելի կը համարեմ Հայաստանի հետ սահմանին փակ մնալը», կ՚ըսէ վաստակաւոր դեսպանը՝ մեկնաբանելով այժմու իրադրութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կը մեկնի Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ։ Իր այցելութիւնը կը կայանայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջ։
ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ժողովուրդի կեանքը բնութագրող ամենաազնիւ ու հարուստ բնագաւառներէն է երգարուեստը: Հայ երգը ունի հազարամեակներու պատմութիւն՝ ընդգրկելով հոգեւորէն մինչեւ աշուղական, ժողովրդականէն՝ հայրենասիրական, դասականէն՝ քաղաքային ֆոլքլոր եւայլն:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աշխարհահռչակ գծանկարիչ եւ փորագրական գեղանկարչութեան հայ վարպետ Էտկար Շահին (1874-1947) մեծ համբաւի տէր է:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտութեան բաժինը 2016-ի տարեմուտին կը կազմակերպէ երկօրեայ աշխատանոցային գիտաժողով մը:
Հրաչ Չիլինկիրեանի եւ Թէօ ֆան Լինտի կողմէ կեանքի կը կոչուի մասնագիտական հաւաքոյթին ծրագիրը, որուն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մատաղ» կը նշանակէ՝ ուխտի ոչխար, զոհ կամ զոհի ճաշ։ Իսկ «Սիրոյ սեղան» ասացուածքը կը համապատասխանէ «ագապ» յունարէն բառին՝ որ կը նշանակէ՝ սէր, որ կը հանդիպինք Աստուածաշունչի Եօթանասնից յունարէն թարգմանութեան մէջ՝ որ գերազանցապէս կ՚ակնարկէ «զգայական սէրը»։ «Agape» կ՚արտայայտէ Քրիստոսի սէրը կամ քրիստոնեաներու սէրը՝ իրարու նկատմամբ։
Գերմանիոյ Դաշնակցութեան աւագ դատախազ Փեթէր Ֆրանք երէկ այցելեց Իսթանպուլ։ Սուլթանահմէտի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակման հետաքննութեան շրջագծով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը։ Փեթէր Ֆրանք հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատէն ներս, ուր տեսակցեցաւ փոխ-աւագ դատախազ Օրհան Քափըճըի եւ հետաքննութեան ձեռնամուխ դատախազ Ապտուլլահ Եուրտսեւէրի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Փոտկորիցա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Քարատաղի Նախագահ Ֆիլիփ Վուեանովիչի կողմէ ընդունուեցաւ Նալպանտեան։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին առթիւ կը գտնուի Տաւոսի մէջ, ուր կ՚ունենայ նաեւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ։ Թէ՛ միջազգային ղեկավարներու եւ թէ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ կը մէկտեղուի Տավուտօղլու, որ կը հետեւի ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցի մը՝ բազմակողմանի շփումներով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Քարատաղ, իր պաշտօնակցին՝ Իկոր Լուքշիչի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ այդ երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։