Արխիւ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Թաղի պատմական վարժարանը հանդիսացաւ տօնական օրուան ժամադրավայրը, մինչ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց հայատառ մամուլին կարեւորութիւնը:
Ռուսաստանի օդուժին կողմէ Թուրքիոյ սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները արձագանգ գտած էին նաեւ ՆԱԹՕ-ի մօտ եւ վերջինս յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիա պահանջէ, ապա կրնայ զինուոր ուղարկել այնտեղ։
Թուրքիա դիմած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկելու համար։ «Րատիքալ»ի հաղորդմամբ, Վանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆֆէր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ Վանին։
Մոնրէալի «Փլաս Տէ Զար» համերգասրահին մէջ, Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փանտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը՝ ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ» ստեղծագործութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը «մասնակի կլոպալ պատերազմ» մը դառնալու բոլոր բաղադրիչները ունի: Կլոպալ ըսելով պէտք է հասկնալ, որ Ռուսաստանի բացայայտ միջամտութենէն ասդին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS)ի դէմ տրուելիք հարուածները կը դառնան աւելի հատու եւ վճռական:
Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարաց խորհուրդը կը գումարուի Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ունեցաւ բացառիկ ու շահեկան հարցազրոյց մը:
Լուսաբանող զրոյց՝ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդին հետ:
Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան կ՚անդրադառնայ թեմը յուզող ինչ-ինչ խնդիրներու:
Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, կատարուեցաւ օծման արարողութիւնը Մասիս քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ:
Սփիւռքահայ արուեստագէտ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան, որ այժմ իր բնակութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ, վերջերս այցելեց քաղաքս, ուր իր գործերը ցուցադրեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղւոյն մատաղօրհնութեան հանդիսութեանց առթիւ։
Հանգուցեալ գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը՝ Զարուհի Մուրատեան, ընկերակցութեամբ «Փարոս» ամսաթերթի խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսի այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայերէն դպրութեան գաղափարը իրագործելու, պաշտամունքը հայերէն դարձնելու նուիրական աշխատանքին առջեւ մեծ արգելք էր ասորի հոգեւորականութիւնը, որ օգտուելով Պարսից պետութեան հովանաւորութենէն, վճռական դեր ունեցած է Հայ Եկեղեցիի նկատմամբ։ Ուստի Հայ Եկեղեցիի արարողութիւնը եւ պաշտամունքը ասորերէն եղած է։
Երեւանի միջազգային կիսամարաթոնը կայացաւ։ Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան նախագահ, հեռացատկի Եւրոպայի չգերազանցուած մրցանիշի տէր Ռոպէրթ Էմմիեանի նախաձեռնած միջազգային առաջին կիսամարաթոնը սկսաւ Հանրապետութեան հրապարակէն։
2015-ի խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ Թունուզի Ազգային երկխօսութեան քառեակին։ Այս մասին երէկ յայտարարեց Նորվեկիոյ Նոպէլի յանձնաժողովի նախագահ Քասի Քուլման Ֆիվէ։
Եւրոպայէ ներս սովորական զինեալ ուժերու մասին պայմանագրի շրջագծով Թուրքիա տեսչական այցելութիւն մը կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ։ Թրքական դիտորդական խումբի կողմէ կատարելի այցին զինուոր մըն ալ կը մասնակցի Սլովաքիայէն։
Հայաստան յատուկ տաղաւարով մը պիտի մասնակցի Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային տօնավաճառին, որ այս տարի պիտի կայանայ 14-18 Հոկտեմբեր թուականներուն։ Այս կարեւոր միջոցառման մասնակցութիւնը կ՚իրականանայ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Մեծ եղեռնի 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աջակցութեամբ
Մայրաքաղաք Երեւան կը հիւրընկալէ ճատրակի միջազգային կարեւոր մրցաշարք մը եւս:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ողջոյնի խօսքով մը բացումը կատարեց ձեռնարկին:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն։ Նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի յանձնաժողովի այն անդամներուն, որոնք մասնագիտական բարձրորակ օժանդակութիւն ցուցաբերեցին սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին։
«Հայճար»ի վարչութեան նախագահ Ժան Կավրիլոֆ եւ նախկին ատենապետ, վարչութեան անդամ ու հիմնադիրներէն Նազարէթ Պինաթլը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցան «Արշիլ Կորքի» շքանշանով՝ Ճարտարապետներու միջազգային օրուան առթիւ։
Եւրոպայի խորհուրդը յայտարարեց, թէ վերջ կու տայ մարդկային իրաւանց գծով Ատրպէյճանի հետ իր գործակցութեան։ Պատճառն է այդ երկրին մէջ մարդկային հիմնական իրաւունքներու իրավիճակին կտրուկ վատթարացումը։
Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը:
Էջմիածնի հրապարակին վրայ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:




