Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ սկսաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի քննար­կում­նե­րուն։ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէլ ընդգ­ծեց, որ 1915-17 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պէտք է ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

​​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Յաւերժութեան տեսլականով յիրաւի փառաշուք տաճար մը։
Կոմիտասի թանգարանը կամ ապագայասլաց մտայնութեան յուշակոթողը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը համալրուեցաւ երիտասարդ եւ արժէքաւոր անդամով մը:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի սան Ա­լէն Նշան, որ «Mind Lab»ի խա­ղե­րուն մէջ լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով ի­րա­ւունք ստա­ցած էր մի­ջազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու Թուր­քիան, նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած մրցում­նե­րու ար­դիւն­քին նուա­ճեց աշ­խար­հի եր­րոր­դու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ մեկ­նած էր Հա­յաս­տան, ար­դէն վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն ան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ներ­կա­յա­ցած է նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

​Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան:
Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ մէկտեղուեցան քաղաքիս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդները:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

​VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Բարդ հարցականներու խաչմերուկ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու խորհուրդ տուաւ հաշուի առնել նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը, ինչ որ ուղղակիօրէն որոշիչ գործօն մըն է պետութեան կողմէ տրուելիք արտօնութեան առումով:

 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւուն­քը ու­նի իր յա­տուկ ի­րա­ւա­կան դրու­թիւ­նը որ­պէս ընդ­հա­նուր եւ տիե­զե­րա­կան ի­րա­ւա­կան ամ­բող­ջա­կան դրու­թեան մէկ մա­սը։ Ար­դա­րեւ ի­րա­ւա­կան դրու­թիւն­ներ սկզբուն­քով ամ­բողջ մը կը կազ­մեն, բայց հաս­տա­տու­թեան նկա­րագ­րի հա­մե­մա­տու­թեամբ եւ հաս­տա­տու­թեան յատ­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն մաս­նա­կի տար­բե­րու­թիւն­ներ կը յայտ­նուին։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է մայ­րա­քա­ղա­քի 2015 թուա­կա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին քար­տէ­սը:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Յու­նա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Խո­րէն Ա­բե­ղայ Ա­ռա­քե­լեան, ըն­կեր­կա­ցու­թեամբ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Մե­րու­ժան Հար­թե­նեա­նի եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Յու­նաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Ա­բա­սեա­նի, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ.Տ. Հե­րո­նի­մոս Բ.-ի հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Թուր­քիա մօ­տէն կը հե­տե­ւի Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց շրջագ­ծով իր սահ­մա­նին վրայ կ՚ապ­րուին կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­ներ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի եր­կայն­քով այս շրջա­նին կը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ սահ­մա­նի միւս կող­մը հա­կակ­շի­ռը ձեռք կ՚ան­ցը­նեն նոր ու­ժեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ան­կախ Քիւր­տիս­տա­նի մը հռչակ­ման ժամ­կէտ­նե­րուն շուրջ։ Քրդա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պար­զա­նի յայտ­նած է, որ նոյն պաշ­տօ­նին վե­րընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին, յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Քիւր­տիս­տա­նը պի­տի հռչա­կէ ան­կախ պե­տու­թիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար նշա­նա­կեց Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նը։ Ծա­նօթ է, որ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը թա­փուր մնա­ցած էր՝ Մով­սէս Յա­կո­բեա­նի Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ նշա­նա­կու­մով։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն Ե­ղիա Ճէ­րէ­ճեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Թուր­քիա­յէն գրող Քա­տիր Ա­քը­նը։ Այս վերջ­նոյն այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Հնչա­կեան քսան կա­խա­ղան­նե­րու տա­րե­լի­ցին։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Անգ­լիոյ Լոր­տե­րու պա­լա­տը նա­խըն­թաց օր քննար­կեց հայ­կա­կան հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս»  գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պա­րո­նու­հի Քե­րը­լայն Քոքս այս առ­թիւ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ 1915 թուա­կա­նին հա­յոց, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու հար­ցը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեանի մօտ խորհրդակցութիւն:
Համահայկական ամառնային խաղերուն ընդառաջ ամէն ինչ գրեթէ կատարեալ:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Յուլիսի 12-ին Երեւանի մէջ սկսելիք փառատօնին ընդառաջ ստեղծուած է մեծ ոգեւորութիւն:
Կազմակերպիչներն ու հովանաւորները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հիւրերու ակնկալութիւնները գոհացնելու նպատակով:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ին­նե­րորդ նա­խա­գահ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէ­լի մա­հը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել երկ­րի օ­րա­կար­գը։ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէ­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, պե­տա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով նա­խա­տե­սուած պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման նպա­տա­կով Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, քա­ղա­քա­գէտ Է­դիկ Յով­սէ­փեան «tert.am» կայ­քէ­ջին ը­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը ո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը հա­մախմ­բեց Գալ­ֆաեան ըն­տա­նի­քին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, այս տա­րուան ըն­թա­ցա­ւարտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը։

Էջեր