Արխիւ
Հայաստանի մէջ արդէն ցանցի մը վերածուած են ԹՈՒՄՕ կեդրոնները, որոնք ստեղծարար փորձագիտութիւններու տարածման իմաստով էական դերակատարութիւն կ՚ունենան։ Վերջերս երկրի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ հաստատուած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն մը։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) դարձաւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան (PES) անդամ։ Կը հաղորդուի, որ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած PES-ի 10-րդ համագումարին ընթացքին հաստատուած է ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը՝ դիտորդի կարգավիճակով։
Հայկական զինեալ ուժերու բարձր հրամանատարական կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ իր պաշտօնէն ազատուեցաւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ զօրավար Լեովա Մնացականեան։
Թիֆլիզի մէջ պատահած ջրհեղեղին արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ աղէտի հետեւանքները կը հասնին անհաւատալի համեմատութիւններու, երէկ հասաւ եւս երկու հայերու մահուան գոյժը։
Ճէյմս Ուորլիք խօսեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքերուն շուրջ:
Կարէն Միրզոյեան. «Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի մշտական սպառնալիքներու առկայ մթնոլորտին մէջ անհնար է խօսիլ զիջումներու մասին»:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրի այս տարուան առաջին փուլին բացումը երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչման ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն յառաջ կը տարուի նախարարութեան կողմէ։
Անթիլիասի կողմէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին շուրջ:
Ըստ իրաւաբաններու պարզաբանումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ որպէս իրաւատէր կը ձգտի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձին եւ ո՛չ թէ անոր փոխարէն հատուցման:
Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան քսան կախաղանները երէկ ոգեկոչուեցան Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ։ Փարամազի անձին մէջ խորհրդանշուած այս քսան յեղափոխականներուն ոգեկոչման արարողութիւնը կազմակերպուած էր «Նոր զարթօնք»ի կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հակառակ տարածքին փոքրութեան, Հայաստան տակաւին ունի բազում գեղեցկութիւններ, որոնք դեռ չեն բացայայտուած, սակայն չեն զիջիր յայտնի վայրերու հրապոյրին:
Սոճուտ, Լոռեբերդ, Հնեվանք եւ այլ նման վայրեր հետզհետէ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ իրենց առթած աննկարագրելի տպաւորութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դարձեալ եւ մի՛շտ անկեղծութիւն։ Քանի որ մարդկային յարաբերութիւններու լաւ մշակման համար անհրաժեշտ պայման է, էական տարր մըն է անկեղծութիւնը։ Բարոյագէտներ, ընկերաբաններ, եւ նաեւ հոգեբաններ կ՚աշխատին կանոնաւորել մարդկային յարաբերութիւնները եւ երջանիկ կեանք մը ապահովել մարդկութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ պատահեցաւ Իտլիպի մէջ, անսպասելի չէր: «Ալ Նըսրա» ճակատի զինեալներ մուտք գործած են տիւրզիներով բնակեցուած «Քալպ Ալ Լաուզ» աւանը, ուր սպաննած են քսան տիւրզիներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի, թէ Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց «չար»ը, կամ ինչո՞ւ արտօնեց չարութեան։ Ուրիշ առիթներով ալ անդրադարձած էինք, թէ Աստուած չէ՛ ստեղծած «չար»ը, քանի որ «չ»արարած է, այսինքն ստեծուած չէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը բեղուն եւ եռանդուն տարեշրջան մը բոլորեց։ Իսկ աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին վերջընթեր օրուան, երբ պիտի ներկայացնէին խրախճանք մը, որ յատկացուած էր մայրենիին:
Տարեվերջեան ոգեւոր հանդիսութիւն մը կայացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ։ Նոր դպրոցի կառուցման հետեւանքով հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղ մարզակումբի սրահին մէջ։
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Դպրոցի համալիրէն ներս զանազան սերունդներէ ընթացաւարտներ մէկտեղուեցան բարձր տրամադրութիւնով։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տարեվերջի հանդէսը եզրափակիչ հանգրուան մը հանդիսացաւ այս տարուան ուսումնակրթական գործունէութեան։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ տնօրէն Շահին Չընարի բացման խօսքով, որ յորդորներ տուաւ տղոց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։
Տարեվերջեան խանդավառութիւնը տիրեց նաեւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, առաջին դասարանի փոքրիկները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեցին Ընթերցման տօնը։
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան հաւաքատեղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը շաբաթավերջին արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գուրթուլուշի մէջ շէնքի մը մուտքին հաստատուած է միութեան նոր հաւաքատեղին, որու պաշտօնական բացման ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ մեծ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնը:
Տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան Արման Քէօսէի գլխաւորութեամբ գործադրուած յայտագրով, նաեւ նուէրներ ստացան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն կողմէ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները:
Արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Մարգար Էսաեան:
