Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը այսօր իսկ պատրաստ է ապահովել բեռնատարներու տարանցումը Թուրքիայէն դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ Մարգարա-Եղէգնաձոր-Սիսիան-Գորիս երթուղիով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

Պալըքէսիրի Սընտըրկը գաւառակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 6.1 սաստկութեամբ։ Ժամը 22.48-ին պատահեցաւ երկրաշարժը, որ զգալի դարձաւ Մարմարայի եւ Եգէականի շրջանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէպի Թոքիօ այցելութեան շրջանակներէն ներս ընդունուեցաւ Ճաբոնի Նարուհիթօ կայսեր կողմէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ պաշտպանական համագործակցութեան խորացման հեռանկարներ:
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ երէկ կարեւոր համաձայնութիւն մը ստորագրուեցաւ Eurofighter ռազմաօդանաւերու շուրջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հռոմի մէջ խօսեցաւ էքիւմենիք շարժմամբ բացուած հորիզոններուն մասին:
Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան ֆորումի ծիրէն ներս «Համարձակիլ խաղաղութեան» խորագրեալ միջազգային հաւաք մը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած նորաօծ վեց քահանաները՝ ուղեկցութեամբ Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպսկ. Յակոբեանի, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհը կ՚ապրի ժամանակաշրջան մը, ուր արուեստը այլեւս միայն գեղագիտական հմայքի դաշտ չէ․ զայն վերածուած է իշխանութեան, դրամի, խարդախութեան եւ շահախնդրութեան գործիքի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր գաղտնիք չէ, որ գիրք եւ թերթ հրատարակելը դարձած են ահագին դժուար իրողութիւններ: Առաւել եւս դժուարացած է օրաթերթ հրատարակելը՝ այն ալ տպագիր: 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ՝ հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։ ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ
«Ephemeroptera»ն՝ որ ժողովրդական ասումով «Մայիսի ճանճ» կ՚անուանուի, միջատ մըն է, որ կենդանի էակներու՝ ապրողներու մէջ միակն է՝ որ կեանքը միայն մէկ օր է. ան կ՚ապրի միա՛յն մէկ օր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ կար երիտասարդ մը՝ որուն ամբողջ մանկութիւնը անցած էր ծննդավայր գիւղը։ Յետոյ հեռացաւ իր ծննդավայրէն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար։ Յաջողութեամբ աւարտեց իր ուսումը եւ համբաւաւոր, ճարտար բժիշկ մը հանդիսացաւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր երբ կը խօսուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կուսակրօն ըլլալ-չըլլալու հարցը, կը յիշեմ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Պայքար»ի մէջ հրատարակուած այն պատմութիւնը՝ որ այլ թերթեր, ինչպէս օրինակ՝ «Արեւ», «Ազդակ», «Հ. Կոչնակ» եւ այլ թերթեր արտատպած են. գրութեան հեղինակը Պ. Ա. Նազարն է. ըստ պատմութեան՝ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Կարապետ Եպիսկոպոս իր աւարտական աշակերտները կը համոզէ, որպէսզի նուիրուին կուսակրօնութեան եւ ձեռնադրութենէն օրեր առաջ զանոնք կը տանի վեհարան՝ կաթողիկոսին օրհնութիւնը ստանալու համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Հին ժամանակներուն, առասպել մը բերանացի փոխանցող իւրաքանչիւր պատմող անպայման բան մը կ՚աւելցնէր անոր վրայ եւ այդ պատճառով ալ չափազանցուած կ՚ըլլան բոլոր առասպելները», Հայոց պատմութեան դասը սորված պահուն բարձրաձայն կարդաց տղաս։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու հոգեբանական զարգացումը արմատներ ունի մանկութեան տարիներուն մէջ։ Մանկութիւնը այն շրջանն է, ուր անհատը կը ձեւաւորուի իբրեւ զգացական, մտաւոր եւ ընկերային էակ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու փորձառու, համակրելի ու նուիրեալ անդամներէն մին վախճանած է. հանգիստ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի։ Տասնամեակներ շարունակ ան պաշտօնավարած էր՝ որպէս Արժանթինի թեմի առաջնորդ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Երէկ, Գիւտ Խաչի տօնին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որուն կ՚ընկերանային խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը, Գարէն Թէրզեանը, Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Քորայ Աշճըն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Հայաստանէ ներս իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ՝ գայթակղութեան համազօր նոր իրադարձութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յովհաննավանքի մէջ մասնակցեցաւ՝ կարգալոյծ քահանայի մը կողմէ մատուցուած ապօրինի Ս. Պատարագի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէ՞ս կարելի է, որ պատմութեան եւ արուեստի սրբարանը դառնայ ժամանակակից բարբարոսութեան բեմը։ Այս հարցումը հոկտեմբերի 19-էն ի վեր չ՚իջներ ֆրանսական եւ առհասարակ միջազգային մամուլի էջերէն։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին վեցերորդն էր:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հռոմ։ Ան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Իտալիա՝ որպէս գաւազանակիր ընկերակից ունենալով Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը:

Էջեր