Արխիւ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ իրական փոփոխութիւններ կը տեսնեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ։
Երէկ, դէպի Վարշաւիա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լեհաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Վշտակիր, սակայն յոյսով լեցուն սրտով կը յայտնենք Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց միաբանութեան նուիրեալ անդամ, Ս. Յակոբեանց մայր տաճարի հաւատարիմ պահապան եւ աղօթքի մշտարթուն մշակ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետ Գալէմտէրեանի վախճանումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտաւորականներ լաւապէս կը զգային եւ կը գուշակէին, որ գիտութիւնը ինչքա՛ն զարգանայ, մարդուն մօտ հաւատքը այնքան պիտի նուազի։ 1920-ական թուականներուն հաւատքը մարդու կեանքին մէջ մեծ տեղ ունէր, սակայն, շատեր կը հասկնային, որ գիտութեան եւ կրօնին միջեւ երբե՛ք զինադադար պիտի չըլլայ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է տքթ. Մարի Պենլի, որ մեր համայնքի արժէքաւոր ու բարեհամբաւ մասնագէտներէն մին էր։ Մարի Պենլիի պարագային մահը վրայ հասած է՝ բաւական անժամանակ, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
Պերլինի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները հետամուտ են ամրապնդելու իրենց ռազմավարական հաղորդակցութիւնը եւ բարձրացնելու փոխադարձ վստահութիւնը՝ խթանելու համար ռազմավարական գորընկերութեան զարգացումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -1
Վեհափառ Հայրապետի թիրախաւորման ուղղեալ քայլերու պարագային տրամագծօրէն փոխուած է Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքի կեցուածքը:
Հայ Երուսաղէմը կը սգայ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան նուիրեալ անդամներէն Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեանի վախճանը։ 72 տարեկան հասակին երկրաւոր կեանքէ հեռացած է հայր սուրբը, որ 46 տարիէի ի վեր անընդհատ Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի աւագ լուսարարն էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան այսպէս կոչուած զարգացած աշխարհը մարդուն առջեւ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ու ընտրութիւններ ընձեռած է եւ մարդ, յաճախ, կը տարուբերի այս հնարաւորութիւններուն եւ ընտրութիւններուն մէջ: Անդին, ոմանք «յոգնելով» միապաղաղ կեանքէն, միշտ կը փորձեն նորութիւններ, նոր բաներ:
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այցելեց Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ Սուրբ Ծննդեան քարայրէն ներս ձեռնարկուած վերանորոգման աշխատանքներուն։
Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը վերջերս կազմակերպեց իր հերթական համագումարը։ Վեցերորդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացառիկ ցուցահանդէս մը կը գործէ․ «Հիւսուող յիշողութիւններ․ ընտանեկան ժառանգութիւն» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը իրադարձութիւն դարձած է երեւանեան մշակութային կեանքին մէջ, միաժամանակ՝ խորհրդածութեան հրաւէր՝ դէպի անցեալի հետ մեր կապերը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայց. Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին օրեր առաջ մուտք գործեց Մեծ պահքի շրջան, որ կը կոչուի նաեւ Քառասնորդաց պահեցողութիւն: Այս շրջանը Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս ամենէն խորհրդաւոր շրջանն է, որ իր մէջ արտաքին երեւոյթներու կողքին կը պարունակէ նաեւ ներքին, հոգեւոր խոր արժէքներ:
Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ «Մարմարա խմբակ» հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Taş Yapı»ի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքա՜ն մայրածիններ եկեր անցեր են մեր սա ապրած երկրի վրայէն։ Աշխարհ շատ է տեսեր այս կեանքին առեղծուածը լուծելու աշխատող փիլիսոփաներու կեանքէն՝ անիրական երջանկութիւնը լիապէս վայելելու բուռն փափաքէն մղուած եւ քշուած յուսախաբներ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի Դ. տարելիցին՝ Կամաւորներու համախոհութեան առցանց գագաթաժողով:
Եւրոպա միշտ կ՚ընդգծէ իր աներկբայ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Քիեւի ղեկավարութեան. խաղաղութեան համար թերահաւատութիւն:
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելեց Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Սուրէն Պապիկեան օրուան տեւողութեան բանակցութիւններ վարեց Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէի հետ։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տիկին Զէյնապը երբ պարոն Ալիին կռնակը եւ անոր քունքին ու վիզին փորագրուած վէրքը տեսաւ՝ զգաց, թէ պէտք է անոր ետեւէն վազէ, իր մատներով հպի անոր ուսին, որպէսզի երբ դառնայ դէպի իրեն՝ անոր դէմքին թքէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը միայն սիրոյ իմաստին թափանցողներ, սէրը ապրողներ, սիրողներ եւ սիրուողներ, սէրը ո՛չ միայն բառ մը, ո՛չ միայն պարզ զգացում մը համարողներ, այլ սէրը կեանք՝ յաւիտենական կեանք, անմահութիւն ընդունողներ եւ յաւիտենականութեան ճաշակը ճաշակողներ եւ սիրոյ գիտակցութիւնը ունեցողներ կրնան հասկնալ եւ սրտաբուխ արտայայտել «սէր»ը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն կանխատեսում, անշուշտ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Հին մտաւորականները մեծ յոյսեր ունէին, որ գիտութիւնը զարգանալով աշխարհի երեսէն պիտի վերացնէ վարակիչ հիւանդութիւնները եւ լուծումներ գտնէ ճարակներուն.
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։