Արխիւ
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նորընտիր րաբունապետը:
Խախամապետարանի մէջ կայացած սիրալիր զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան փոքրամասնութիւններու օրակարգին շուրջ հարցեր:
ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Լեզուական փոքրամասնութիւններու մշտնջենական գոյութիւնը մեծամասնութիւն կազմող տեղական ընկերութիւններու մէջ, որ օրէ օր աւելի կը շեշտուի համաշխարհային զանգուածային տեղափոխութիւններու եւ համաշխարհայնացումի տնտեսական եւ մշակութային լայնածաւալ տարածումով, զուգահեռ կ՚ընթանայ այդ փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած լեզուական եւ գաղափարախօսական մարտահրաւէրներուն հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային բնոյթը դարեր շարունակ քննարկուած է փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան եւ կրօնի շրջանակներուն մէջ։ Արդեօք մարդը ի ծնէ բարի՞ է, թէ ունի չարութեան սերմեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը ծաղկին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մահկանացուներու մտածումները անստոյգ են, իսկ գիտելիքները՝ անհաստատ». (ԻՄԱՍՏ. Թ 14)։
Մարդիկ, ընդհանրապէս հպարտ են՝ կը պարծենան իրենց մտածումներով եւ գիտութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Քաղաքականութեան մէջ մարդը միշտ շահի համար է եւ ո՛չ բարոյականութեան», յայտնի փիլիսոփայ Նիցչէ այսպէս կը սահմանէ քաղաքականութիւնը. սեփական շահեր ապահովելու արուեստ մը. վերացականի մէջ է, որ քաղաքականութիւնը կը ծառայէ իտէալներու՝ արդարութեան եւ հանրային կեանքի բարօրութեան. մեր օրերուն ի գործ դրուած քաղաքականութիւնը եւս կը ծառայէ դիրքեր եւ որոշ ազդեցութիւններ պահպանելու:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանը, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընարն ու միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէն։
Իսթանպուլի համայնապատկերի հիմնական ու առանցքային շինութիւններէն Սիրքեճիի պատմական կայարանը կ՚ենթարկուի վերանորոգութեան։ Թէ՛ որպէս ենթակառուցուածք եւ թէ որպէս մշակութային միջավայր՝ այս մէկը իսկական կոթող մը կը համարուի։
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ բազմառանցք համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ՝ ներառեալ պաշտպանութեան բնագաւառը։
Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքը հետզհետէ կը դառնայ աւելի եռուն։
Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր կը մասնակցին Տաճիկիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավարութեան նախագահ Նեչիրւան Պարզանին։ Անգարայի մէջ շօշափուեցան Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւնները, Քրտական ինքնավարութեան հետ համագործակցութիւնն ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը պատրաստ է կամրջել Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան։
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ «Համաշխարհային դարպաս» (Global Gateway) համաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջանքերով Կազզէի պատերազմի վերջ գտնելուն ուղղեալ նախաձեռնութեան շօշափելի հարթութեան տեղափոխումը այս օրերուն կը բնորոշէ միջազգային հանրութեան օրակարգը։
Վերջին օրերուն Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցան կրթադաստիարակչական հարցերու խորհրդատուներ՝ Մերի Տեւեճեան եւ Սելին Էօզքան
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յաւելեալ նշանակութիւն ունին այն տօներն ու պահերը, որոնք միայն չնչին առօրեայ ծէս չեն, այլ կը ծառայեն ազգի հոգեւոր եւ մտաւոր կենսագրութեան ամրացման։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն մարդ, իր ճամբայէն պիտի քալէ,
Ամէն մարդ, իր հողը պիտի հերկէ,
Սեփական ափով իր ջուրը պիտի խմէ,
Ամէն մարդ պիտի խօսի իր բառերով,
Ամէն մարդ պիտի ապրի իր նկարագրով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 հոկտեմբեր 2025 թուականը Հայաստանի իրաւական համակարգի ամենէն տժգոյն, մռայլ եւ ամօթալի թուականը դարձաւ, երբ իրաւական համակարգը յանձինս անդէմ եւ անսկզբունք դատաւորուհիի մը՝ որ իր տէրերուն պատուէրն ու հրամանը կը կատարէր՝ հեռու արդարութեան սպասաւոր ըլլալէ, երկու տարի ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ անձ մը կայ, որ չի գիտեր, թէ վերը երկինքի մէջ Ամենագէտն եւ Ամենակարողն Աստուած կայ՝ որ ամէն բան ստեղծեց եւ կը ղեկավարէ, կը խնամէ եւ ծանօթ չէ, տեղեակ չէ անոր մասին, Եսայի մարգարէն ասպարէզ կը կարդայ եւ կ՚ըսէ. «Երկինքը ստեղծող եւ զանիկա կազմող, երկիրը եւ անոր մէջ բուսածը տարածող, անոր վրայ եղող ժողովուրդին շունչ՝ եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող…». (ԵՍ. ԽԲ 5)։
