Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։
Մտահոգուիլը մարդուն բնական մէկ զգացումն է։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կայ այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ «եան» ունեցող բոլոր ազգանունները հայկական են եւ արդար ըլլալու համար ըսենք, որ կար ժամանակ, երբ պետութիւններ հայերը հետապնդէին, ուշադրութիւն կը դարձնէին անոնց մականուններուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

Եւրոպայի եւ ՆԱԹՕ-ի վերաբերեալ հարցերը պիտի լուծուին՝ շահագրգիռ կողմերու լիակատար ներգրաւմամբ:
ԱՄՆ-ի եւ «Կամեցողներու համախոհութեան» միջեւ փոխըմբռնում՝ Ուքրայնայի անվտանգութեան կապակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կեանքի կոչեց՝ Ուսուցչաց օրը նշելու հետամուտ ծրագիր մը։ Քառօրեայ այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս նախատեսուած էր նաեւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի մասնակցութեամբ նախաճաշ մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այսօր քառօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի համատեղ հրաուէրով տեղի կ՚ունենայ այս ուղեւորութիւնը, որու շարժառիթն է Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեայ յոբելեանը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս միջազգային կարեւոր ու եզակի նախաձեռնութիւն:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի զանազանութեան պահպանման ու զարգացման ուղղեալ պայմանագրի ընդունման 20-ամեայ յոբելեանը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

Տքթ. Անուշ Նագգաշեան բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացուց «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի գերազանց ելոյթով եւ ասմունքով:
Հայ Երուսաղէմէն ներս կազմակերպուած եզակի ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ անմոռանալի Ռուբէն Սեւակը՝ անգին ժառանգի վերյիշումով:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը այս շրջանին հանդէս կու գայ նոր նախաձեռնութիւնով մը, որով սկիզբ կ՚առնէ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» վերլուծական հարթակը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

Հայաստանէ ներս յառաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղղակիօրէն կը թիրախաւորէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըն, որ Գումգաբու փութացած էր ցաւակցութիւն յայտնելու համար նորոգ հանգուցեալ տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի մահուան առթիւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու անդամուհիներէն Նուարդ Պարընն ու Նատին Թաշը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը (PSYK) հետեւողական գործունէութիւն կը ծաւալէ:
800 ընտանիք ստացաւ սննդամթերք՝ մինչ համայնքէն ներս հրատապ օրակարգ կը դառնայ տարրական կարիքներու դիմագրաւման դժուարութիւնը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսրայէլական՝ արաբ անզէն արեան ծարաւը յագեցնող կոտորածէն տասը տարի ետք, կոտորածէն հրաշքով ազատած՝ Սալէհ Խալիլ Իյսան պատմած է բանաստեղծ Թաուֆիք Զիատին իր վկայութիւնը ցեղասպանութեան մասին.

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Փրկութիւն» բառը երբեմն կը նշանակէ արտաքին չարիքէ ազատութիւն, ինչպէս (ԵԼՔ. ԺԴ 13)։ Նաեւ կը նշանակէ բժշկութիւն, ինչպէս (ՅԱԿ. Ե 15), ուր քրիստոնեայի հիւանդութեան վրայ խօսելով առաքեալը կ՚ըսէ. թէ՝ «Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ», այսինքն՝ պիտի բժշկէ «հիւանդը»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մօտաւորապէս 1800-ական թուականներու կէսերուն հայ մտաւորականութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի. կար խումբ մը, որ կ՚ուզէր աշխարհաբար հայերէնը հեռու պահել մամուլէն ու գրականութենէն եւ այդ մէկը վերապահել լոկ ժողովուրդի գործածութեան՝ առաջնահերթ նկատելով հարազատ մայրենիով գրականութիւն ստեղծելը, սակայն, ի տարբերութիւն այս առաջին խումբին կային անձեր, որոնք լեզուի մաքրութենէն շատ աւելի առաջնահերթ կը նկատէին ժողովուրդին հասանելի ըլլալը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025

Համաշխարհային դրամատունը մասնաւոր զեկոյց մը պատրաստեց Հայաստանի տնտեսութեան մասին:
Երեւանի մէջ շնորհանդէս. «Աւելի արդար շուկաներ յանուն աճի» խորագրեալ զեկոյցին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի՝ մրցակցութեան սահմանափակումներու կարգաւորման, գիւղատնտեսական արտադրանքի բարձրացման եւ արտածման ու ներածման հաւասարակշռման անհրաժեշտութեան վրայ: Ծառայութիւններու ոլորտը առանցքային:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025

ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարբերութիւն կայ «դաս տուող» ծառայողին, այսինքն՝ ան, որ քարոզներ եւ դասախօսութիւններ կու տայ անոնց՝ որոնց կը սպասարկէ, առանց անոնց մէջ յառաջացնելու երկխօսելու, մասնակցելու, փնտռելու եւ մտածելու հոգին.

Էջեր