Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին։ Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատեր քննադատութեան ճշմարիտ իմաստը չհասկնալով՝ անիմաստ կը նկատեն քննադատութիւնը՝ այդ մէկը շփոթելով ատելութեան կամ հակակրանքի հետ։ Ըստ երեւոյթին, տակաւին դար մը կ՚ուզենք լաւապէս հասկնալու համար, թէ քննադատութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ համար կը քննադատեն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ամառնային ճամբարէն ներս երէկ արդէն կը տիրէր լռութիւն։ Մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները, որոնք այնտեղ հիւրընկալուեցան, արդէն վերադարձած են իրենց ընտանիքներուն մօտ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Գնալըի բարձունքին երէկ տեղի ունեցաւ 2025 թուականի ամրան եղանակի 3-5 տարեկան փոքրիկներու ուղղեալ վերջին հաւաքոյթը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի լուսանկարիչ Կարպիս Էօզաթայ։ Նախախնամութեան տնօրինութեամբ՝ անոր մահը զուգադիպեցաւ օգոստոսի 19-ին, որ կը նշուի՝ իբրեւ Համաշխարհային լուսանկարչութեան օր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Իսրայէլ կը շարունակէ ներխուժել Սուրիոյ տարածքը, ինչ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը կը համարուի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Փեքին-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի լուրջ աշխուժութիւն՝ միջազգային թատերաբեմի ուժերու վերադասաւորման պայմաններուն ներքեւ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին երէկ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ամրան ճամբարէն ներս արձակուրդի համար հիւրընկալւած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները երէկ հիւրընկալուեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Երէկ, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի մեռելոցին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ այլ դպիրներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութեան լոյսին տակ վարչապետը ըսաւ. «Օգոստոսի 8-էն յետոյ մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մը, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը շարունակուի Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Երկրի դատական իշխանութիւնները նախընթաց օր մերժած էին Նորին Սրբազնութեան կալանքը դադրեցնելու միջնորդութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Իրանի նախագահին Հայաստան այցը. պահպանել տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը:
Թեհրան Երեւանի նկատառման կը յանձնէ իր անհանգստութիւնը՝ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան շուրջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ժամանակի հոսքին մէջ միլիոնաւոր անուններ կը մոռցուին, շատերն ալ կը մնան միայն օրաթերթերու էջերուն մէջ, իսկ կան անուններ, որոնք կը փառաբանուին յաւերժօրէն։ Ասոնց կողքին կան նաեւ անուններ, որոնք կը յիշուին իբրեւ հասարակութեան ծաղրի ու նախատինքի առարկաներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակացին մէջ մի քանի տեղեր կը խօսուի զաւակներու դաստիարակութեան մասին: Օրինակ, 29-րդ գլուխին 17-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արթնութիւնը մարդուս համար մահ ու կենաց հարց մըն է. եթէ կ՚ուզենք ապրիլ եւ ապրեցնել՝ անհրաժե՛շտ է, որ ամէն գնով պատրաստուինք արթնութեան համար եւ արթո՛ւն մնալու։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քաղաքականութեան մասին գրել կամ խօսիլ չեմ սիրեր, սակայն, Հայաստանի ներքին վիճակը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի կամայ թէ ակամայ անդրադարձ ունենանք:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Շաբաթավերջին, Պուրկազ կղզիին մէջ ընթրիք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Մեներգիչ Արի Պարութօղլուի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին առթիւ պատարագեց եւ յաջորդած խաղողօրհնէքը կատարեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

Էջեր