Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

«Ուաշինկթընի համաձայնագիրը պարզ թուղթ մը չէ, կայ զայն կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւն»:
Ըստ Անի Բադալեանի՝ Հայաստան ուղղակի Ատրպէյճանի հետ կը քննարկէ գերիներու եւ պատանդներու հարցերը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

Ֆրանսայի մէջ ներքին քաղաքական տագնապ մը կը խորանայ։ Այսպէս, վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւ հրաժարեցաւ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ նշանակուելէ ընդամէնը երեք շաբաթ վերջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս շարունակուեցաւ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու՝ Պալեան բարեյիշատակ գերդաստանի անդամներու ոգեկոչման աւանդութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ եզակի հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքը տօնական տրամադրութեան մէջ համախմբեց զանազան սերունդներէ սաներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

Երէկ, Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որ համախմբեց մեր համայնքի զանազան սերունդներէ բազմահարիւր ներկայացուցիչները։ Միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը կոչուած էր «Միասնութեան փառատօն», որու պատուոյ հիւրը եղաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ռումելիհիսարի վրայ։ Այժմ թէեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած, սակայն, պատմական աւանդութիւններով հարուստ այս թաղը կարեւոր ձեռքբերում մը ունեցած է՝ ատենապետ Օշին Փոլատի գլխաւորած թաղային խորհուրդի ջանքերով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) տնօրէններու խորհուրդի անդամներն ու բարերարները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Heaven, I am in heaven»ն է այս շաբթուան մեր երգը։ 
Եթէ անցեալ շաբթուան «New York-New york»ը յարմար էր Թրամփի «այդ տղան» կոչած մեր ղեկավարին՝ Նիւ Եորքի թաղերուն մէջ ունեցած պտոյտներուն, ապա՝ «Heaven»ը միանգամայն ա՛յն կարգավիճակն է, որուն մէջ կը գտնուի, կ՚ուզէ կամ կը ձեւացնէ գտնուիլ մեր երկրին առաջնորդը։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երաժշտական աշխարհէ ներս նոր ոստումի մը սեմին է համակրելի երգիչ Այգուն Պուտաք, որ ողջունելի գործունէութիւն կը ծաւալէ։ «Իմ սրտին դաշոյն» խորագրեալ իր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի է առցանց բոլոր հարթակներու վրայ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Գերերջանիկ ըլլալու պատկերացումը անցեալի մաղէն կ՚անցի ու մեզի թոյլ կու տայ, որ ազատականութիւն մը կերտելու գերի ըլլանք, նաեւ մեզ կը դարձնէ կրկնուող ու ծինային՝ անցեալի մաքրագործումի մը խաբուսիկութիւնը ապրելով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրան եւ Իսրայէլ լարուածութեան նոր փուլ մը թեւակոխած են. Թել Աւիւի համար Թեհրան մնայուն թիրախ է։ Իրան-Իսրայէլ լարուածութեան մուտք գործած նոր փուլը ամբողջովին կը գերազանցէ՝ վերջին պատժամիջոցներու կամ միջազգային ճնշումներու շրջանակը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք այսօր ներկայացնել Գուրգէն Մխիթարեանի գրական վաստակէն նշխարներ:
Այսպէս, «Հայրենիք» ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթին մէջ յօդուած մը ունի՝ «Մեր բանաստեղծութեան յատկանիշները», ուր կը կարդանք.
* Ի՞նչ կը գրեն մեր բանաստեղծները եւ ի՞նչպէս կը գրեն: 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւրս, սիրելի՜ներ, ի՛նչ գործ որ ընենք, Աստուած մեր անձնական կեանքին կը նայի եւ մեզմէ կը պահանջէ, որ երկնաւոր Հօրը կամքը կատարենք եւ Անո՛ր առջեւ հաճելի կեանք մը ապրինք։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ սխալ կը նկատեմ Կոմիտաս Վարդապետը որպէս «հոգեկան հիւանդ» կամ «խելագար» անուանելը, նկատի ունենալով, որ ան մեր ազգի մեծագոյն պարծանքներէն մէկն է. կը փորձեմ ուսումնասիրել Կոմիտասի հիւանդութիւնը՝ հասկնալու համար, թէ ինչպիսի վիճակ մը ունէր վարդապետը.

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Երեւանի մէջ մշակութային կեանքը եռուն է այս շրջանին՝ մանաւանդ երաժշտական ձեռնարկներով։ Վերջին օրերու փառաշուք համերգներու շարքը համալրուեցաւ՝ Մարինեան թատրոնի սենֆոնիք նուագախումբի ելոյթով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Համաքրիստոնէական պատմութեան մէջ առաջին անգամ եկեղեցւոյ մը գլուխը եկաւ իգական սեռէ հոգեւորական մը։ Այսպէս, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս ընտրուեցաւ 63-ամեայ Սարա Մէօլի, որ նախկին բոյժ-քոյր մըն է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարները անդրադարձան Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ընթացքին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան բանտի ճաղերու ետին պիտի մնայ երկու տարի:
Հայաստանի դատական մարմինները հասարակութեան խիղճը կը վիրաւորեն եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութեան մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Այսօր, հոկտեմբերի 3-ին, դատարանը՝ շարունակելով ոտնահարել արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները, Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը դատապարտեց երկամեայ ազատազրկման։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն աշակերտներու խումբ մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ալ ներկայ էր հանդիպման։

Էջեր