Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պզտիկը, անաղարտը, ամենասուրբն ու ջերմը ի դէմանհունութեան-անծայրացման տեղատուութեան ու պահանջքին:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծնած է 7 յունուար 1825-ին, Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ:
1828-1830-ին ապրած է Ղալաթիոյ մէջ:
Այտընեան կրթութիւն ստացած է Վենետիկի մխիթարեաններու եւ ապա Ղալաթիոյ Վիեննայի մխիթարեաններու վարժարաններէն ներս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-ի զօրքերու հետզհետէ հեռացման զուգահեռ՝ Սուրիոյ մէջ ուժերու վերադասաւորման նոր փուլ մը: ԻՇԻՊ-ի վերակենդանացման հաւանականութիւնը կը ձեւէ երկրի քաղաքական եւ անվտանգային իրականութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի այս ճամբորդութիւնը հրաշալի առիթ մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, կտրուելով աշխարհէն եւ իր ականջները գոցելով աշխարհի աղմուկին դիմաց, բանալ զայն երկնայինին դիմաց եւ լսել, թէ՝ «Ես եմ իրաւ [քաջ] հովիւը.
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու ամերիկահայ նոր սերունդէն իսկապէս արժէքաւոր եւ համակրելի ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, մեր հիւրն էր Շիքակոյի Northwestern համալսարանէն Սարին Մկրտիչեան, որ կ՚ուսանի քաղաքագիտութիւն եւ աւարտական թեզը պատրաստելու համար այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան որոշած են ամուսնալուծուիլ։ Այս մասին երկուքն ալ տեղեկացուցած են ընկերային ցանցերու միջոցաւ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս աշխարհի գիտութեան համար տարուած աշխատութիւնները եւ յոգնութիւնները մէկ կողմէն, եւ հոգեւոր կեանքի պէտքերուն համար սկիզբէն ի վեր եղած բազմադիմի յայտնութիւններ միւս կողմէն՝ կը սահմանափակեն մարդուն կեանքի նպատակը. կը նեղցնեն անոր հորիզոնը եւ արգելք կ՚ըլլան Քրիստոսի ձայնին, որ կ՚ըսէ. «Ինծի եկէք. ինծի եկէք՝ ո՛վ բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ կու տամ ձեզ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի տարիներ առաջ ամբողջ մարդկութիւնը վարակած ու բազմաթի՜ւ կեանքեր խլած համաճարակը բնակա՞ն էր թէ ստեղծուած էր մարդու կողմէ՝ յստակ պատասխան մը չունի, սակայն 1920 թուականին մտածող Հալտէյն ապագայի մասին իր պատկերացումները գրած ժամանակ յատուկ բաժին մը կու տայ ապագայ կենսաբաններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու «Արաս» հրատարակչատան առընթեր «Եսայեան» միութենէն երկու երիտասարդ ներկայացուցիչներ՝ Դալար Միտոյեանն ու Վարդան Էսդուգեանը, որոնք մեզի փոխանցեցին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։
Երէկ, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բանակցութիւններուն երրորդ փուլը։ Թեհրանի թէ՛ հիւլէական ծրագրին եւ թէ օրակարգի այլ հրատապ նիւթերուն վերաբերեալ ծաւալուեցաւ միջնորդաւորուած երկար քննարկում մը։
Հանրապետութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Իկոր Խովայեւի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ իրական փոփոխութիւններ կը տեսնեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ։
Երէկ, դէպի Վարշաւիա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լեհաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Վշտակիր, սակայն յոյսով լեցուն սրտով կը յայտնենք Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց միաբանութեան նուիրեալ անդամ, Ս. Յակոբեանց մայր տաճարի հաւատարիմ պահապան եւ աղօթքի մշտարթուն մշակ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետ Գալէմտէրեանի վախճանումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -2
Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը փութով պէտք է անպայման կանխէ այն տպաւորութիւնը, թէ մտադիր է թողել իր աթոռն ու լքել հօտը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ երբ մեղանչէ, սխալի, սայթաքի ու ապա գիտակցի իր գործածներուն՝ կը զղջայ, կը խոստովանի եւ ներողութիւն կը խնդրէ: Երբեմն մարդիկ ծանր սխալներ ու մեղքեր կը գործեն, կը գիտակցին, բայց եւ այնպէս, կը վախնան զղջալէ ու ներողութիւն խնդրելէ, ներքին համոզում մը ունենալով, թէ Աստուած պիտի չներէ զիրենք:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդը առանձին գոյութիւն ունեցող էակ մը չէ․ ան մշտապէս կը ձեւաւորուի զինք շրջապատող միջավայրի ազդեցութեամբ։ Քաղաքային փողոցները, շէնքերու վիճակը, հասարակական վարքի չափանիշները եւ առօրեայ կարգապահութիւնները միասին կը ստեղծեն այն մթնոլորտը, որու մէջ անհատը կ՚ապրի ու որոշումներ կ՚առնէ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է տքթ. Մարի Պենլի, որ մեր համայնքի արժէքաւոր ու բարեհամբաւ մասնագէտներէն մին էր։ Մարի Պենլիի պարագային մահը վրայ հասած է՝ բաւական անժամանակ, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
Պերլինի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները հետամուտ են ամրապնդելու իրենց ռազմավարական հաղորդակցութիւնը եւ բարձրացնելու փոխադարձ վստահութիւնը՝ խթանելու համար ռազմավարական գորընկերութեան զարգացումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -1
Վեհափառ Հայրապետի թիրախաւորման ուղղեալ քայլերու պարագային տրամագծօրէն փոխուած է Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքի կեցուածքը: