Արխիւ
«Եկէ՛ք Տիրոջ լոյսովը քալենք» (Եսայի Բ. 1-22)։
Եսայի մարգարէին այս խօսքերը քաղուած են այն ընթերցումէն, որ հայերէնով կարդացինք Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայապետը մեր մէջ կը գտնուէր Իսթանպուլ՝ 29 նոյեմբեր 2025-ին։
TRIPP-ի պարագային կան բազմաթիւ նրբերանգներ, որոնք կ՚առընչուին Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն հետ:
Հայաստան եւ Ռուսաստան պատրաստութիւններու պէտք է ձեռնարկեն՝ ենթակառուցուածքներու գործնական ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները կ՚ընթանան բախտորոշ հունի մը մէջ. միշտ շփումներ բարձր մակարդակի վրայ:
Անգարա Դամասկոսի հետ անմիջական կապի մէջ՝ 10 Մարտի համաձայնութեան ժամկէտի լրանալուն ընդառաջ: Իսրայէլի ազդեցութիւնը խնդրայարոյց:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր ջերմօրէն կ՚ողջունէ թերթիս աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանցի ծննդեան յիսնամեակը: Այս յոբելեանը բացառիկ նշանակութիւն ունի, արդարեւ, Անուշ Թրուանց մեր այն աշխատակիցներէն է, որ բառին բուն իմաստով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներու սիրտը գրաւած է:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ԱՔ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Սերքան Փոլատ, իր տեղակալներէն Պիւլենտ Չեհրէ, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութենէն Չեթին Աքկիւլ։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Հայոց Մայր տաճարէն ներս վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցան՝ «Յղութիւն Սուրբ Աստուածածնի ի յԱննայէ» տօնակատարութիւնները։ Նախատօնակին հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմէն ներս, Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի ընդառաջ, երէկ, հոգեւոր մեծ ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, շուրջ տարի մը տեւած հիմնանորոգումէ վերջ, հանդիսաւոր կերպով օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ մշակութային յիշողութեան մէջ կան իրողութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն անցեալին արձանագրուած իրադարձութեամբ, այլ դարերու ընթացքին կը շարունակեն խօսիլ, կապեր հաստատել ժողովուրդներու միջեւ եւ նոր իմաստներ ստանալ ժամանակակից աշխարհին մէջ։
ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Լաւ պիտի ըլլայ, որ երիտասարդներուն ծառայութիւն ընողը չսահմանափակուի միայն ժխտական յատկութիւններէն ձերբազատուի…, այլ պէտք է գիտակցութեամբ շարժի ձեռքբերելու դրական յատկութիւնները, կեանքը սրբագործելով Աստուծոյ համար, եւ ուղղուիլ ծառայելու Աստուծոյ մարդուն՝ իր նմանին միջոցով…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առանց անձնուիրութեան, առանց զոհողութեան կարելի չէ՛ հասնիլ իսկական անկեղծ սիրոյ։ Քանի որ սէրը բառ մը, խօսք մը չէ՛ միայն, այլ՝ գո՛րծ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան 120 տարիներ առաջ՝ մօտաւորապէս 1905 թուականներուն, Եւրոպայէն յայտնի մտաւորական մը Պոլսոյ Օրմանեան Պատրիարքին կը յղէ հետեւեալ նամակը. «Աշխարհի բոլոր կրօնները սերտեցի, քրիստոնէութիւնը գտայ գերագոյնը. քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները քննեցի, Հայ Եկեղեցին գտայ գերազանցը»:
Երէկ, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Իրեն կ՚ընկերանար Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մօտաւորապէս տասներկու տարիներ առաջ՝ 2013-2014 թուականներուն, Լիբանանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետն էի. օր մը լաւ ձայն ունեցող կին մը հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Լիբանանի բոլոր դպրապետները կը զանգեն, որպէսզի իրենց մօտ երթամ երգեմ. դուն ինչո՞ւ չես կանչեր».
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի եզակի ձեռնարկ մը։ Միութեան «Թոքաթլըեան» խանի, Պէյօղլու, հաւաքատեղիի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ աշխատանոց մը՝ «Պեթոնէ Ամանորի ծառ» անուանումով։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ամանորի ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց մեր համայնքի գործարարներէն Ալէն Պաղը, որ որդին է համայնքի բարերարներէն Էֆրիմ Պաղի։
Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի մէջ սարքուեցաւ ամավերջի սեղան մը։ Բացի պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներէն, ներկայ էին նաեւ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպրաց դասերու ներկայացուցիչները։
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ, ուր Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ թաղի վարժարանի հանգանակութեան առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը անմոռանալի ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ։ Երէկ երեկոյեան, AKM-ի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկը, որով համոյթը պանծացուց հայկական ժողովրդական արուեստը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ է։ Երէկ, ան մասնակցեցաւ ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովին։