Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթըն-Թեհրան առանցքի լարուածութիւնը՝ միջազգային գետնի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
ԱՄՆ թէեւ կը սպառնայ Իրանին, սակայն, զօրքերու կուտակումները չեն հասած անցեալի յարձակումներու մակարդակին՝ մինչ համաշխարհային մթնոլորտն ալ նպաստաւոր չի համարուիր նոր պատերազմի մը համար: Տարածաշրջանի ազդեցիկ շարք մը երկիրներ պատրաստակամ աջակցելու՝ իրենց դիրքորոշումով:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայն հայութեան օրակարգին վրայ հրատապ խնդիր մը դարձած է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը: Սա իսկապէս ծանրածանր դրսեւորումներով տագնապ մըն է, որ խոր մտահոգութեան եւ անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ համահայկական հարթութեան վրայ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս որքան գոհ են իրենց անհատական առաւելութիւններէն եւ գործերէն, նո՛յնքան դժգոհ են հաւաքական կեանքի գործունէութենէն, եւ որքան թոյլատու եւ ներողամիտ են իրենց անձնական տկարութիւններու, թերութիւններու եւ անկատարութիւններու համար, նո՛յնքան աններող եւ բուռն քննադատներ կը դառնան պատասխանատու անձերու եւ պաշտօնական մարմիններու հանդէպ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ մտածողներ, կենսաբաններ ու փիլիսոփայական մտածողութիւն ունեցող անձեր կը փորձէին որոշ հետեւողութիւններ ընել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար 2000 թուականը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Hamnet» ժապաւէնը, որ ներշնչուած է Մեկի Օֆարելի հեղինակած նոյնանուն վէպէն եւ բեմադրուած է Քլոի Զաոյի կողմէ, միայն պատմական ողբերգութեան վերարտադրութիւն մը չէ։ Ան խորապէս փիլիսոփայական խորհրդածութիւն մըն է կեանքի անցողիկութեան, յիշողութեան խորհրդաւոր ուժին եւ արուեստի ծնունդին մասին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Ռամատան» է: 
Արաբական երկիրներուն մէջ այսպէս կը կոչուի ծոմապահութեան հոգեւոր այս ամիսը: Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ «Ռամազան» կը կոչուի, գիտե՛մ: «Ռամատան» թէ՛ «Ռամազան», միեւնոյնն է, զիրար հասկցած ըլլալու ենք:

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ճոխութիւն արտադրելն ու զայն մատուցել-ծառայեցնելը 21-րդ դարուն դարձաւ արուեստ, նաեւ տեղ մըն ալ ոճաբանութիւն եւ այդ մէկը մարդկային հոգեբանութիւնն ալ փոխեց: Պետութիւններ, հաւաքականութիւններ եւ անհատներ աւելի հակում ունենալ սկսան մատուցելու՝ մա՛նաւանդ ձեռք բերելու աւելի ճոխ կեանք մը եւ ունենալու աւելի ճոխական ոճ:

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի Երեւան այցը դուռ բացաւ կարեւոր դիտարկումներու, որոնց մէջ TRIPP ծրագիրը առաջնային կը համարուի։ Շատ տարբեր եւ տարողունակ կարծիքներ հնչեցին Վենսի Հայաստան տուած այցելութեան մասին:

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի Հարաւայի Կովկաս տուած այցելութեան՝ մանաւանդ Հայաստանի շփումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Գերմանիոյ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի փորձագէտներէն Ֆլորիան Պայընտէր, Մարլոն Հիւսման եւ Եագոբ Վոլենշթայն վերջերս վերլուծութիւն մը հրապարակեցին Վենսի տարածաշրջանային ուղեւորութեան շուրջ։

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սասուն-Պիթլիսի հայրենակցական միութեան վարչայինները։

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդուն կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով, սակայն, այդ դժուարութիւնները անլուծելի չեն եւ ո՛չ ալ տառապեցնող, եթէ մարդ կարենայ ճիշդ ճամբան գտնել եւ ճիշդ քայլեր որդեգրել, այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: 

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եկեղեցական եւ մշակութային գործիչ, գիտնական, հայագէտ եւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին ծնած է 1676 թուականի փետրուարի 7-ին, Սեբաստիոյ մէջ: 

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդու մը իսկական արժէքը գնահատելու միակ ստուգանիշը կամ, ըսենք, վաւերանիշը պէտք է իր սրտին մէջ փնտռել, քանի որ մարդ իր սրտին մէջ է, որ կ՚ապրի, եւ կ՚ապրի իր սրտին թելադրած զգացումներով՝ սէրերով եւ միտումներով, որոնք իր ամբողջ կեանքին ուղեցոյցը պիտի կազմեն։

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարօրինակ ձեւով մարդոց մօտ մտաւորական դառնալու, իսկ չկարենալու պարագային մտաւորական ձեւանալու մարմաջը կայ։ Անշուշտ կը հասկնանք, այդ ցանկութիւնը գուցէ աւելի «իմաստուն» երեւելու, հասարակութեան մէջ գոռոզանալու եւ մեծամիտ դառնալու միջոց մըն է, սակայն, մտաւորականութիւնը շա՛տ աւելին է քան այդ «համբաւ»ը:

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Severance» արդի ամերիկեան հեռուստաշար մըն է, որ ստեղծուած է Տեն Էրիքսընի եւ բեմադրուած՝ Պեն Սթիլըրի կողմէ։ Շարքը կը ցուցադրուի «Apple TV+» հարթակին վրայ եւ կեդրոնացած է մարդու ինքնութեան, յիշողութեան եւ աշխատանքային կեանքի օտարացման նիւթերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խոնարհութիւնը, արդարեւ, մարդը կ՚ազնուացնէ, առաքինութեան եւ այս միջոցով կատարելութեան կը հասցնէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դարեր շարունակ՝ մա՛նաւանդ վերջին մի քանի տասնամեակներուն, գրեթէ բոլորին՝ մա՛նաւանդ հայ ազգին համար ուսումնասիրութեան արժանի հարց մըն է, թէ «ո՞վ է մտաւորականը»։ Այս նիւթը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մինչեւ օրս «մտաւորական» ըլլալու համար յստակ չափանիշ մը չունինք՝ այնպէս, ինչպէս չունինք յստակ չափանինշեր շատ մը այլ երեւոյթներու եւ արժէքներու պարագային:

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026

Պատմաբան եւ քաղաքագէտ Արմէն Այվազեան, որ ծանօթ է իր ընդդիմադիր հայեացքներով, համոզուած է, թէ երբ Հայաստանի իշխանութիւնը պատերազմ յայտարարած է սեփական եկեղեցւոյ դէմ, ապա սա կը նշանակէ, որ փաստացի պատերազմ յայտարարած է նաեւ իր իսկ ժողովուրդին դէմ։

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընդառաջ այս ժողովին մասնակցեցաւ Փաշինեան։

Էջեր