Արխիւ
Պելժիոյ համայնքէն ներս վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ նոր սերունդին ուղղեալ կազմակերպուած ճամբարը։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ճամբարը, որ կազմակերպուած էր երկրի հայկական եկեղեցական համայնքին ջանքերով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վերընտրեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան՝ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տարուած յաղթանակին կապակցութեամբ։
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը կը մեկնաբանուի նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ապագային տեսակէտէ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս փուլին դրական պատգամներու փոխանակումը կը շարունակուի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները: Վարչութեան ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ իրերօգնութեան եւ համագործակցութեան հարթակի մը ձեւաչափով գործունէութեան ձեռնարկած այս միութեան վերջին շրջանի աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ ներկայացնելու առաջադրութեամբ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը: Հարկ է նշել, որ դպրոցը մանկապարտէզի երեք դասարան ունի:
Երէկ, շաբաթավերջին կազմակերպուած աւանդական բաժակի օրուան ի շարունակութիւն՝ Էսաեան վարժարանի այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտները դարձեալ համախմբուեցան պատմական կրթօճախի համալիրէն ներս:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանը, վարչայիններէն Նորեկ Տատըրօղլուն եւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանը։
Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Յակոբ Այնթապլեան, որ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի, Մխիթարեան վարժարանէն ներս հաճելի զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը. քննարկուեցան համայնքի օրակարգային հարցերը:
Նորին Ամենապատուութիւնը Էրտողանի նկատառման յանձնեց մանաւանդ՝ Իսքենտէրունի եւ Տիարպաքըրի եկեղեցիներու վերանորոգման առկայ խնդիրները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բոլոր պատերազմներուն մէջ, թերեւս, ամենէն անտանելի ու ամենէն դժուար ընդունելի կորուստը երեխաներու մահն է։ Զինուորը գիտէ, որ պատերազմի կ՚երթայ, մեծահասակը կրնայ հասկնալ վտանգին գոյութիւնը, բայց մանկութիւնը երբեք պէտք չէ դառնայ նշանառութեան թիրախ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Շուտով կ՚աւարտի ըսելով-ըսելով հասանք երկար, իսկապէս երկար ճանապարհի մը աւարտին. կայացան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ինչպէս խորագրեցին բոլոր լրատուամիջոցները՝ «Հայաստանն ընտրեց»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագիտութեան մեծ երախտաւոր, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի անունը լսելուն պէս՝ մեր միտքին մէջ անմիջապէս կը պատկերանան անոր բազմահատոր արմատական կամ ձեւաբանական բառարանները, լեզուաբանական անգերազանցելի ուսումնասիրութիւնները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այս արագընթաց աշխարհին մէջ մարդիկ յաճախ կորսնցուցած են անցեալին հետ իրենց կապը։ Ամէն օր նոր տեղեկութիւններ, նոր պատկերներ եւ նոր փորձառութիւններ կը լեցնեն մեր կեանքը, սակայն, մարդ միայն ներկան ապրելով չի կրնար ամբողջական ըլլալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած, բանական միեւնոյն հոգիով օժտուած բոլոր մարդիկ նոյն ծագումը եւ նոյն բնութիւնը ունին։ Եւ ուրեմն ամէնքն ալ հաւասար արժանապատուութիւնը ունին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ զգայնութիւնն ու յուզումը ե՞րբ ամօթ հռչակուեցաւ. մարդ արարածը ե՞րբ համոզուեցաւ, որ լռութեան մէջ տառապիլը շատ աւելի արժանապատիւ է՝ քան անկեղծ վշտանալն ու լալը. այդ մէկը ե՞րբ թուլութեան ու տկարութեան նշանակութիւն ստացաւ. մարդէն ե՞րբ պահանջուեցաւ քօղարկել ներքին զգացումները:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երկրաւոր կեանքէ հեռացած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԱՐ
ՄԵԼՔՈՆ ՅԱՐԶՈՒԱՐԹԵԱՆ
որ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր իր ընկերային շրջանակէն եւ մեր համայնքային կեանքէն ներս։
Շաբաթավերջին, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առանցքային իրադարձութիւն էր Էսաեան վարժարանի բաժակի օրը։ Շրջանաւարտից հաւաքը այս տարի եւս բարձր տրամադրութեան մէջ համախմբեց հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։
Երէկ, Գատըգիւղի ընտանիքը ապրեցաւ խանդավառ օր մը։ Այսպէս, թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը համախմբեց սերունդներու ներկայացուցիչներ։
Երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձի աւանդական տօնակատարութիւնները։ Այսպէս, դպրաց դասու հիմնադրութեան 323-րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 88-րդ տարեդարձները նշուեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։