Արխիւ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան վերջերս յայտնած էր, թէ եթէ Եկեղեցին կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա կրնայ ստեղծել կուսակցութիւն մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի մայիսի 18-ի միաձայն որոշմամբ՝ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն արձանագրուած է «Աշխարհի յիշողութիւն» համաշխարհային տոմարին մէջ՝ դառնալով Հայաստանէն այս ցանկին մէջ ներառուած չորրորդ գանձը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Յաճախ կը պատահի բոլորիս, երբ բան մը կը կորսնցնենք եւ շատ նեղուինք: Նեղութիւնն ու ափսոսանքը կրնան երկար տեւել կամ անհատուցելի ըլլալ, երբ չկարենանք վերագտնել մեր կորսնցուցածը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բարկամիտ եւ երկայնամիտ մարդոց մասին որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞ առակագիրը:
Պատասխան. 15-րդ գլուխին 18-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միշտ աղօթեցէ՛ք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ԹԵՍ. Ե 17)։ Մեր հոգեկան ծանրութեան եւ մեր ծուլութեան դէմ, աղօթքին պայքարը՝ վստահող եւ յարտեւող խոնարհ սիրոյ պայքա՛րն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր քաղաքական ամբողջ շաբաթը դարձեալ անցաւ հակասական լուրերով ու կարծիքներով, խաբէութեամբ ու կամայ-ակամայ դէպի անկում մի քանի քայլ աւելի մօտենալով. ժողովուրդը արդէն իսկ սկսաւ խորշիլ ու խրտչիլ այնքա՜ն սիրուած «խաղաղութիւն» բառէն, որովհետեւ մերօրեայ ղեկավարութիւնը այդ «խաղաղութեան» սիրոյն է, որ երկիրը անխաղաղ ու անապահով իրավիճակի կ՚առաջնորդէ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս պարգեւատրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ միշտ կը խրախուսէ համահայկական ժառանգութեան պահպանումը եւ համահայկական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը կը ձգտի խթանել։
Կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի մէջ այս շրջանին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի կենսական նշանակութեամբ դեղօրայքի մատակարարման։
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Շաբաթավերջի ընտրութեան եզրափակիչ փուլին՝ երկրորդ քուէարկութեան պիտի մրցին «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ու «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։
Նիւ Եորքի Թրքական տունը նախընթաց օր կէս գիշերին յարձակումի մը թիրախը դարձաւ։ Տեղական ժամով 03.14-ին անծանօթ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին եւ իր ձեռքի երկաթեայ ձողով կոտրեց ապակիները։
Միրզոյեան-Տոքերթի հանդիպում. Երեւանի եւ Լոնտոնի միջեւ կը սկսի ռազմավարական երկխօսութիւն:
Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանագրի նախագծին մէջ եւս երկու յօդուածի պարագային համաձայնութիւն գոյացած:
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Առաւօտուն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին քայլարշաւ մը կազմակերպուեցաւ համայնքային վարիչներուն համար։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբին համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մօտաւոր անցեալին դիմագրաւած ծանր վերիվայրումներէն վերջ, այս համերգը նոր էջ մը բնորոշեց ընդհանուր գործունէութեան տեսակէտէ։
Մեծն եօթնեակի Հիրոշիմայի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի:
Մոսկուա եւ Փեքին բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուին «G7»ի ղեկավարներուն կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն դէմ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած գաղթականաց վերադարձի հարցերուն շուրջ։
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման ցաւալի դրսեւորումները կը շարունակուին։ Դժբախտաբար, չի դադրիր հրապարակային բանավէճը, որով երկրի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ կ՚արտայայտուին։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ինծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ աւելին՝ երախտապարտ մնալ: Ուրիշ ոչինչ: Այդ օր, երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ, մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալէն եկած բոլոր մակարդակի սխալները կը շարունակեն հալածել մեզ։
Տակաւին մեզմէ շատ-շատերուն մտքերուն մէջ յստակ երկուութիւններ կան՝ տարբեր ժամանակներու մեծ սխալներուն, վրիպումներուն, անտեղի որոշումներուն վերաբերեալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, որպէս մարմնաւոր էակ, ֆիզիքական պահանջներ ունի, բայց անուրանալի է, որ ան ունի նաեւ հոգի՝ որ կը ներկայանայ զգացումներով։ Մարդուս գոյապահպանմանը եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է գոհացնել ֆիզիքական պահանջները։