Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ու տակաւին մտքիս մէջ թարմ է, թէ ինչպէս այդ օր, պարզ երեկոյ էր ու ես սենեակս, սեղանիս կողքին նստած, խոր ընթերցումով զբաղուած պահուս, յանկարծ նոյնիսկ մեր քովի դրացիներու ականջները խլացնելու աստիճան կնոջս պոռչտուքը լսեցի, որ կու գար խոհանոցէն:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մենք անօթիներն ենք՝ մեր պարտէզներուն դիմաց:
Մենք շփոթածներն ենք՝ մեր զաւակներուն դիմաց:
Մենք խոնարհածներն ենք՝ մեր մամուլին դիմաց:
Մենք արտագաղթողներն ենք՝ նոյնիսկ մեր դեսպանատուներէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պէտք է զգուշանալ մանաւանդ բանակրկիտ, այսինքն՝ խօսք պրպտող, խծբծող, քաշքշող եւ խօսքի մէջ միշտ բացասական իմաստ փնտռող նենգամիտ, չարարուեստ անձերու խառնակիչ ազդեցութենէն։ Սաստիկ զգուշանալ այդ վերջին դերը ուղղակի եւ կամ անուղղակի, կամայ թէ ակամայ մեր անձին վրայ փորձելէ։
Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու սանուց միութիւնները շաբաթավերջին վոլէյպոլի փառատօն մը կազմակերպեցին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Մրցումները տեղի ունեցան Սահակեան-Նունեան վարժարանի պարտէզին մէջ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Նաթալին Պոզ Եըլմազն ու Նատին Պէրպէրեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս երէկ տեղի ունեցան անձնակազմի կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ նշանակուեցաւ Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր սեղաններուն է բացառիկ գիրք մը՝ Կիլիկեան Հայաստանի նշանաւոր իշխան եւ պատմիչ Հեթում Կոռիկոսցիի «Ծաղիկ պատմութեանց Արեւելից աշխարհի» երկը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Առակացի հետեւեալ համարը. «Ան որ ուղիղները չար ճամբու կ՚առաջնորդէ, իր փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ. սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն» (Առ 28.10):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բանականութիւնը՝ բանաւորութիւնը եւ իմցականութիւնը մարդը նման կ՚ընէ Աստուծոյ։ Արդարեւ, Աստուած մարդը բանաւոր-իմացական արարած ստեղծեց՝ որ անոր անձի մը արժանապատուութիւնը կու տայ եւ թէ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն, արարքներուն տիրապետութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- Յոյսեր, երազանքներ ու հասարակաց ճակատագիր.- 181 ուղեւորները վստահաբար կը գտնուէին տարբեր ընկերային եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ. անոնցմէ մին հարուստ էր, ուրիշը աղքատ. մին առողջ էր, իսկ միւսը հիւանդ. մէկը մեծահասակ էր, իսկ միւսը պատանի եւ կամ երիտասարդ, սակայն, անոնց հասարակաց ճակատագիրը մէկն էր:
Գրաւոր ժառանգութեան վերականգնման ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը կը շարունակուի ընդլայնիլ։ Այսպէս, վերջերս հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի ARARAT քոնեաքի գործարանի եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մեծարանքի ձեռնարկ մը՝ ի պատիւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն, յայտնի յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանը կ՚ապրի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութեանց հետաքրքրական օրեր։ Մինչ հերթաբար տեղի ունեցան ու կ՚ունենան Լեռնալիբանանի, երկրի հիւսիսային հատուածներու, Պէյրութի, Պեքաայի դաշտի եւ Հարաւային Լիբանանի ընտրութիւնները։
Նախկին ներքին գործոց նախարարին ի պատիւ ընթրիքի սեղան՝ Եշիլգիւղի զբօսարաններէն մէկուն մէջ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յուշանուէր մը յանձնեց Սիւլէյման Սոյլուին՝ անհասկնալի չափանիշներով ճշդուած մասնակիցներու լսարանի մը առջեւ: Հիւանդանոցի առկախեալ ընտրութեան հարցին բերումով զանազան շրջանակներ քայլեր կ՚առնեն՝ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութենէ բաւական հեռու մօտեցումներով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Կարմիր կիրակիի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոպայի դատաւորներու միութեան (EAJ) տարեկան համաժողովի մասնակցիները։ EAJ-ի այս տարուան համաժողովը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ եւ մասնակիցները այս ծիրէն ներս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ նախաճաշ մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Մայրերու օրը նշուեցաւ՝ թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած անմիջական հաւաքոյթով մը։