Արխիւ
Լաւրով Պաքուի մէջ Պայրամովի հետ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի հարցին:
«Մոսկուա կ՚առաջնորդուի «մի՛ վնասեր» սկզբունքով, սակայն Հարաւային Կովկասի բոլոր խաղացողները չեն բաժներ այս մօտեցումը»:
Մարտի 12-ին նախատեսուած Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակներէն ներս ուշադրութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ այս մօտալուտ կարեւոր իրադարձութեան նկատմամբ։ Արդէն վեց խումբեր թեկնածութիւն առաջադրած են՝ յաւակնելով թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու յառաջիկայ հնգամեայ ժամանակաշրջանին։
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները հետամուտ՝ Եւրոպայէ ներս համատեղ աշխատանքը զարգացնելու:
Մշտական խորհրդաժողովը Վիեննայի մէջ անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի հետեւանքներուն:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհ. Հայրապետին նախագահութեամբ կը քննարկուի նաեւ Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս ստեղծուած կացութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 10-րդ օրն է:
…Պահքին նպատակը, ուրեմն, հոգիին կեանքը զօրացնելն է՝ զգացական հաճոյքներուն քաշող ուժը տկարացնելով:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Շուրջ 80 օրէ ի վեր Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը շրջափակումի մէջ կը պահէ Արցախը: Գոց է աշխարհի հետ կապող Արցախի միակ ճանապարհը: 120 հազար արցախցիներ այս օրերուն կ՚ապրին անորոշութեան ու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման պայմաններու մէջ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Homo homini lupus». «Մարդ մարդուն գայլ»։ Մարդ գա՛յլ է մարդու համար։ Հոբբսի կողմէ արտայայտուած այս խօսքը, նախապէս գործածած է հռոմէացի բանաստեղծ Պլավտ մօտաւորապէս 250-184 թուականներուն՝ Ն.Ք.։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ մոռնալու եւ յիշելու արտասովոր խաղ մըն է պարզապէս, որովհետեւ յիշատակները՝ որոնք մաս կը կազմեն մեր յիշածներուն եւ մոռցածներուն, մեր կեանքի ամբողջական պատկերն ու պատմութիւնը կը ներկայացնեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն, որ մարդ երբ ինքն իր ցաւը զգայ, այս կը նշանակէ որ ո՛ղջ է, իսկ երբ ուիշին ցաւը զգայ, այս ալ կը նշանակէ թէ՝ մա՛րդ է։ Ահաւասի՛կ, մարդուն առաջնակարգ կոչումը՝ «իրերօգնութի՛ւն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի պայմաններու մէջ յաճախ կը բողոքենք, թէ հայ ծնողներէն շատեր իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկեն. այս դժբախտ իրողութեան որպէս պատճառ կը մատնանշուի հայ դպորցներու ներկայ «դժբախտ» վիճակը:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ կը գտնուի, շաբաթավերջին այցելեց Պոսթոն՝ օրհնութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի։ Հայր սուրբը Պոսթոնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ, վերջին օրերուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի մշտական խորհրդաժողովի 3-րդ համագումարը։ Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցան ժողովները՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 9-րդ օրն է:
Երեմիայի մարգարէութեան 1-ին գլուխին 16-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Եւ պիտի յայտնեմ անոնց Իմ դատաստաններս՝ անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. վասն զի անոնք զիս թողուցին, ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին»:
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս օրերուն զօրակցութեան շարժում մը սկսած է՝ ի նպաստ երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հիւսքի աշխատանոց մը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան անդամուհի Թանիա Հանչէրօղլուի, որ, միեւնոյն ժամանակ, վաստակաւոր գծագրութեան ուսուցչուհի մըն է։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարը։
Երկրաշարժի աղէտէն ետք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Ճեմ Չափարէն վերահասու դարձաւ Վաքըֆլըգիւղի վիճակին շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Արէտ Աքփոլատի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած ժողովներուն։
Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։
«Իրան պիտի շարունակէ դէմ ըլլալ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան»:
Միրզոյեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Ապտուլլահիանի հետ՝ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի ժողովին: