Արխիւ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը վերջին օրերուն Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագրի մը արժանացաւ։
Յայտնի արուեստագիտուհի Պերճուհի Պէրպէրեան, որ թատերական աշխարհէ ներս ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան զուգահեռ՝ հրապարակագրական ոլորտին ալ բացուած է, վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Burgazada Sevgilim» անուն գիրքը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածնի տօնի արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառի համայնքներու տեսուչ եւ Հաթայի մեր եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մեր աշխատանքներուն մէջ փառքի հասնելու մարմաջ պիտի չունենանք, փառքի համար պիտի չգործենք», մեզի յայտնեց կիպրահայ համայնքի յայտնի գործիչներէն Սեպուհ Արմենակեան, որու մօտեցումներուն ամփոփումը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Անգարա միշտ հետամուտ՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերսկսման:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Քիեւի երէկուան շփումներէն վերջ կ՚ուղեւորուի դէպի Մոսկուա:
Պետական նախարար. «Անորոշութեան եւ մթութեան մէջ պայքարը ուժասպառ պիտի ընէ Արցախի ժողովուրդը»:
Նախագահ Մաքրոն յայտնեց, թէ այժմ դիւանագիտութեան ժամանակը չէ ու վտանգուած են նաեւ Հայաստանի սահմանները:
Միւռոնօրհնութեան օրուան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ շաբաթ տեղի կ՚ունենան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովները:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արժէքներու փոփոխութեան այս ժամանակաշրջանին, երբ կը փորձուի առանց ինքնութիւնը, գլուխը կորսնցնելու քայլ պահել արդէն իսկ այնքա՜ն անհրաժեշտ արհեստագիտութեան հետ, նոյնպէս կը յառաջանայ անխուսափելի հարցում մը, որմէ անշուշտ պէտք չէ խրտչիլ. արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ մեր բարեկամը ըլլալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոլանտահայ գաղութի աշխոյժ դէմքերէն մին է Մատթէոս (Մաթօ) Հախվերտեան, որու գործունէութեան զանազան երեսակները կը վերաբերին նաեւ հայ իրականութեան հրատապ օրակարգին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 9.8-19:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ Նամակէն 1.1-11:
Մարկոսի Աւետարանէն 4.35-40:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւանդական խօսք մը կայ՝ մսակերներ կը տիրապետեն խոտակերներուն։ Պատմական եւ բնական փաստեր, ընդհանրապէս, կը հաստատեն այս խօսքին գործնականութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թրքախօսութիւնը լուրջ մտահոգութիւն էր բոլորի համար. պէտք էր անպայմանօրէն հայացնել այդ թրքախօս սերունդները, որովհետեւ լեզուի կողքին պիտի կորսնցնէին նաեւ ազգային զգացումը, աւանդութիւններն ու գրեթէ ամէն բան, որ աղերս ունէր հայկականութեան հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դրուի բարիներուն եւ բարի ձեւացողներուն, կարեկցողներուն եւ իրապէս օգնութեան ձեռք մեկնողներուն, ինչպէս նաեւ գթացողներուն եւ ճշմարիտ ողորմածներուն միջեւ, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնք ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ մը, այնուամենայնիւ, պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Նիւ Տելհի։ Այսպէս, Արմէն Գրիգորեան պիտի ընդունուի Հնդկաստանի վարչապետ Ներենտրա Մոտիի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի կողմէ։
Մինչ Արցախի պաշարումը կը շարունակուի՝ Ֆրանսա կը պատրաստուի Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման համար բանաձեւ մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ «Լը Ֆիկարօ»ի համապատասխան հաղորդումները լայն արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին յայտարարեց, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման ի նպաստ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն այցելութիւններ տուաւ Պաղտատ եւ Էրպիլ:
Թուրքիա կը պահանջէ, որ ՓՔՔ-ն Իրաքի կառավարութեան կողմէ ճանչցուի՝ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Իշխանաց կղզիներու շինարարութեան ու կառուցապատման նոր ծրագիրը անհանգստութեան առարկայ:
Խումբ մը ցուցարարներ բողոքի դուրս եկան Իսթանպուլի բնապահպանութեան եւ քաղաքաշինութեան տնօրէնութեան առջեւ:
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու հերթականը։ Այս անգամ բեմ բարձրացան «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակումով տաղանդաւոր երիտասարդներ։