Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խուրհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնցմէ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուին ու հասած են վերջին փուլին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է համակրելի պրպտող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Tanzimat, İstibdat ve Meşrutiyet Tiyatrosunda Mardiros Mınakyan (Türk Devlet Tiyatrosu Darülbedayi)»։
Միջազգային լրահոսին վրայ երէկ ռումբի ազդեցութիւն գործեցին՝ Ռուսաստանի մէջ պատահած օդանաւի արկածի մը մասին լուրերը։ Այսպէս, Մոսկուա-Սեն Փեթերսպուրկ ուղղութեան վրայ թռիչքի ժամանակ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքի հարաւին անկում ունեցաւ մասնաւոր ինքնաթիռ մը, որու ուղեւորներու շարքին կը գտնուէր «Վակներ» վարձկան զինեալներու խմբաւորման հիմնադիր ու ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին։
Հայաստանի հասարակական կարեւոր կազմակերպութիւններէն «Թաթոյեան» հիմնադրամը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որու, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը աշխուժացուցած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ թշնամանքը։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան վարչապետներու հաւաքին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիքը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց կ՚ուզեն Լաչինի միջանցքը բանալ միակողմանիօրէն, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան։
Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը պատրաստուի քաղաքիս մէջ նշել Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սահակ Սարգսեանէն վերահասու դարձաւ յոբելենական ծրագրի մանրամասնութիւններուն:
«Պաքու մարտահրաւէր կը նետէ՝ կայունութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն»:
«Ցարդ չենք լսած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ատրպէյճանի հրապարակային խօսքերը»:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, երէկ, ծրագրի հերթական փուլին մէկտեղուեցաւ փոքրիկներու հետ, որոնց աշխատանքները կը գլխաւորէ Թանիա Փաքերթիք։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի իսկապէս տիրական եւ ազնուական դէմքերէն Այտա Աբգարեան, որ այնքան մեծ յարգանք, սէր ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց՝ Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ Հայաստան մեկնած թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Պելժիա։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մենք եւ սա աշխարհը: Բայց անպայման... ՄԵ՛ՆՔ:
Անկեղծօրէն, յաճախ այս մասին երկար կը մտածեմ: Անոր համար այսօր պահանջք զգացի արտայայտուելու:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութեան միջոցով ազգերու միակերպումը եւ ձուլումը: Մանտեկացցայի կարծիքը այսպիսի միաւորութիւններու մասին: Ասոնց վտանգաւորութիւնը սերունդի տեսակէտէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը կ՚ընդգրկէ բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Արարիչը. անոնք որոնք կը հաւատան, կը պաշտեն միակ եւ բարեգութ Աստուածը՝ որ է նաեւ Նախախնամ եւ պիտի դատէ մարդիկը «վերջին օրը»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի տարբերութիւն ներկային, անցեալի օտարախօս սերունդը ունէր գիր-գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն մը. հայերէն չհասկնալով հանդերձ անոնք մօտ էին մամուլին, գիր-գրականութեան եւ ամէն ձեւով կը փորձէին աղերսուած մնալ այդ բոլորին, որովհետեւ հակառակ լեզուի պակասութեան, հայրենասիրութեան շունչ մը կար անոնց մէջ, պատկանելիութեան գիտակցութիւն մը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլար, որ գրողներ անտարբեր չմնան անոնց հանդէպ:
Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ նոյնպէս Իսթանպուլի երեսփոխան Ճիւնէյթ Եիւքսել։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ցաւալիօրէն, յաճախ մարդը կը ճանչնանք անոր մահէն ետք: Այս ամառ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ սուրիահայ մտաւորական Զարեհ Սափսըզեան, որու անունին ծանօթ էինք միայն ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած անոր պատմուածքներէն, որոնք ուշադրութիւն գրաւած էին իրենց համարձակ նիւթերով եւ արեւմտահայերէն հիւթեղ բառապաշարով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիոյ տարածքին կան բազմաթիւ դպրոցներ եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններ. ըլլան անոնք մանկապարտէզներ, նախակրթարաններ, երկրորդականներ, ուսումնարաններ, դասընթացքային կեդրոններ եւ այլն, որոնք հիմնադրուած են սուրիահայերուն կողմէ: