Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր մեծանուն հայ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան օրն է: 20-րդ դարու հռչակաւոր նկարիչներէն մէկը 143 տարեկան կը դառնայ այսօր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը ծագի հպարտութենէն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի» (Առ 13.10):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն, որ մարդ երբ ինքն իր ցաւը զգայ, այս կը նշանակէ որ ո՛ղջ է, իսկ երբ ուիշին ցաւը զգայ, այս ալ կը նշանակէ թէ՝ մա՛րդ է։ Ահաւասի՛կ, մարդուն առաջնակարգ կոչումը՝ «իրերօգնութի՛ւն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի պայմաններու մէջ յաճախ կը բողոքենք, թէ հայ ծնողներէն շատեր իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկեն. այս դժբախտ իրողութեան որպէս պատճառ կը մատնանշուի հայ դպորցներու ներկայ «դժբախտ» վիճակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճառերու, թերթերու եւ քարոզներու ընթացքին յաճախ լսած ենք «աշխարհայնացում» բառը եւ անոր մասին հազար ու մէկ տարբեր բաներ լսած, սակայն կայ երեւոյթ մը՝ որ որպէս սխալ բոյն դրած է մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքին մէջ. աշխարհայնացման ընթացքը ո՛չ անհոգութեան եւ ո՛չ ալ պատահականութեան արդիւնք է:
Սրընթաց, կարծէք թէ շտապօգնութեան ուղղաթիռի մը սլացքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցեալ շաբաթ հասաւ Անգարա, երբ Թուրքիա դեռ ինքզինք չէր վերագտած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, երբ տակաւին դիակներ դուրս կը բերուէին փլատակներու տակէն, երբ բազմաթիւ այլ երկիրներէ հասած մասնագէտներու կողքին, Հայաստանէն ժամանած փրկարարներն ալ, բազմազբաղ, օրն ի բուն կը գործէին կեանք մը փրկելու համար՝ հետզհետէ չքացող յոյսով (անտեղի է այս գծով Երեւանի օժանդակութիւնը քննադատելը, որովհետեւ պատահածը բնութեան բերած կործանումն էր)։
ՄԱԿ կը յուսայ, թէ Երեւան եւ Պաքու կը շարունակեն աշխատիլ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ շրջափակեալ Արցախի մարդասիրական աղէտին համար:
Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ալիեւը, նաեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը միշտ ուշադրութեան առարկայ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա։ Երկու երկիրներու միջեւ մօտաւոր անցեալին յառաջացած լարուածութեան զուգահեռ՝ տասն տարիէ ի վեր բարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններ չէին փոխանակուեր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երկու կիրակի վերջ նախատեսուած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը։ Միայն երկու կիրակի… Համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի երթան՝ նոր թաղականները ընտրելու համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 8-րդ օրն է:
Առակաց գիրքին առաջին գլուխին 19-րդ համարին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեան. «Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռնցնէ»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հակառակ աղէտալի երկրաշարժին, Սուրիոյ մէջ երկու եղբայրներ իրարու չմօտեցան։ Խօսքը յատկապէս այն քաղաքներուն մասին է, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութենէն դուրս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ խոհարարական աւանդոյթներուն զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան համադրող, աւագ խոհարար Գարեգին Օհանեան (Գարեգին Սանատրուկի) Մեծ պահքի այս շրջանին օգտակար խորհուրդներ ունի իր հետեւորդներուն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքը կապուիլ է: Ամէն ինչ գոյութիւն ունի միանալով։ Կապը գոյութիւն ունի ինչպէս հոգեկան, այնպէս ալ նիւթական աշխարհէ ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքա՛ն քաղցր է հարցումը Յիսուսին. «Կը սիրե՞ս զիս…»։ Իր Առաջին Ընդհանրական թուղթին մէջ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք զԱյն կը սիրենք որովհետեւ առաջ Անիկա մեզ սիրեց». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Արամայիս Պապայեանի հեղինակած երեք արարով, թատրերգութեան-կատակերգութեան վերնագիրն է, զոր ան գրած է 1968-ին: Թէեւ հեղինակը գրած է այս թատերախաղը աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ, բայց կ՚արժէ մտածել վերնագիրին եւ անոր այժմէականութեան մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրերս լրացաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի առաջին տարին։ Անհաշուելի զոհերով, աղէտալի հետեւանքներով, մեծ քանդումներով աչքի ինկած այս պատերազմը, խորքին մէջ, Արեւելք-Արեւմուտք առկայ պայքարի կարեւորագոյն բախման կէտն է։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մտածումներ պահքի ու ծոմապահութեան մասին, քաղուած Աստուածաշունչէն եւ Ս. Եկեղեցւոյ հայրերէն, յոյս ունենալով, որ Մեծ պահքի այս ճանապարհորդութեան ընթացքին իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենան պահեցողներուն վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի երկրորդ կիրակին կոչուած է «Արտաքսման Կիրակի», նկատի ունենալով առաջին մարդու՝ Ադամին դրախտէն արտաքսումը՝ վտարումը։
Արտաքսման այս կիրակի օրը, վերյիշելով Ադամին դրախտէն վտարումը, իր անհնազանդութիւնը, մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք անոր պահեցողութեանը։