Արխիւ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Կիրակի երեկոյ էր, ու դռները փակ էին» (տե՛ս Յհ 20.19):
Կրկնակի պատճառով երեկոյեան երեւցաւ անոնց. առաջին՝ որովհետեւ գիշերով մարդիկ աւելի կը վախնան, երկրորդ՝ քանի որ ցերեկը ցրուած էին եւ հրեաներէն վախնալու պատճառով չէին կրնար միասին հաւաքուիլ. երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ձեր մահուան երեկոյին կրնաք զԱստուած տեսնել, իսկ թէ փակ դռներով, որպէսզի ցոյց տայ, թէ նոյն կերպով ալ Կոյսէն ծնայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող մի քանի տարիներուն երիտասարդութիւնը, ինչու չէ նաեւ շատ մը մեծահասակները հետաքրքրող նիւթը միեւնոյնն է. «ինչպէ՞ս հարստանալ». օրական դրութեամբ բազմահազարներ, աղջի՛կ թէ տղայ համացանցի էջերուն մէջ կը փնտռեն հարստանալու կարճ եւ դիւրին հնարքներուն մասին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկ անդրադարձայ, որ մենք սկսած ենք մեր մէջէն կորսնցնել մարդկային ամենէն պարզ արժէքները, որոնց տեղը այսօր եկած են գրաւելու ուրիշներ՝ որոնք խոտոր են թէ՛ մարդկութեան եւ թէ՛ մեր ինքնութեան:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը Ս. Յարութեան տօնը ողջունեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Վարչութիւնը ձմրան դասընթացքներու մասնակից պատանի մարզիկներուն բաժնեց զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, զորս այս շրջանին կը դիմագրաւէ պոլսահայ մամուլը։ «Հայ մամուլը շատ տուժած է համավարակի շրջանին՝ հակառակ, որ շատ էական դեր մը ունի մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանին Գումգաբուի մէջ առաջին տաղաւարի աւանդական ընդունելութիւնը՝ համավարակի ժամանակահատուածին:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Մեսրոպեան այբուբենը մեր դրօշակն է»:
Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցի պարագային պէտք չէ պաղ ջուր լեցնել եփած ճաշին վրայ՝ նախքան վերջնական որոշումներու տրուիլը. «Ի վերջոյ չմոռնանք, որ այս իշխանութիւնը Հանրապետական շրջանին մեզի նկատմամբ ամենէն լաւ վարուած իշխանութիւնն է ու կրնայ չնախընտրել մեզ յուսախաբել»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով ղօղանջեցին եկեղեցիներու զանգակները եւ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի զաւակները զիրար ողջունեցին՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցելու՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի հաւաքոյթին։
Ինչպէ՞ս էր Ս․ Զատկուայ առաջին առաւօտը: Ինչպէ՞ս է Ս․ Յարութեան տօնը։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Յիսուսի մահուընէն ետք աւանդական Յարութեան սրբապատկերներ չկան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարուան ընթացքին տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրերը Մեռելոց կը կոչուին։ Եկեղեցւոյ Հայրապետները այնպէս կարգաւորած են, որպէսզի մեռելներուն եւս՝ որոնք յաղթական եկեղեցին կը կազմեն, յիշեցնենք յարութեան մասին, որպէսզի անոնց յոյսը չմարի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բոլորիս հասարակաց վախը մահն է։ Մահը սարսափի դիմակով կը ցնցէ բոլոր աշխարհը։ Ան ունի բազմաթիւ դիմակներ. ինչպէս՝ քաղցկեղ, երթեւեկի արկած, երկրաշարժ, հրդեհ, ջրհեղեղ, սպանութիւն եւ այլն։ Նոյնիսկ անկողնին մէջ քունի ընթացքին մահանալը կը սարսռեցէ մեզ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տարրաբանական տարրերու պարբերական աղիւսակին՝ Մենտելիեւի աղիւսակին մէջ յեղափոխական փոփոխութիւններ կատարած եւ այդ աղիւսակին նոր տարրեր ներմուծած աշխարհահռչակ հիւլէական բնագէտ Եուրի Յովհաննիսեանն այս օրերուն կրկին Հայաստան էր:
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍԿ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Կիրակիները, արեգակնային դրութեան ճշգրտութեամբ, կը յաջորդեն իրարու: Բայց կիրակին այն, որուն կը սպասեն երկիր ու մարդկութիւն, կիրակին, որ մեր բոլորին ու ազգի կեանքին մէջ կ՚ուզենք որ անպայմա՛ն ծագի, չէ՛ սովորական շաբթուան մը համարակալուած օրերէն մէկը, այլ է՛ հայ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի գերագոյն ըղձանքին մարմին տուող պայծառ կիրակին, որ երկրաւորաց հոգիներուն մէջ պիտի բացուի՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան այս մեծ տօնին. «Ու կը սպասեմ որ ծագի հոգւոյս պայծառ կիրակին»: Յառա՜ջ Աստուած:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ահա, հասած է կեանքի եւ լոյսի յաւերժական աւետիսը։ Ահա, նոր լոյսը անգամ մը եւս կ՚իջնէ աշխարհի վրայ եւ կը թափանցէ մեր հոգիներէն ներս։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրբ Յարութեան տօնը մեր ազգային մշակոյթի կրօնական ամենագլխաւոր բաղադրիչներէն մին է: Մեծ Զատիկը հայ քրիստոնեայ մարդուն դարաւոր հաւատքին սրբազան ծիսակատարութեան եւ տեղ մըն ալ անոր ինքութեան եւ գոյատեւման երթը բնորոշող երեւոյթ է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սրբազան Պօղոս առաքեալը կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ նախ կը խօսի Քրիստոսի յարութեան մասին, ապա կ՚անդրադառնայ մեր յարութեան, ուր կ՚ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14). եւ «Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Եսայեայ մարգարէն կը մարգարէանայ հրեայ ժողովուրդին ազատագրումին վրայով։ 587-582 տարիներուն Եհովան Նաբուգոթոնոսոր թագաւորին միջոցաւ կործանեց Երուսաղէմը եւ աքսորեց հրեայ ժողովուրդը Բաբելոն։
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Որո՞նք էին մեր մանկութեան ուրախութիւնները…
Երբ աշխարհն այսքան փոքրացած չէր, ճամբորդութիւնները այսքան դիւրին չէին, օդանաւներու տոմսակներու գիները մրցումի չէին ելած իրենց աւելի աժան ըլլալու գովազդներով՝ մենք աւելի կ՚արժեւորէինք տօները, մենք աւելի անհամբեր կը սպասէինք Ծնունդին եւ Զատիկին, որովհետեւ Ծնունդն ու Զատիկը իրենց հետ կը բերէին նոր հագուստ, նոր կօշիկ, Կաղանդի Ծառ, Կարմիր Հաւկիթ…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքա՜ն ցաւալի է դարեր ետք մենք մեզ տեսնել հոն՝ ուր էինք դար մը առաջ, ուր ո՛չ Ապրիլը ապրելու կը նմանէր եւ ո՛չ ալ յարութիւնը՝ յարութեան: Քրիստոնէական բարեպաշտութենէ աւելի այդ յարութեան ծարաւն է հաւանաբար, որ Յարութեան այս տօնը սիրելի դարձած է մեր ժողովուրդին համար, ըսել ուզելու որ օր մը դուն ալ, ո՛վ ազգ, կրնաս քու մեռելութենէդ յարութիւն առնել ու վերադառնալ կեանքին՝ որմէ անջատուած ես այսօր:
Զատիկ է, դարձեալ… Սուրբ Յարութիւնը քրիստոնէական փիլիսոփայութեան առանցքն է, միանշանակ։ Պարտութեան մատնել մահը, յաղթել անոր ու վեր կանգնիլ, յարութիւն առնել՝ ապրիլ։