ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆԻ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ինչպէ՞ս էր Ս․ Զատկուայ առաջին առաւօտը: Ինչպէ՞ս է Ս․ Յարութեան տօնը։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Յիսուսի մահուընէն ետք աւանդական Յարութեան սրբապատկերներ չկան։

Մեզմէ շատեր այդ տեսարանը տեսած են եւրոպական նկարիչներու կողմէ Յիսուսի Յարութիւնը պատկերող արուեստի գործերէն։ Ռոմանթիք նկարներ են անոնք՝ որոնք Յիսուսը կը ներկայացնեն սպիտակ զգեստով, ձեռքերը բարձր պահած, երբեմն յաղթանակի դրօշը բռնած գետնէն դէպի վեր սաւառնելով:

Շատ հաւանաբար, նմանօրինակ նկարներ մենք տեսած ենք մեր եկեղեցիներէն ներս ալ կախուած։ Սակայն, իսկական հայկական Ս․ Յարութեան տօնին նուիրուած սրբապատկերները ընդհանրապէս Յիսուսը չեն ընդգրկեր: Այդ նկարներուն մէջ մենք կը տեսնենք կիներ եւ հրեշտակներ բաց եւ թափուր գերեզմանին շուրջ:

Բայց ինչո՞ւ Յիսուսը կը բացակայի այդ նկարներէն: Որովհետեւ հրեշտակները ըսին․ «Ան այստեղ չէ. քանզի Ան Յարութիւն առած է...»։

Ուրեմն ու՞ր Յարութիւն առած է Տէրը: Ինչպիսի՞ն է Յարութիւնը: Ի՞նչն է Զատիկի խորհուրդը:

Ես ձեզի պիտի ըսեմ։ Մի քանի շաբաթ առաջ Հայաստան կը գտնուէի։ Ես առիթ ունեցայ հանդիպելու չորս երիտասարդ քահանաներու:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հոգեւոր հովիւ է Արագած լերան ստորոտին գտնուող Արագածոտնի գաւառի մի քանի գիւղերու։ Ասոնք հեռաւոր, գեղջուկ բնակավայրեր են, որոնք կը գտնուին կպրածածկ (ասֆալտապատ) ճանապարհներէն շատ հեռու, ուր մարդիկ ամենախոնարհ, չըսելու համար աղքատ պայմաններով կ՚ապրին։ Քահանաներէն իւրաքանչիւրը ամուսնացած է եւ ունի երեխաներ։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը շնորհքով եւ կանոնաւոր եկամուտ մը ունի: Իւրաքանչիւրին եկամուտը հիմնուած է այն նուէրներուն վրայ, որոնք գիւղացիները կարող են կամ անկարող վճարելու մկրտութեան, ամուսնութեան կամ թաղման ժամանակ: Ամիս մը անոնց եկամուտը կրնայ ըլլալ 80 տոլար, ուրիշ ամիս մը 200 տոլար կամ յաջորդական ամիս մը 60 տոլար միայն:

Այդ շրջանի իւրաքանչիւր քահանայ հայր, մէկ գիւղէն միւսը կը ճամբորդէ խորհրդային ժամանակաշրջանէն մնացած իր յիսուն տարուայ դղրդացող հին ինքնաշարժով, աղօթելով որ այդ ինքնաշարժը ճամբաներու ցեխին մէջ առանց մխրճուելու իրենց տեղ հասցնէ, առանց անիւը պայթելու, որովհետեւ նման փորձանք մը կրնայ ծախսալից ըլլայ եւ իր ամբո՛ղջ ամսավճարը արժէ։

Քահանաները կ՚աղօթեն իրենց ընտանիքներու առողջութեան համար, քանի որ բժշկական ապահովագրութիւնը իրենց եկամուտէն շատ աւելի բարձր է։ Երբ հարցուցի, թէ «Ինչպէ՞ս հաց կրնաք դնել ձեր սեղանին եւ հոգալ ձեր ընտանիքին պէտքերը, երբ չէք գիտեր, թէ որքա՞ն եկամուտ պիտի ունենաք այդ ամիս»:

-Աստուած կը տրամադրէ, պատասխանեց Տէր Թադէն մեղմ ժպտալով:

Իսկ երբ հարց տուի Տէր Տաթեւին, որ հաշուապահի վկայական ստացած է. «Ինչո՞ւ ընտրեցիք քահանայ դառնալ՝ գիտնալով հանդերձ, թէ երբեք կայուն եկամուտի աղբիւր մը պիտի չունենաք ընտանիք պահելու համար»։

-Աստուած կ՚ապահովէ, ըսաւ:

Տէր Վազգէնը խանդավառութեամբ պատմեց ինծի, թէ ինչպէս Պատարագը բացօթեայ մատուցած է, միջնադարեան աւերակ վանքի մը պատին կից՝ սեղանի մը վրայ:

Իսկ Տէր Սարգիսը տեղեկացուց ինծի, թէ ինչպէս դպրոցներ կ՚այցելէ, մանուկներուն հետ ընկերանալու եւ անոնց միջոցով ծնողներուն հետ իրենց խոնարհ տուներու մէջ հանդիպելու, որպէսզի անոնց հետ կարենայ աղօթել, անոնց հետ Աստուածաշունչը կարդալ, ականջ դնելով անոնց պատմածներուն։

Ահա թէ ի՛նչ տեսք ունի Զատիկը: «Ան այստեղ չէ», ըսին հրեշտակները Զատկի առաջին առաւօտեան:

Վստահ եմ, որ Յարութիւն առած Տիրոջ Հոգին այնտե՛ղ է Տէր Թադէի, Տէր Տաթեւի, Տէր Սարգիսի, Տէր Վազգէնի եւ անթիւ ուրիշներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք իրենք զիրենք կը նուիրեն հաւատքով զինուած, լիովի՛ն եւ անվախ՝ յանուն այլ մարդոց բարօրութեան:

Յարութիւնը 2000 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութեան մը մասին չէ միայն, այլ ամենավեհ առաքինութեան, շնորհք ունենալու մասին է, որուն մարդ արարածը կրնայ հասնիլ այսօր Աստուծոյ շնորհիւ:

Զատիկը ամբողջ հոգիով եւ մաքուր սրտով անձնատուր ըլլալու, ամենէն առաջ ուրիշներուն մասին հոգալու, զոհաբերուելու պատրաստ սիրոյ մասին է։ Կեանքը մահուան վտանգի տակ դնելով, ծառայելու պատրաստակամութիւնն է։ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, բարձրացնել ուրիշները՝ առանց վարձատրութեան ակնկալիքի: Յարութիւնը բարիի եւ ճշմարիտի ներկայացուցիչը ըլլալու մասին է, ինչպէս նաեւ ճանչնալու, սիրելու եւ Աստուծոյ լիովին վստահելու։ Այո՛, անոր՝ որ «կ՚ապահովէ»:

Ահա, թէ ի՛նչ տեսք ունի Յարութիւնը եւ ի՛նչ տեսք ունի աստուածային կեանքը: Ահա, ա՛յս խոհերով սիրելիներ կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորին Սուրբ Զատիկը եւ կ՚ողջունեմ ձեզ ըսելով.

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։ 

ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022