ՀՈԳՍԵՐԷՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏԵԼՈՒ ՍԻՐՈՅՆ. ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ…

«Ես գիտեմ, որ իմ Փրկիչս կենդանի է»
(Յոբ. 19.25)

Ահա, հասած է կեանքի եւ լոյսի յաւերժական աւետիսը։ Ահա, նոր լոյսը անգամ մը եւս կ՚իջնէ աշխարհի վրայ եւ կը թափանցէ մեր հոգիներէն ներս։ Ահա, գարնանամուտին կը ծաղկի բնութիւնը եւ մեր հոգիները կը պատրաստուին Քրիստոնէական մեծագոյն աւետիսով ջերմանալու։ Ահա, երկինքն ու երկիր կը ցնծան անպարտելի Աստուծոյ գերբնական ծրագրի յաջողութեամբ եւ միատեղ կը գոչեն ըսելով. «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ. ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։

Յարութեան տօնը Քրիստոնէական աշխարհի մեծագոյն եւ ամենէն ժողովրդական տօնն է։ Բնութեան վերազարթօնքին ու արթնութեան պատկերով զգալի դարձած եւ Գողգոթայի մերձաւոր գերեզմանի մը կողքին իմաստաւորուած փրկութեան եւ լուսաւորութեան տաղաւարն է։ Հաւատքի տօն է Ս. Յարոութիւնը, որով եկեղեցեաց զանգակները կը պատրաստուին ղօղանջել նոր կեանքի աւետիսով եւ դառնալ կոչնակ հաւատոյ, կոչնակ բարեկարգութեան եւ կոչնակ այլակերպութեան։ Աւետիս մը կը սպասէ մեզի, որ կ՚ընկալուի նոր սկիզբ մը, հաստատուած՝ թափուր գերեզմանի մօտ։ Կը հնչէ աւետիս մը, որ իր զօրաւոր ու կենսունակ ուժով կարող է վերանորոգել, տեսանելի եւ անտեսանելի ամէն ինչ. «որուն կողէն բղխած արիւնի աղբիւրէն բոլոր արարածները ՆՈՐՈԳՈՒԵՑԱՆ եւ անմահացան» (Պատարագամատոյց)։ Մտքով, բարոյականութեամբ ծերացած աշխարհին մէջ կը բացուի նոր ուղի մը, որ կ՚երկարի մինչեւ յաւիտենականութիւն։ Լոյսն է, որ կը ծիածանի յաւիտենականութեան ուղիին մէջ եւ կ՚աւետէ, թէ անգիտութեան խաւարը այլեւս կը փարատի Ս. Յարութեամբ. «Այսօր անգիտութեան խաւարը հալածուեցաւ երրեակ լուսովը» (Օրհ. Շար. Յարութեան Տաղաւարի)։  

Որքա՜ն մեծ տաղաւար մը, որ սոսկ տօնակատարութիւն ըլլալէ աւելին ըլլալ կը փորձէ միշտ իր վեհախորհուրդ հանգամանքով։ Նիւթականին մէջ թաթախուած անձինք ինչպէս միշտ կը փորձեն նիւթականացնել աննիւթական խորհուրդը, սակայն Յարուցեալը կը գոչէ, իր իսկ մասին խօսիլ եւ ըսել. «Եւ դուք այս բաներուն վկաներն էք» (Ղկս. 23.48)։ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ, հաւատքի կեանքին եւ առաքելահիմն քարոզչութեան հիմնաքարն է Ս. Յարութիւնը, որուն մասին խօսիլը նպատակ, որուն քարոզչութեան սիրոյն չարչարուիլը պատիւ, որուն վարդապետութեան հետեւիլը օրհնութիւն համարած են առաքեալները տակաւին առաջին դարէն սկսեալ։ Անոնք, քաջատեղեակ էին, թէ կատարուած հրաշքը Աստուածային կամքին հաւաստիքն էր առ մարդկութիւն եւ անոնք աչքով տեսան Յարուցեալը, լսեցին իր փառաւորեալ մարմնէն ելած պատգամները եւ տեսան, թէ աշխարհը որքա՜ն տկար մնացած էր Իր Արարչին առջեւ եւ աշխարհը զգալի պարտութեան մը մատնուած էր։ Յաղթանակ մըն էր սա բնութեան կանոններուն, աշխարհիկ նիւթականին եւ սահմանաւորին առջեւ եւ Առաքելական վկայութեամբ այլեւս անկարելի էր ընթանալ որպէս հաւատացեալ առանց Ս. Յարութեան հանդէպ կատարեալ հաւատք ունենալու։ Պօղոս առաքեալի խօսքով «եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է» (Ա. Կորնթ. 15.14)։ Հետեւաբար յայտարարութիւն մը, որ մօտաւորապէս երկուհազար տարիներ առաջ Ս. Երուսաղէմի մէջ լսելի դարձաւ եւ դարեր շարունակ դարձաւ հոգիներու բալասան խաւարացած անձանց «ի խաւարէ ի լոյս, ի մահուանէ ի կեանս» առաջնորդեց քանի քանի հաւատացեալներ։ Իսկ Թափուր Գերեզմանը դարձաւ լուսաճեմ խորան եւ խաւարակուռ աշխարհին մէջ ճաճանչող մնաց իր սուրբ ներկայութեամբ։

«Ես գիտեմ, որ իմ Փրկիչս կենդանի է» (Յոբ. 19.25), ըսաւ Յոբ Երանելին իր սաստիկ ցաւերու մէջ տանջուած ժամանակ։ Սա Հին կտակարանեան նշանաւոր դարձած խօսքերէն էր, որուն մէջ կը յայտարարուէր «Կենդանի է Տէրը» հռչակումը. բան մը՝ որ փորձութիւններով լի աշխարհի բնակիչներուս համար անժխտելի հրաւէրի մը կը վերածուի ներկայիս եւս։ Սա անուրանալի իրականութիւն է, թէ Ս. Յարութեան զօրութեան առաւել քան երբեք կարիքը ունինք ներկայիս։ Նեղուած ենք աշխարհով, յուզուած ենք մեր առօրեայով, ինկած ենք համավարակով, տժգունացած է մեր գունազարդ էութիւնը հոգեսասան աշխարհին մէջ եւ Ս. Յարութեան տաղաւարին, որպէս Քրիստոնեայ հաւատացեալ, ուրախ սրտով ու գոհունակ տրամադրութեամբ կը հրաւիրուինք ըսելու. «Գիտեմ, որ իմ Փրկիչս կենդանի է»։

Ուստի, ո՜վ հաւատացեալ, միատեղ նայինք դէպի Թափուր Գերեզման, ուր ամէնուն հատուցանողը կը շարունակէ գործել առանց յոգնելու։ Այնտեղէն, կը ժայթքի այն խաղաղութիւնը, այն աստուածային, ցանկալի հանգստութիւնը անհանգիստ սրտերուն մէջ։ Կեանքը երբ սաստիկ փուշերով կը ծակէ մեր էութիւնը, պիտի գտնենք ցաւ ու տառապանք, եթէ չենք սորված տակաւին նայիլ առ Ս. Գերեզման։ Հետեւաբար վա՜յ այն մարդուն, որուն մէջ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքը տակաւին զօրացած չէ եւ աշխարհիկը գերիշխող է իր ինքնութեան մէջ։ Ուստի, սորվինք նայիլ դէպի Թափուր Գերեզման ու այնտեղ տեսնել երկնաւորի եւ երկրաւորի հաշտութիւնը ու ստանանք մեր մասն ու բաժինը Աստուածային։

Ո՜վ հաւատացեալ, միատեղ նայինք դէպի Յարուցելոյն, որ նոյնիսկ Աստուծոյ տեսակ տեսակ պարգեւներուն արժանացած ըլլալով տակաւին չենք գոհանար Տիրոջմէ։ Յիշենք, թէ Աստուած ամէն բանի վրայ իշխող է եւ երկրաւոր բաներու համար ունեցած մեր հոգն ու վախը, ընդհանրապէս չեն դառնար պահապանը ամենայնի։ Յիշենք, թէ շատ անգամներ անարժաններ ըլլալով հանդերձ, արժանացած ենք չափազանց շատ բաներու, որոնց գագաթնակէտն է կեանքը։ Սա է կեանք, յոյս, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ… Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի աղօթքով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք, կը գովաբանենք ու կը փառաբանենք քեզ, ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, որ մեզ՝ անարժաններս արժանացուցիր հաղորդակից դառնալու քու աստուածային եւ սոսկալի Խորհուրդիդ»։ Ամէն։

Հուսկ, երբ կը փնտռենք գօտեպնդիչ խրատական մը, լաւ պիտի ըլլայ վերյիշել նաեւ Պոլսոյ երանաշորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի մտախոհը եւ իմանալ, թէ մութ գիշերին պիտի առաջնորդէ արեգակնաշատ առաւօտը եւ մենք, որ կ՚առաջնորդուինք Յարութեան յոյսով, Ս. Յարութիւնը հարազատօրէն պիտի դառնայ «Մեր Յարութիւն»ը եւ կամ Ս. Զատիկը պիտի վերածուի «Մեր Զատիկ»ը։ «Շղթայուած ենք այն բռնաւոր ոյժէն՝ որ կը կոչուի մեղք։ «Մեր Զատիկը», որ «զենուեցաւ» ազատելու համար զմեզ մեղքէն ու մահէն, զատելու համար զմեզ մեղապարտ եւ մահացուցիչ բերումներէն եւ կիրքերէ։ Անցընելու համար զմեզ հուրէն ու ջուրէն եւ հանելու վայրն հանգիստի»։

Այս առիթով, կ՚աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իր շնորհներով պարարտացնէ մեր ժողովուրդին կեանքը եւ ընտանեկան սուրբ յարկերը օրհնուին Յարուցեալ Քրիստոսի զօրութեամբ ի գլուխ ունենալով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին։ Կ՚աղօթեմ, որ անհամար ժխտական երեւոյթներու մօտ գտնենք նաեւ դրական աւետիսը եւ գէթ անոր փարած՝ փորձել գտնենք մեր մխիթարութիւնը։ Ուստի, կ՚աղօթեմ, որ լաւապէս թափանցենք Ս. Յարութեան հրաշագործ զօրութեան եւ ամենայն խանդավարութեամբ ի խորոց սրտի ըսենք.

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022