Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020

Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Կրօնական ժողովոյ անդամներէն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, 22 ապրիլ 2020, չորեքշաբթի երեկոյեան, մասնակցեցաւ բանախօսութեան մը, որ կը կազմակերպուէր միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ հեռակայ դրութեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020

ԵՐԱՄ

Զանայի ոտքը առին գաճի մէջ. ըսին, որ այդպէս պիտի մնար ամիս մը գրեթէ։ Երկու հին անթացուպ դրին թեւերուն տակ, ու ճամբեցին վրան-հիւանդանոցէն դուրս, դէպի քաղաքը, որ այլեւս չկար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Մա՛մ, տես քեզի ի՛նչ բերի, հայկական զարդանախշերով պատրաստուած չարխափան է եղեր ասիկա:
Ուրախութեամբ յայտնած էր տղաս ճամպրուկները պարպած պահուն այս իրը ինծի յանձնելով: 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անկեղծութիւնը, որ կ՚ենթադրէ ճշմարտութիւն, միշտ եղած է ցանկալի առաքինութի՛ւն մը։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ անկեղծութիւնը եղած է միշտ հազուագիւտ առաքինութիւն մը նաեւ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020

Աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներներ պիտի մասնակցին առցանց համերգի, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի քորոնաժահրի դէմ պայքարին։
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող եւ ստեղծագործող աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներ յառաջիկայ մայիսի 2-ին պիտի մասնակցին միջազգային interactive առցանց համերգի: 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երէկ յարաբերաբար դրական տուեալներու արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ պարագային։
BBC-ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Հանս Քլուկէ երէկ Ժընեւի մէջ առցանց մամլոյ ասուլիս մը սարքեց։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներէն ներս, քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա զօրակցութիւն յայտնեց անդամ բոլոր երկիրներուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ժայշանքարի հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

23 Ապրիլը դար մը անց Թուրքիոյ մէջ կը տօնախմբուի վերանորոգ պատգամով ու մեծ հրճուանքով:
Ազգային Մեծ ժողովի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ այսօր յատուկ նիստ մը կը գումարուի:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ քննարկեցին Իտլիպի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները:
Անգարա միշտ կ՚անհանգստանայ Դամասկոսի իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած զօրքի կուտակումներէն, որոնց համար պատճառ ցոյց կը տրուին արմատական տարրերը: Մոսկուայի հետ հինգերորդ համատեղ հերթապահութեան համար պատրաստութիւններ: Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման հարցը միշտ օրակարգի վրայ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական դրութիւնը բաւականին ծանր էր, երբ քորոնա վարակը, անկոչ հիւրի պէս հասաւ Պէյրութ։
Երկիր մը, որ ցայսօր ալ կանգնած է տնտեսական մեծ փլուզման վտանգներուն առաջ եւ հակառակ առկայ զանազան երեւելի եւ աներեւոյթ պատժամիջոցներու, կարողացաւ լաւ օրինակ մը դառնալ ոչ միայն իր մօտիկ շրջապատին, այլ՝ նոյնիսկ հեռաւոր ափերու բնակիչներուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ ներկայ շաբթուան ամբողջ երկրորդ կէսին՝ մինչեւ երկուշաբթի, չորս օր փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուած է Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Այս իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

Վաղը առաւօտ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը պիտի նախագահէ Գումգաբուի մէջ կայանալիք 24 Ապրիլի արարողութիւններուն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Սուրբ, Սուրբ-էն ետք քահանային ըսած աղօթքին սովորաբար ինչո՞ւ Կանոն կ՚ըսուի:
Պատասխան.
Որովհետեւ Պատարագին գլխաւոր բաժինը այդ աղօթքը կը համարուի, ու անոր մէջն են ստեղծագործութեան առաջին եւ գլխաւոր խօսքերը: 

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Վերջին տարիներուն ես բնաւ ազատ ժամանակ չեմ ունեցած։
Յիրաւի, ինքնամեկուսացումը զիս փակեց տունը, սակայն տակաւին չեմ կրցած հանգչիլ, ինքզինքիս հետ մինակ մնալ, խոկալ կեանքի՝ ներկայի ու ապագայի, առհասարակ իմ զգացումներու մասին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ նշանաւոր բժիշկ, առողջաբան եւ կազմախօս Վահան Արծրունին 1892-1893 թուականներուն եղած է հնդկախտ կամ սեւցաւ (քոլերա) կոչուած հիւանդութեան յարուցած համաճարակին դէմ մղուած պայքարի գործուն կազմակերպիչներէն մէկը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փիլիսոփայ ըլլալու հարկ չկա՛յ, կեանքը լիօրէն ապրելու համար։ Աստուած ամէն մարդու տուած է զոյգ մը աչք եւ ականջ՝ Բնութեան հետ զգայաբանական հաղորդակցութիւն հաստատելու, եւ իր կեանքը ճոխացնելու Բնութեան համերգովը եւ համայնապատկերովը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020

ԵՐԱՄ

Վիրաւորի անկողնին պառկած, անդիէն ձայն մը լսեր էր Զանան.
-Հոն, երրորդ շարքին...
-Այո՛, ի՛նքն է... Զանա՛
Գլուխը դէպի վրանի մուտք էր դարձուցեր։ Մէ՞կն եկած էր ետեւէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գիրքերու աշխարհը զայն տարած էին հեռո՜ւ, հեռուներ…
Անահիտ կ՚ապրէր իր հեքիաթին մէջ, որ ինք յօրինած էր։ Սակայն հատելով իրականութեան ու անիրականի սահմանը՝ կը հաւատար միմիայն իր յօրինուածքին։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս նիւթական շէնք մը կառուցանելու համար ծրագիր մը պէտք է, նոյնպէս ալ հոգեւոր շէնք մը հիմնելու համար անհրաժեշտ է հիմնական վէմ մը։ Արդարեւ, Աստուած ալ իր ամբողջ ստեղծագործութիւնը եւ արարչագործութիւնը հաստատեց ծրագրի մը վրայ՝ որ կը շարունակէ գործադրուիլ այսօր եւս, եւ պիտի գործադրուի մինչեւ վերջ։

Էջեր