Արխիւ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Շարժանկարի սիրահարներու գրեթէ բոլորին ծանօթ տաղանդաշատ ու հանճարեղ բեմադրիչ Ինկմար Պերկման, անգնահատելի հետք թողած է շարժանկարի ոլորտէն ներս եւ կը համարուի «գոյապաշտ շարժանկար»ի հիմնադիրը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
17 տարեկան երիտասարդ մը՝ Ուիլիըմ Մէքէյ կը հեռանայ տունէն համալսարան երթալու, ուսանելու համար։ Ան ունի հաւատացեալ մայր մը. բարեպաշտ եւ հաւատարիմ իր հաւատքին։
«ՖԻՖԱ»ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, շարունակեց մնալ 101-րդ դիրքին վրայ:
«Եւրոպայի լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով նախընթաց օր տեղի ունեցան բազմաթիւ ֆութպոլի հանդիպումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա. խմբակէն «Ա. Սէ. Ռոմա», որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ «Եանկ Պոյզ»ին:
Երէկ, Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Ժողովին ժամանակ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով մարտերը կը շարունակուին։ Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերաբար կայուն-լարուած իրավիճակը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ չեն համընկնիր Մոսկուայի եւ Անգարայի դիրքորոշումները։ «Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին՝ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները 30 տարուայ ընթացքին արդիւնք չէ տուած, ապա սա չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։
«Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը ընդունելի է հայկական կողմին համար»:
Փաշինեան. «Ինչպէս Ատրպէյճանի պարագային՝ այնպէս ալ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական երկխօսութեան պատրաստ ենք»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին նոյն իրաւունքները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի կողմէ։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակով։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Խոստովանանք որուն հաւատալ պէտք էր։ Լսելի կը դարձնենք Նարիմանովը ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի գիտնան, թէ ի՛նչ ըսին եւ սակայն ի՛նչ կը կատարեն այսօր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս օրերուն կարեւորագոյն մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան Երեւանի մէջ։ Արցախի երկու նախկին նախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բոլոր՝ երեք նախկին նախագահները «գլուխ-գլխի» տուած կը քննարկեն վերջին զարգացումները։
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է Ուղիղ գիրքը։ Սուրբ Գիրքի գիրքերէ՞ն է, կա՞մ՝ Հնգամատեանէն։ Ինչպէ՞ս անդրադարձ եղած է անոր մասին Յեսուի եւ Երկրորդ Թագաւորացին մէջ, երբ ան Սուրբ Գիրքին մէջ չկայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թարգմանչաց տօնը այս տարի ալ տօնուեցաւ եւ աւարտեցաւ։ Տօնը այս տարուան համար վերջացաւ թէեւ, բայց Թարգմանչաց ոգին կը շարունակէ եւ պէ՛տք է շարունակէ տիրապետել մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան անդամներուն հետ: Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորած խնամակալութեան անդամները Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրասիրեցին Օրթագիւղի ափին ճաշարանի մը մէջ:
Երէկուան օրը որքան յուզիչ այնքան ալ պատմական էր։ Գումգաբուի մէջ աննախընթաց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ կողակիցը՝ Էմինէ Էրտողան Գումգաբու ժամանեցին անվտանգութեան խիստ միջոցներու մթնոլորտին մէջ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Խա՛-ղա՛-ղու-թիւն, խա՛-ղա՛-ղու-թիւն,...»
Պոռթկուն վանկերը, ի վերջոյ, կը թռին մարդոց բերնէն
Տարիներու կուտակները կը յորդին
Բոլորին յորդումները կը միանան
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեքենայ մը արդիւնաւորութեամբ կարենալ գործելու համար նախ պէտք է իւղել իր անիւները, եւ յետոյ շարել անոր զսպանակը։ Առանց խնամելու ոչ մէկ մեքենայ կրնայ արդիւնաւորապէս շարժիլ եւ աշխատիլ, քանի որ մարդ ի՛նչ որ տայ մեքենային, ան իրեն տրուածին համեմատութեամբ կ՚աշխատի։
Պելժիացի կինը կենդանիներու պատկերներով ուտեստներ պատրաստելու շնորհիւ մեծ թիւով հետեւորդ ստացած է համացանցի մէջ։ Այսպէս, Պելժիոյ փոքր գիւղերէն մէկը բնակող Եոլանտա Սթոքերմանս ծաղիկներու եւ կենդանիներու ձեւերով ուտեստներ պատրաստելու տաղանդի շնորհիւ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է համացանցի մէջ, կը գրէ «boredpanda.com» կայքէջը։