Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լրահոսին վրայ դարձեալ Պէյրութը կայ։ Խնդիրը այն է, թէ հազիւ դուրս գալով քորոնայի համաճարակ ըլլալու դրոյթէն (անշուշտ քորոնան տակաւին չի պատրաստուիր վերջնականապէս լքել այդ երկիրը), Լիբանանի մէջ ընթացք կ՚առնէր տնտեսական բնոյթի նոր լարուածութիւն մը, որ կը պայմանաւորուի ամերիկեան տոլարին մեծ ոստումով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիա քորոնաժահրի համաճարակին մէջ գագաթնակէտի շրջանին կը գտնուի, միեւնոյն ժամանակ, համաճարակի ծաւալման թափին մէջ անկումի միտում մը կը նկատուի, սակայն սա պէտք է ըլլայ մշտական։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն մին՝ Գրիգոր Մըխճեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ իր կորուստը որոշ չափով ենթարկուած է անուշադրութեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սէրը դրախտէն մնացած միակ զգացումն է։
Սիրոյ մասին կան անթիւ, անհամար երգեր, բանաստեղծութիւններ՝ երգուած ու գրուած։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսի «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը, որ գործարար Սեւակ Արծրունիի նախաձեռնութիւնն է գործարար, բարերար Վարդան Սըրմաքէշի համագործակցութեամբ իրականացուելիք: Երկու գործարարները ունին ընդհանուր տեսլական մը, որուն արգասիքն է այս նախագիծը:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Այս ընթացքին երբ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ՚ըսէ, քահանան ու ժողովուրդը ի՞նչ կ՚ընեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեա՛նքը
«Կեանքը բախտ մըն է՝ ըմբռնէ՛ զայն։
«Կեանքը գեղեցկութիւն է՝ հիացի՛ր։
«Կեանքը երջանկութիւն է՝ սորվէ՛ զայն։
ԵՐԱՄ
Դէպի Թեհրան կ՚ուղղուէր բեռնակառքը ծանրաշարժ։
Պամն արդէն ետեւ ձգած էր Զանան։ Բան մը, որ երբեք մտքէն չէր անցած։
Մտքէն չէր անցած, ո՛չ թէ անոր կապուած ըլլալուն համար, այլ պարզապէս քանի որ պատճառ չունէր անցընելու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անբնական կենցաղ» կը նշանակէ՝ Աստուծոյ հաստատած բնութեան օրէնքներուն հակառակ շարժիլ, անզգոյշ եւ անզուսպ ըլլալ, չափազանցութիւններով տարուիլ եւ անտարբեր գտնուիլ անոնց առթելիք վտանգներուն հանդէպ։ Զոր օրինակ՝ բնութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ չափաւորութեամբ ուտեն, խմեն, աշխատին, քնանան, պտըտին, վազեն, եւ այլն։
Հայաստան ընդգրկուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք անցեալ տարի ռազմական ծախսերու համար յատկացուցած են իրենց համախառն ներքին աճի առնուազն 4 տոկոսը։
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որ ներկայիս բանտարկուած է 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով, երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս անցաւ յետվիրահատական քննութենէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ Հայաստանէ եւ Իրանէ ներս առկայ իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի հերթական ծրագիրը:
Հայերէնով արտայայտուիլ մարդկութեան դիմագրաւած առկայ դժուարութիւններուն շուրջ:
Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք այս առաւօտ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ հեռակայ ուսուցումը երկարաձգուած է մինչեւ մայիսի 31-ը։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ վարժարաններու փակ մնալու ժամկէտը երկարաձգուած է եւ այս պայմաններուն ներքեւ առցանց ուսուցումը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 մայիս։
Գնալըի թաղապետ Էրտալ Այտըն բացատրութիւններ տուաւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած առկայ սահմանափակումներուն առընչութեամբ:
«Եթէ ձեր առաջնային բնակութեան արձանագրութիւնը այստեղ չէ, ապա այս պահուն չէք կրնար կղզի այցելել՝ նոյնիսկ կալուածատէր կամ վարձակալ ըլլալու պարագային»:
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ քննարկումներ՝ համաճարակով ստեղծուած կացութեան շուրջ:
«Ժողովուրդին պէտք է յոյս ներշնչել, զօրացնել անոր հաւատքը, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարին պայմանները»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Եթէ գիտնայի, որ այսօր կարելի չէ մտնել Ծիծեռնակաբերդ, ապա այսքան ճամբայ ոտքով չէի կտրեր ու անցներ…
Դէպի յուշահամալիր իւր մուտքն արգիլած ոստիկանին այսպիսի համեստ պատասխան տուած է օրեր առաջ համայն հայութեան ուշադրութեան ու ակնածանքին արժանացած, հայ ազգի հաւաքական կերպարը դարձած 82-ամեայ Արտուշ պապը, որ իր վերջին մանրադրամներով գնած էր քանի մը վարդ ու շտապած յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։
Մինչեւ մօտալուտ Ռամազանի տօնի շրջանը Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ի զօրու պիտի մնայ փողոց դուրս գալու արգելքը: Համաճարակի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումները երկարաձգուեցան եւս որոշ ժամանակ:
Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ տեղեկացուց, որ ծաւալուն ծրագրի մը պատրաստութիւններուն ձեռնարկուած է:
Ըստ նախարար Քոճայի առողջացած վարակեալներու թիւը հասաւ ամենաբարձր մակարդակին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ պոլսահայ վաստակաւոր ու երախտաշատ կրթական մշակ Ազնիւ Արթուք (Արթիք) կնքած է իր մահկանացուն։ Ան ծնած էր 1928 թուականին եւ կեանքէն հրաժեշտ առած է 92 տարեկան հասակին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ ծագած ցաւալի բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին՝ ստեղծուած արդար մտահոգութիւններով հանդերձ։ Սփիւռքեան մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ այս հարցին՝ զանազան խորհրդածութիւններով։