Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020

Հայկական գիտական աշխարհը երէկ կրեց ծանր կորուստ մը։ Ոչ եւս է յայտնի յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան։ Ան 55 տարեկանին մահացած է՝ ետին թողլով վիթխարի աւանդ մը։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020

Զօհրապ Մնացականեան. «Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի առանց որեւէ սահմանափակման որոշելու իր քաղաքական կարգավիճակը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 43-րդ նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ժընեւի մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020

Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ դիմագրաւել շատ ծանր մարտահրաւէրներ։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իտլիպէն հասած լուրերը հերթական անգամ մեծ ցասում յառաջացուցին երկրին մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նկատի ունենալով, որ միջոցէ մը ի վեր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները դադրած են, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վրաստանի վրայով կ՚ուղեւորուի Հայաստան։ Սա Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան շրջանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ժամարարը երբ սաղաւարտը գլուխին կը դնէ, ի՞նչ կ՚ըսէ:
Պատասխան. Դի՛ր, Տէր, սաղաւարտ փրկութեան ի գլուխ իմ՝ պատերազմել ընդ զօրութիւնս թշնամւոյն, շնորհօք Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
 

 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամէն բան ունի չափ ու սահման։
Բարութիւնն ալ ունի սահման եւ պէտք չէ զայն խախտել կամ անցնիլ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեր տան քով նոր հանրախանութ մը բացուած է: Մայրուղիին վրայ գտնուող հանրախանութ մըն է, որ օրուան բոլոր ժամերուն լեցուն է այցելուներով: Երէկ կանաչեղէնի բաժնին մէջ ասիական արտաքինով երիտասարդ աղջիկ մը եւ կին մը նկատեցի, հաւանաբար մայր ու աղջիկ էին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայոց առաջին պարբերաթերթ «ԱԶԴԱՐԱՐ»ի հիմնադիր եւ խմբագիր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի մասին շահեկան յօդուած մը, Ա. Ամուրեան ստորագրութեամբ, որ հրատարակուած է «ՔՈՒԼԻՍ» կիսամսեայ հանդէսին 1 մարտ 1980 թուակիր օրինակին մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Հրայր Ճէպէճեան խօսեցաւ Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի քրիստոնեաներու մասին:
Օքսֆորտի համալսարանի Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքէն ներս դասախօսութիւն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Պողազիչի համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Լեւենտ Քուրնազ։ ՀԱՅՃԱՐ ներկայիս բանախօսութիւններու շարք մը կը կազմակերպէ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար բնահամակարգի առկայ ճգնաժամին վրայ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ ուժանիւթի բնագաւառի էական բարեփոխումներ, որոնց համար անհրաժեշտ է առնուազն 2 միլիառ տոլար։ Նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ժամանակ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան յայտարարած է, որ առնուազն 2 միլիառ տոլարի պէտք ունի երկիրը՝ ուժանիւթի ոլորտի ազդեցիկ բարեփոխումներ կատարելու համար։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջոցառումներու յառաջիկայ ժամանակացոյցը:
Ժընեւի հանդիպումներուն առընթեր, Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճոզըֆ Պորելի հետ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ բանակցութիւններու երրորդ փուլը՝ Իտլիպի իրադարձութիւններուն շուրջ:
ԵՄ-ի անդամ տասնչորս երկրի արտաքին գործոց նախարարներ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը - Էրտողան կը պատրաստուի հիւրընկալել Փութինը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցը կը մօտենայ։ 8 մարտ 2019 թուականին երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչուի իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Կրաէմ Միհանը, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանի առաքելութեան ստանձնման առթիւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնը միջոցէ մը ի վեր առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ պաշտօնապէս համազգային հանգանակութիւն յայտարարեց՝ ի նպաստ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ բարեզարդութեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020

Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի ճատրակի խումբը եղաւ Պէյօղլուի շրջանի ախոյեանը։ Անցեալ շաբթուան մէջ, այս գաւառակի դպրոցներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքը հանդիսացաւ իսկապէս բարդ մրցակցութեան մը թատերաբեմը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020

Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճալեան, որ ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս, նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Պոլսոյ Աթոռը տիրացած է իր նոր գահակալին։

Էջեր