Արխիւ
Ծանօթ է, թէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։
Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 սեպտեմբեր 2020, Խաչվերացի տաղաւարի Բարեկենդանի կիրակիին՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Տնտեսական ու ելեւմտական ծանր պայմաններէն ու քորոնաժահրի հետզհետէ ահագնացող համաճարակէն ետք, 4 օգոստոսին Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը ստացաւ երրորդ ծանր հարուածը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահ դրուած 2750 թոն ամոնիում նիթրաթի պայթումը քանդեց Մայրիներու երկրի մայրաքաղաքին շուրջ 40 առ հարիւրը եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոր արուարձաններուն, ներառեալ՝ հայկական թաղամասերը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է Ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ։ Ուկանտայի Bwindi խիտ անտառային ազգային զբօսայգին կը գտնուի Քոնկոյի սահմանին վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ պատմական յայտարարութիւններով:
Ուժանիւթի բնագաւառի մէջ Թուրքիա տարանցիկ երկիր ըլլալէ հետզհետէ կը վերածուի լուրջ միջազգային կեդրոնի մը:
Լիբանանահայ հանրածանօթ ու սիրուած երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու քուէարկողները հազիւ երկուքուկէս ամիս հեռու են նախագահական ընտրութիւններէն: Դեմոկրատներու համագումարին վրայ վարագոյրը իջաւ եւ բացուեցաւ ընտրապայքարի «վերջին մրցավազք»ի բեմադրութիւնը, որ ունի բազմաթիւ ենթապատկերներ:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Նախանձ առթող լուսանկարներ, որոնց բաղդատուելով հայը կը խեղճանայ:
Երկու քաղաքներ՝ որոնց վրայ պայթած էին հիւլէական ռումբերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն Հալէպէն դարձեալ տխուր լուրեր կը հասնին։ Պատերազմի թոհուբոհէն նոր դուրս ելած քաղաքը, այսօր կանգնած է բաւական բարդ իրավիճակի մը առջեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին շրջանին Հայրենի մեր երկրին մէջ անընդհատ քննարկումներու առարկայ դարձած են, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ քննարկամ դրուած կրթալան նոր չափորոշիչները: Նախարարութեան հրապարակած չափորոշիչները բուռն քննադատութեան առարկայ դարձան հանրութեան կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճշմարտութիւն»ը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութի՛ւն։ Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի շուրջ։ Ամիսներէ ի վեր ամուլ բանակցութիւններ կը վարեն կողմերը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի եւ Սուրիոյ գծով յատուկ դեսպան Ճոէլ Ռէյպէօռն յառաջիկայ օրերուն ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Զուիցերիա եւ Թուրքիա։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 92 հազար 227 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1203 նոր վարակեալ։
«Մենք կրնանք յաջող ըլլալ, եթէ ներդաշնակ ըլլանք այսօրուայ աշխարհին հետ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այս շրջանին կը հիւրընկալէ մտաւորականներ:
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի հանրապարտէզներու մէջ տեղադրուած են թափանցիկ զուգարաններ՝ պատրաստուած «խելացի» ապակիէ:
Երբ յաճախորդը ներս մտնէ, «խելացի» ապակին գոյն կը փոխէ ու կը կորսնցնէ իր թափանցիկութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շինուած առաջին թափանցիկ ինքնաշարժը, որ ստեղծուած է 1939 թուականին, տարիներ վերջ կրկին յայտնուած է ժողովուրդի ուշադրութեան կեդրոնին։ Ինքնաշարժը այնպէս նախագծուած էր, որպէսզի ցոյց տայ այն բոլոր կազմածները, որոնք այն ժամանակ կ՚օգտագործուէին ինքնաշարժի արտադրութեան համար:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ոսկեճերմակ լապրատոր տասակ շուն մը 14 սեւաթոյր ձագ ունեցած է։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ լապրատոր ցեղատեսակի ոսկեճերմակ շունը 14 սեւ ձագ ունեցած է։
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականին քանի մը անդամները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ծանրաբարձութեան միջազգային առցանց մրցաշարքի:
Նկարիչ Սուրէն Սաֆարեան ծնած է 1923 թուականի այս օրը, Պաքուի մէջ: Սուրէն Սաֆարեանի ուսումնառութեան տարիները անցած են Երեւանի մէջ: Յաճախած է Գեղարուեստի ուսումնարան, 1942 թուականին աւարտելով զայն, անմիջապէս մեկնած է ռազմաճակատ:
Հայ գրականութիւնը 2017 թուականի այս օրը ունեցաւ ծանր կորուստ մը. կորսնցուց Պերճ Զէյթունցեանը։ Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան իսկապէս հեղինակաւոր անուն մըն էր եւ նոր շրջանին անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայ գրականութեան։