Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
2019 թուականին Հարաւային Քորէայի մէջ նշուեցաւ երկրի շարժանկարային արտադրութեան 100-ամեակը։ Յատկանշական այս տարուան լաւագոյն նուէրը կը համարուի հարաւքորէացի բեմադրիչ Պոնկ Ժոն Հոյի «Մակաբոյծը» ժապաւէնին աշխարհի չորս ծագերուն արձանագրած փայլուն նուաճումները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ մեծանուն եւ տաղանդաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի ծնած է 1817 յուլիս 17-ին, Թէոդոսիա (Օտեսա), Ղրիմի մէջ։
Եղած է զաւակը համեստ ընտանիքի մը՝ որ կը բնակէր ծովեզերքը, ուրկէ կրած է իր յամառ եւ անյագ հետաքրքրութիւնը դէպի ծով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ 5 մարտին քառակողմանի գագաթաժողովի մը պիտի մասնակցի՝ Իտլիպի իրադարձութիւնները քննարկելու համար։ Էրտողանի առընթեր այդ գագաթաժողովին պիտի մասնակցին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։
Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները համատեղ նիստ մը գումարեցին:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան խորհրդակցեցան նաեւ զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմին հետ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին ձեռնադրութիւն կատարեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հաւատացեալ ժողովուրդը կ՚ողջունէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու շարքերուն երիտասարդ տարրերով համալրումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերը աւելի քան կարեւոր էին Հալէպ քաղաքին համար։ Քաղաքի արեւմտեան շրջանները անցան Սուրիոյ պետական ուժերու տիրապետութեան տակ եւ ատկէ անդին ալ վերաբացուեցաւ ութ տարիէի ի վեր փակ մնացած օդակայանը։ Այս բոլորէն անդին՝ յստակ է նաեւ, որ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Սուրիոյ ընդհանուր միաւորին մէջ ուղենշային դեր ունեցող Հալէպ քաղաքը պիտի դառնայ կարեւոր յենարան, որպէսզի այդ երկիրը դարձեալ շնչէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, Հայ Առաքելական Եկեղեցին մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն խորախորհուրդ շրջաններէն մէկը, որ ծանօթ է Քառասնորդացի պահեցողութիւն կամ Մեծ պահք անուններով: Քառասնորդացի պահեցողութիւնը կամ Մեծ պահքը այն ժամանակահատուածն է մեր եկեղեցական-ծիսական կեանքէն ներս, որ կը նախորդէ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին, չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղումին եւ հրաշափառ յարութեան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Արդար հպարտութիւնով ու մեծ հանդիսաւորութեամբ տօնախմբուած տարեդարձ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը իսկապէս պարծանքն է մեր երաժշտական կեանքի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ դէպի առաջ ոստնելու համար, նախ պահ մը կանգ կ՚առնէ, մի քանի քայլ ետ կ՚երթայ, իր ընդհանուր վիճակը աչքէ կ՚անցընէ, եւ յետոյ կ՚ոստնու դէպի առաջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, պատիւն ունեցաւ իր երդիքին տակ հիւրընկալելու յայտնի բեմադրիչ Ռենա Լուսին Պիթմէզը եւ իր վերջին ժապաւէնին երկու շնորհալի հերոսուհիները՝ Ռուզաննա Պապայեանը եւ Յասմիկ Վարդերեսեանը:
Մխիթարեանի միջնակարգի եւ լիկէոնի աշակերտները հաւաքուեցան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ Մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչպէս աւելի վաղ ալ գրած եմ, այսօր եւս կու գամ շեշտել, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ներքաղաքական խմորումներուն եւ պայքարներուն վերաբերեալ միշտ ալ փորձած եմ վերապահ ըլլալ։ Վերապահ ըլլալ այն իմաստով, որ կողմ մը չբռնել եւ փորձել, այո փորձել, այս սիւնակի ընթերցողներուս ամէն գնով ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը, յաճախ ալ առիթ տալով հակոտնեայ տեսակէտներու, նաեւ բեմ տրամադրել այսօրուան իշխանութիւններուն կողմ կամ դէմ եղող տարբեր տեսակի ու տարբեր մակարդակի ձայներու։
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Պատարագը քանի՞ մասի կը բաժնուի ընդհանրապէս:
Պատասխան. Երկու գլխաւոր մասերու, որոնք կը կոչուին՝ Երախայից Պատարագ եւ Հաւատացելոց Պատարագ:
Jewishpress.com հետաքրքրական տուեալներու կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թաղամասին մասին:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան հանդէս եկաւ լուսաբանութիւնով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին՝ Իտլիպի իրադարձութիւններու լոյսին տակ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքներու երեխաները։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացած խումբին ուղեկցեցաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Ճորճ Բարսեղեան։
Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միաբաններու ճանաչողական այցը եզրափակուեցաւ:
Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց երկխօսութեան ծրագրի մասնակիցները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի շահեկան մէկ յօդուածը հաւատքի մասին։ Ան կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը հաւատքի մասին՝ որ հետզհետէ կը նուազի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կերուխումի, ճոխութեան առատութեան տեսքն ու ձայնը պատած էր չորս դին, «Տրաքելու օր» էր կամ «Պատռումի կիրակի», ինչպէս կ՚ըսէր մեծ մայրս ձեռքին առատ տոպրակները բերած պահուն: Բարեկենդանի կը պատրաստուէինք, հինէն մեզի հասած սովորութեան համաձայն՝ ամէն ինչ առատ պէտք էր ըլլար սեղանին վրայ եւ առատօրէն ուտուէր մսեղէնը, որպէս նախապատրաստութիւն Մեծ պահքին: