Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Իրանի դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու գործադրութեան շուրջ ստեղծուած զարգացումներուն։ «Կը կատարուին համապատասխան գնահատականներ, որոնց հիման վրայ պիտի առնուին համապատասխան քայլեր։

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի մասնակցութեամբ եռակողմանի գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ խմորումներ. Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց Ռաշիտ Մերետովի հետ՝ քննարկելով ուժանիւթի անվտանգութեան հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ պատմական Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման ուղղութեամբ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ
կը վիճակին Անգարայի, Պաքուի եւ Աշխապատի: Կասպից ծովու յատակէն նոր խողովակաշարներ կառուցելու ծրագրերը արդէն օրակարգի վրայ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի լրացաւ Կարս ծնած եւ Խորհրդային Միութեան մէջ գործած նշանաւոր նկարիչի մը՝ Յովհաննէս Զարդարեանի ծննդեան 100-ամեակը: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ նկարիչին 100-ամեակին նուիրուած հրաշալի ցուցահանդէս մը, որ ամբողջական պատկերացում տուաւ Խորհրդային Միութեան տաղանդաւոր նկարիչին արուեստին մասին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, 
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

ԱՍՏՈՒԱԾ կը պատուիրէ չգողնալ, չպահել ու չծածկել ուրիշներուն պատկանած իրը՝ անոնց կամքին հակառակ, ընկերոջ վնաս չպատճառել եւ իր գոյքէն չզրկել: Այս յանցանքը, որ գողութիւն կամ աւազակութիւն կը կոչուի, պարտաւոր ենք ընդհանուր առումով հասկնալ, առանց զանազանելու անձը, նիւթը եւ ձեւը:

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ զանազան պատճառներով, մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն, ճնշուած եւ ընկճուած են: Ձերբազատելու համար զանազան միջոցներ ու ձեւեր կը փնտռուին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 10-ին կ՚ոգեկոչենք հայ ժողովուրդի «Երկաթէ Շերեփ» պատգամած անմոռանալի ՀԱՅՐԻԿին՝ վանեցի Խրիմեան Մկրտիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1820-1907) վախճանումը։
Կ՚ոգեկոչենք յիշատակը Ամենայն  Հայոց Հովուապետին, որ իր հօտը առաջնորդեց պատմականօրէն ծայր աստիճան բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ մէկ ձեռքին հայու հաւատքին Խաչը բարձր բռնած, միւս ձեռքին ալ հայու իրաւունքին ու արդարութեան ձեռքբերման «Երկաթէ Շերեփ»ը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արմակեթոն, կամ «Իրանը պատժելու օրերը հասան»… Ահա՛, այս բառերով կը նկարագրէին  ամերիկացի պատասխանատուներ Իրանի դէմ գործարդրուող պատժամիջոցները։ Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ գործի կը լծէր իր Դուիթըրի էջը, կը տեղադրէր իր պատկերը եւ փորձելով ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը՝ կը փորձէր ցոյց տալ պատիժներուն «ուժ»ը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղին մէջ բացուեցաւ անմահ Սիլվա Կապուտիկեանին նուիրուած պուրակ մը։ Այսպէս, մեծանուն գրող Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղի Թաթուլ Խաչատրեանի անուան միջնակարգ դպրոցի բակէն ներս բացուեցաւ «100 ծառ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին» պուրակը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ համակեցութեան նիւթին շուրջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւիրուած էր «Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» անուանեալ դաշնակցութեան կողմէ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած զինադադարի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Փարիզի մէջ:
«Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, բայց պատմութիւնը կրնայ մեզ փոխել՝ որպէսզի մեր գալիքը դառնայ աւելի լաւ»:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի», (ՂՈՒԿ. Ը 50)։
Յիսուսի բազմաթիւ հրաշք-բժշկութիւններէն մին է նաեւ ժողովրդապետ Յայրոսի աղջկան բժշկութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը՝ ի յարգանս Պալեան ընտանիքին։ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու այս գերդաստանի ներկայացուցիչներուն ծաւալած գործունէութիւնը եւ թողած աւանդը հերթական անգամ արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկի ընթացքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018

Կիւմրիի տիկնիկային թատրոնը նոր շունչ առած կը շարունակէ տարածել հէքեաթի շունչն ու գոյները։ Այսպէս, Կիւմրիի «Ստեփան Ալիխանեան» տիկնիկային թատրոնը կը շարունակէ նոր ներկայացումներով ուրախացնել երեխաները:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018

Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծանրաբարձութեան համաշխարհային ախոյենութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի հաւաքականէն Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչում։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանն ու ընտանիքը։ Սա հրաժեշտի հանդիպում մըն էր, որովհետեւ Միքայէլ Մինասեան արդէն ետ կանչուած է այդ պաշտօնէն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 80-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018

ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ հանդիսաւոր ժողով:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ բարձր գնահատելով տասնամեակներու գիտական աշխատանքը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018

Միջազգային ընտանիքը այս շաբաթավերջին կը նշէ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակը:
Նախագահ Էրտողան կը մասնակցի մեծահանդէս տօնակատարութիւններուն՝ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միշտ պատրաստակամ։ Այս բառերով կրնամ նկարագրել Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեանը։ Թիֆլիզի դարաւոր առաջնորդութիւնը հովուող սրբազան հայրը՝ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, միշտ ալ պատրաստակամ եղած է պատասխանելու մեր հարցումներուն։

Էջեր