Արխիւ
Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի հանգուցեալ պալէի արուեստագէտ Վահագն Մարգարեանի անունը կրող մշակութային օճախը, որ կը գտնուի Ապագայ համայնքին մէջ, կը վերանորոգուի եւ նոր շունչ կը ստանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչին մէջ երբեմն տարբեր անուններով կը յիշուին միեւնոյն անձեր եւ տեղեր. զոր օրինակ, Մովսէսի աները կոչուած է Յոբաբ եւ Յոթոր (ԴԱՏ. Դ 11), (ԵԼՔ. Գ 1). Ղեւին է Մատթէոս, միեւնոյն անձն է Թովմաս եւ Երկուորեակ, եւ «Թովմաս» կը նշանակէ՝ երկուորեակ։ Թադէոս, Ղեբէոս եւ Յուդա միեւնոյն անուններն են առաքեալներու։
Երեւանի Օփերայի թատրոնի արուեստագէտները երաժշտասէրներուն հրամցուցին առցանց հարթակի վրայ «Քարմեն» ներկայացումը։ Այսպէս, «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի արուեստագէտները համացանցի վրայ հրապարակեցին տեսանիւթ մը, որու մէջ հանդիսատեսուն յանձնարարեցին առցանց հարթակի վրայ դիտել ֆրանսացի աշխարհահռչակ յօրինող Ժորժ Պիզէի «Քարմեն» օփերայի ներկայացումը:
Մեր համայնքի անդամներէն Արթուն Էրզուրումլուօղլու երէկ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Դէպքը առաւօտեան ժամերուն պատահեցաւ Գատըգիւղի մէջ։
Հանգուցեալ տուրքի ախոյեան Մաթիլտ Մանուկեանի թողած ժառանգութեան վերաբերեալ տարաձայնութիւնները միշտ կը մնան օրակարգի վրայ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր այս ամբողջին վերաբերեալ նոր իրադարձութեան մը արձագանգ հանդիսացած է։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Թուրք զինեալ ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկած են Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Թուրքիա՝ միջազգային իրաւունքէ ծագում առած իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքներուն ուղղութեամբ հերթական անգամ գործողութիւն կ՚իրականացնէ ահաբեկչական լծակներու դէմ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետաքրքրական յայտարարութիւնով մը։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ օրակարգի վրայ կը գտնուի Այա Սոֆիան որպէս մզկիթ պաշտամունքի վերաբանալու նիւթը։
Պինկէօլի մէջ երէկ տեղի ուենցաւ 5.7 սաստկութեամբ երկրաշարժ մը։ Երեկոյեան ժամերուն պատահած երկրաշարժին հետեւանքով անվտանգութեան պաշտօնեայ մը նահատակուեցաւ։ 18 հոգի վիրաւորուեցաւ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիա նպատակէն կը շեղի։ Երէկ հրապարակուած վերջին վիճակագրական տուեալներն ալ եկան արդարացնել վերջին օրերու մտահոգիչ հաւանականութիւնները։
Պատրիարքարանը հակազդեց Պետրոս Շիրինօղլուի անարգական արտայայտութեան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ընկերային ցանցերով յայտարարութիւն մը ըրաւ յայտնի բարերարին դէմ:
Պետութեան վնաս հասցնելու մեղադրանքներուն դիմաց Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ իրեն դէմ ձեռնարկուած քայլերը քաղաքական դրդապատճառներ ունին:
Ներքին քաղաքական կեանքը հերթական ցնցումներու գրաւին տակ: Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցեր: Ընդդիմադիր շրջանակները ահազանգ կը հնչեցնեն:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը երէկ շուրջ 8 ժամ հարցաքննուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ, մինչ իր դղեակէն ներս ալ կատարուեցան խուզարկումներ:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հակառակ կրթական անբարենպաստ տարեշրջանի մը թեւակոխման, հակառակ տնտեսական եւ ճգնաժամի պայմաններուն բերումով մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու բազմապատկման, հակառակ կրթական ինչպիսի տարեշրջանի մը սպասումին եւ նորութիւններուն, կարելի է ըսել, որ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները թիւի աճ պիտի արձանագրեն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ոստիկաններու բռնամիջոցին զոհ գացած Ճորճ Ֆլոյտի անունը վերածուեցաւ խորհրդանիշի: Թէեւ անոր կեանքի անախորժ պատահարներուն տոպրակը պեղողներ եղան՝ յիշեցնելով, որ ան նաեւ բանտ նստած մարդ էր, սակայն, սպանութեան պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, ան վերածուեցաւ հերոսի, անոր մահուան դէպքին մէջ խտացան ոստիկանական նմանօրինակ բրտութիւններու զոհ գացողներու անուններն ու պատմութիւնները, եւ պայթեցուցին ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի «կորիզային ռումբ» մը, որուն շողավարակ ազդեցութիւնը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ ապրեցանք տակաւին երկար պիտի յիշուի։ «Քովիտ-19» այդպէս, անկոչ հիւրի մը նման մտաւ մեր տան շեմէն երոնք առաջին օրէն ալ վարակուեցան, ապրեցան այս չարաղէտ ու անկասելի հիւանդութեան ծանր հետեւանքները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վաղը պիտի նշէ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը։
Գրեց՝ ՍՏԵՓԱՆ ՇԱՀՊԱԶ
Իր կենդանութեան ատեն, դպրոցական հանդէսներուն թէ մշակութային բոլոր հաւաքոյթներուն մէջ՝ Վահան Թէքէեան ամենէն ստէպ արտասանուած բանաստեղծներէն մին եղաւ: Զարմանալի չէր այս. իր արուեստին հետ իր քերթուածներուն նիւթը հայոց սիրտին կը խօսի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կու գան ու կ՚երթան», կ՚ըսէ Աշուղ Ջիվանի (Լեւոնեան Սերոբ Ստեփանի, 1846-1909) եւ կարծես թարգման կ՚ըլլայ մարդոց նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ ապրած օրերուն, անոնց զգացումներուն, յոյսերուն եւ ակնկալութիւններուն։
Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութիւնը մտադիր է յառաջիկայ օգոստոսի 1-ին սկսիլ մրցաշրջանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը գրէ Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութեան մամոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութիւնը յառաջիկայ 17 յունիսին Երեւանի ժամով 13.00-ին, «lichess.org» կայքին վրայ կը կազմակերպէ Տիգրան Պետրոսեանի ծննդեան նուիրուած առցանց մրցաշարք մը:
Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի կողմէ անցեալ 24 ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնները հետաքրքրական արձագանգ ստեղծեցին Թուրքիոյ մէջ։ Այսպէս, ինչպէս հաղորդած էինք, ընկերային ցանցերու «աստղ» Մուրատ Էօվիւչ հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով, որոնք Քիմ Քարտաշեանին հակազդելու կամ պատասխանելու հանգամանքէ անդին՝ ատելութեան արտայայտութիւններ էին ամբողջ հայ ժողովուրդի դէմ։