Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան տնօրինութեամբ, Իշխանաց կղզիներու մէջ կը սկսի ելեկտրական ինքնաշարժներու օգտագործումը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր կղզիներէ ներս կ՚օգտագործուէին ձիակառքերը։ Վերջին շրջաններուն հանրային կարծիքին մօտ զգայնութիւն յառաջացած էր անասուններու իրաւունքներու ոտնահարման ողբերգական դրսեւորումներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ երազնե՜ր ուին, մարդիկ բաղձանքներ ունին, անոնք ունին նաեւ յուսախաբութիւններ, զգայախաբութիւններ, պատրանքներ։ Մարդ միշտ կրնայ դիմաւորուիլ անակնկալներով, որոնք կը հակադրեն իրենց երազները, բաղձանքները, դէմ կու գան անոնց եւ արգելք կը հանդիսանան անոնց իրականացման։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան վերջին կացութեան շուրջ թարմ տեղեկութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Ծանօթ է, որ քորոնայի համավարակը բացասական ազդեցութիւն գործած է մեր եկեղեցական կեանքէն ներս եւս։ Այս պարագան պարտադրած է, որ Պատրիարքական Աթոռը հարկաւոր տնօրինութիւններ ընէ եկեղեցիներու մէջ կատարելի բոլոր արարողութեանց մասին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Հեղինակաւոր Sotheby՚s աճուրդի տունը աստղաբաշխական 9 միլիոն տոլարով վաճառած է աւելի քան երեք հարիւր տարուայ վաղեմութեամբ բացառիկ չինական ծաղկաման մը: Յատկանշական է, որ նմոյշը տարիներ առաջ մէկ այլ աճուրդի մէջ ձեռք բերուած է ընդամէնը 56 տոլարով:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Աշխարհահռչակ Caviar ընկերութիւնը կը ներկայացնէ iPhone 12 Pro եւ Pro Max բջիջային հեռձայններու ոսկեայ տարբերակները։
Ռուսական-իտալական Caviar ընկերութիւնը, որ կը զբաղի բջիջային հեռձայններու բարձրակարգ դասի յարդարմամբ, սկսած է վերցնել շուտով ներկայացուելիք iPhone 12 Pro եւ Pro Max տեսակներու շքեղ տարբերակի նախնական պատուէրները:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Բրիտանուհին հազուադէպ խանգարման պատճառով տասն տարի շարունակ միայն ճիփսով սնուած է։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ բնակչուհի Իզզի Քոուլի մօտ յառաջացած է արտասովոր խանգարում մը, որու պատճառով ան երկար տարիներ միայն ճիփսով եւ հացով կրցած է սնուիլ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Jacob & Co. ընկերութիւնը ներկայացուցած է բացառիկ ադամանդապատ ժամացոյց մը։ Այսպէս, զուիցերական Jacob & Co. ժամագործական ընկերութիւնը ներկայացուցած է ոլորտի բացառիկ գլուխգործոց՝ Billionaire Ashoka նոր ժամացոյցը, որ ստեղծուած է մէկ օրինակով ու արժանի է թանգարանային նմոյշ դառնալու:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Իսրայէլի մէջ ոսկիէ բժշկական դիմակ կը ստեղծեն՝ զարդարուած սեւ եւ սպիտակ ադամանդներով։ Այսպէս, Իսրայէլի ոսկերիչները կ՚աշխատին աշխարհի մէջ ամենաթանկ՝ սպիտակ ոսկիէ բժշկական դիմակի ստեղծման վրայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Համաճարակի հետեւանքներէն մէկն ալ այն էր, որ նորաձեւութեան տուները հրաժարեցան իրենց հաւաքածոներու ֆիզիքական ցուցադրութենէն. ապրանքանիշերը կը ներկայացնեն նոր հաւաքածոները առցանց ձեւաչափով: Թուային տարածքը ստեղծագործական հսկայական հարթակ է եւ նորաձեւութեան տուները կ՚օգտագործեն առհասարակ տեսողական եւ հայեցակարգային գործիքներ իրենց ներկայացումներու համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտարարած է «COVID-19»ի դէմ պայքարի գծով յոյսի նշոյլներու մասին։ Այսպէս, թէեւ աշխարհի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը հասած է շուրջ 20 միլիոնի, իսկ մահացածներու թիւը կը մօտենայ 750 հազարի, սակայն «COVID-19» համավարակի դէմ պայքարի գծով կան յոյսի նշոյլներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Աշխարհահռչակ Dior նորաձեւութեան տան ոսկերչական զարդերու գծով տնօրէն Վիքթորիա տը Քասթելէն ներկայացուցած է իր ամենաթարմ աշխատանքը՝ թանկարժէք զարդերու Tie & DIOR հաւաքածոն, որուն մէջ ներառուած նմոյշները կը շողան ծիածանի բոլոր գոյներով:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Ըստ Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյցի, աշխարհ հազիւ երկուքուկէս տարիէն կը յաղթահարէ քորոնա համավարակը։ Այսպէս, Պիլ Կէյց պատմած է, թէ ե՛րբ աշխարհ կը յաղթահարէ քորոնաժահրը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020

Մինչ համայն աշխարհ պայքար կը մղէ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, երէկ Մոսկուայէն հասած զգայացունց լուրերը լայն արձագանգ գտան այս առումով։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ քորոնաժահրի պատուաստանիւթը գտած են։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութեան մէջ չկայ որեւէ իր եւ իրողութիւն, որ չունենայ իմաստ մը, նշանակութիւն մը։ Արդարեւ, ամէն ինչ ստեղծուած է նպատակի մը համար, նպատակի մը ծառայելու համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը թէեւ ամբողջ թափով յառաջ կը տարուի, սակայն ցուցանիշները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ, ինչպէս ամբողջ աշխարհի պարագային։
Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020

Պէյրութի աւերիչ պայթումի հետեւանքներու յաղթահարման համար լիբանանահայութիւնը շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր լծակները: Նորաստեղծ գործադիր մարմինը անմիջապէս գործի կը ձեռնարկէ՝ ժողովուրդի կարիքները դիմագրաւելու եւ կառոյցները ապահովելու նպատակով:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծանր ազդեցութիւնը անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնայ քաղաքական կեանքին վրայ. կառավարութեան հրաժարական:
Լիբանանի վարչապետը ահազանգ հնչեցուց երէկ պաշտօնէն հեռանալու ժամանակ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց՝ միջազգային հզօր աջակցութեան համար:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020

Կը տեղեկանանք, որ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան դէմ դիմում կատարած է՝ Քրալ Պեքինքայայի դէմ, որ վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր հայատեաց յայտարարութիւններով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէք փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է ձիավարութեան մէջ։ Ան շատ փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է այս մարզաձեւին եւ արդէն սկսած է քաղել իր հետեւողականութեան պտուղները։

Էջեր