2021՝ «ԱՂՕԹՔԻ ՏԱՐԻ»

Ս. Ծննդեան պատարագին 2021 տարին հռչակեցինք «Աղօթքի տարին» մեր թեմական կառոյցէն ներս բազում նկատառումներով։ Արդարեւ, այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ աղօթքը պէտք է արտայայտուի մեր բովանդակ կեանքով, ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական առումներով։ Մեր տառապեալ ժողովուրդի համար աղօթքի բացակայութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ անսպասելի նոր աղէտներու։ Աղօթքի մէջ մնանք եւ աղօթքի զօրութեամբ վերաիմաստաւորենք եւ մեր մէջ ամրագրենք հաւատքի զօրութիւնը, փոխանակ մէկզմիւսին նկատմամբ ժխտական կեցուածք որդեգրելու։ Տառապող ժողովուրդի մը զաւակները հարկ է, որ առաւել մօտ կանգնեն Աստուծոյ եւ աղօթքը արտայայտուի նաեւ մեր ներքին միաբանութեամբ, որով եւ կարելի է ապահովագրել հորիզոնէն անդին մեզ սպասող նոր արշալոյսը մեր հայրենիքին։

Ի՞նչ է աղօթքը, եւ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս պիտի աղօթենք։

Աղօթքին մեկնակէտը Աստուած է, որ մեզմէ կը պահանջէ կեդրոնացում եւ յարատեւութիւն, որպէսզի առանց յապաղումի եւ շեղումներու հասնինք մեր նպատակակէտին՝ յաջողեցնելու համար մեր կապը Աստուծոյ հետ։ Խորքին մէջ ճշմարիտ եւ իրական աղօթքը կը սկսի Աստուծոյ հետ հանդիպման պահէն, իսկ մինչեւ այդ կատարուածը նախապատրաստութիւնն է։ Այնպէս, ինչպէս ինքնաթիռը մինչ իր թռիչքը՝ իր ուժերու առաւելագոյն լարումով կը պատրաստուի բարձրանալ տիեզերք, ահա այդ ձեւով ալ պատրաստութիւն կը կատարուի մեր էութեան մէջ։ Եւ յանկարծ դէմ առ դէմ ենք Աստուծոյ հետ. աղօթքի պահն է այդ։

Մեր առջեւ կը բացուի նոր կեանքի ճանապարհը՝ Մեծ պահքով։ Քառասնօրեայ հոգեւոր այս ճանապարհորդութեան ընթացքը լուսաւորենք՝ մեր կեանքը Աստուծոյ պարգեւած պատգամներով։ Օրերը լեցնենք աղօթքով ու պահեցողութեամբ, հոգեւոր սերտողութիւններով ու բարեգործութիւններով։ Մեր այս գրութեամբ կը թելադրենք, որ այս տարի ձեր ձեռքին ունենաք Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ»ը, Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը եւ Առաջնորդարանի կողմէ հրապարակուած «Աղօթքով եւ պահեցողութեամբ» վերնագրուած հաւատացեալի ուղեցոյցը։ Այս խիստ շահեկան գրքերը ի ձեռին ունենալով՝ սնուցանենք մեր հոգին ու միտքը, որպէսզի քառասնօրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին մեր քայլերը կարողանանք ուղղել առ Աստուած եւ մեր մէջ վերանորոգենք քրիստոնէական կոչումը։

Մեծ պահքը քրիստոնեայի կեանքին մէջ այն հանգրուանն է, երբ դէմ առ դէմ կը կանգնինք Անտեսանելիին առջեւ. Անտեսանելին՝ Աստուած է։ Բայց երբ աղօթքով կ՚իջնենք մեր հոգիի խորքերը, ապա այնտեղ մեզ դիմաւորողը Աստուած ինք է։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021