Երկուշաբթի 19, Մայիս 2025
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան՝ ազատուելով Սուրբ Աթոռի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչի պաշտօնէն, նշանակուած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ: Իսկ Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան նշանակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» մատենադարանի նոր տեսուչ:
Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023