ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում մը, որուն մասնակցեցան շարք մը միաբաններ։ Այս առթիւ յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանին Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու եւ Մայր Աթոռի թեմերէն ներս սպասարկող եկեղեցականներու գործունէութեան։ Առկայ նեղութիւններու եւ խռովայոյզ վիճակի պայմաններուն ներքեւ կարեւորուեցաւ առաւել ջանքերու գործադրումը՝ ամրապնդելու հաւատքը, դժուարութիւնները Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթահարելու յոյսը, լաւատեսութեան ոգին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, հայրենիքի ու ազգի նկատմամբ սէրը։

«Հաստատուն մնացէք, անշարժ եղէք, ամէն ժամ աւելին եղէք Տիրոջ գործի մէջ» առաքեալի այս խօսքով Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց միաբան հայրերուն։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց եկեղեցականութեան՝ հոգեւոր խնամատարութեամբ, առաւել եռանդուն քարոզչական գործունէութեամբ, Աստուածային պատուիրաններու եւ Սուրբ Գրոց ուսուցման մատուցմամբ, Քրիստոսի վարդապետութեան ջամբումով շարունակել իրենց սպասաւորութիւնը՝ պայքար մղելով նաեւ այն անվայել ու մերժելի երեւոյթներու դէմ, որոնք տեղ կը գտնեն ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան համավարակի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած քայլերը։ Մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանէ ներս քաղաքական կեանքի մէջ ստեղծուած անհամերաշխութեան, հակառակութեան մթնոլորտին առընչութեամբ։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ըսաւ.

«Սիրով, խաղաղութեամբ, համբերատարութեամբ, իրարու նկատմամբ բարի ու հոգատար վերաբերմունքով միայն մենք ի զօրու կ՚ըլլանք հզօր պահել մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը, զօրացնել մեր պետութիւնը, յառաջընթացի նոր ուղիներով առաջնորդել հայրենի մեր երկիրը։ Այս առումով մենք ցաւով կ՚անդրադառնանք հայրենական մեր կեանքի մէջ, ի մասնաւորի նաեւ համացանցի տիրոյթի մէջ ստեղծուած անցանկալի մթնոլորտին, ուր կը սփռուին վիրաւորանք ու թշնամանք, կ՚ոտնահարուին արժէք ու սրբութիւն։ Ս. Գիրքը կ՚ըսէ. «Հակառակութիւնը ատելութիւն կը գրգռէ, բայց սէրը կը ծածկէ ամէն ներհակութիւն» (Առակ. 10.12)։ Մենք՝ որպէս հոգեւոր հայրեր, պէտք է ամուր պահենք մեր ժողովուրդի զաւակներու մէջ գիտակցութիւնը, թէ հայրենիքի զարգացման տեսլականի շուրջ տարբեր պատկերացումները չառաջնորդեն անհանդուրժողութեան ու բռնութեան արարքներու, քաղաքական հայեացքները եւ տարաձայնութիւնները պատճառ չդառնան ազգային միասնութեան պառակտումի։ Հարկ է հաստատուն պահել բարեկրթութեան, պարկեշտութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սահմանները, որովհետեւ արդարութեան, բարօրութեան հաստատումը հասարակութեան կեանքի մէջ չի կրնար իրականացուիլ անպատշաճ արտայայտչաձեւերով եւ թշնամանքի հրահրմամբ։ Ներկայ իրավիճակը եւ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները պէտք չէ տեղի տան առաքինի ընթացքին եւ դիմացինին նկատմամբ յարգանքի ու հանդուրժողութեան նահանջի, իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան ոտնահարման եւ պէտք չէ տկարացնեն հայրենիքի նկատմամբ սիրոյ ու նուիրումի ոգին։ Ամէնքը պէտք է ունկնդիր ըլլան առաքեալի խրատին, որ կ՚ըսէ. «Ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ՝ պարկեշտութեամբ, ինչ որ՝ արդարութեամբ, ինչ որ՝ սրբութեամբ, ինչ որ՝ սիրով, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ՝ առաքինութեամբ, ինչ որ՝ գոհութեամբ, ա՛յն խորհեցէք» (Փիլիպ. 4.8)։ Մեր կեանքի շատ խնդիրներ արժէքային դաշտի մէջ են եւ լուծելի են մեր սրբազան արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ, միաբան ու միասնական ընթացքով։ Դարերու ընթացքին այս ոգիով կարողացած ենք դիմագրաւել դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, զօրացնել մեր պետութիւնն ու ազգային կեանքը։ Միաբանութիւնն է մեր Հայկազեան ազգի ուժն ու զօրութիւնը։ Այս բոլորին մէջ մեծապէս կը կարեւորենք մեր հոգեւորականներու առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը»։

Քննարկման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ համաճարակի պայմաններուն ներքեւ եկեղեցականներու առաքելութեան մասին։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ հետեւեալը. «Սիրելինե՛ր, այսօր՝ համավարակի այս իրավիճակին մէջ, հրամայական է ա՛լ աւելի կազմակերպելը եւ ինքնակազմակերպուիլը։ Մայր Եկեղեցին հոգեւոր իր դասով այս առումով կարեւոր աշխատանք ունի ընելիք։ Շարունակաբար սատար կանգնելով հայրենի պետութեան ջանքերուն՝ մենք պարտաւոր ենք ուղղորդել մեր հաւատաւոր զաւակները ու կոչ ուղղել, որպէսզի թէ՛ եկեղեցիներ, թէ՛ ուխտատեղիներ եւ այլուր այցելելու ժամանակ խստօրէն հետեւին պատկան կառոյցներու սահմանած կանոններուն։ Պէտք է բարձրացնենք իւրաքանչիւր անհատի՝ այլոց կեանքի անվտանգութեան համար պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Այսօր չունինք աւելի կարեւոր հրամայական՝ քան վարակի տարածման կանխարգիլումը, որպէսզի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքի ընթացքին։ Այս իմաստով մեր հոգեւոր սպասաւորները սփիւռքի թեմերէն ներս նոյնպէս պէտք է համապատասխան կոչերով ուղղորդեն եւ ապահովագրեն մեր զաւակները, որպէսզի անոնք խստագոյնս հետեւին իրենց երկիրներու պատկան մարմիներու առողջապահական հրահանգներուն։ Աղէտը պէտք է կանխել, սակայն հնարաւոր է կանխել միայն միասնական ջանքերով, համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ»։  

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020