ՆԱՄԱԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի փուլերը կեանքի կը կոչուին մի առ մի՝ կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ձեւով։ Այսպէս, Պատրիարքական Աթոռը արդէն նամակներ ուղարկած է թեկնածու սրբազաններուն՝ պահանջելով, որ յստակեցնեն իրենց դիրքորոշումը։ Ինչպէս ծանօթ է, ըստ կանոնադրութեան՝ թեկնածութեան չափանիշներուն կը համապատասխանէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այս երեք սրբազանները Պատրիարքարանէն նամակներ ստացած են եւ յառաջիկայ շրջանին գրաւոր պատասխանով պիտի տեղեկացնեն, որ իրենց թեկնածութիւնը կը պահեն կամ ոչ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նամակները ստորագրուած են տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Հաշուի առնելով, որ տեղապահ սրբազան հայրը ինքն ալ թեկնածուներու շարքին է՝ այս պարագային ձեւականօրէն ան ստորագրած է նաեւ իր իսկ նամակը։

Ժամկէտ սահմանուած է, որպէսզի պատրիարքական թեկնածուները մինչեւ հոկտեմբերի 21-ը պատասխանեն պաշտօնական նամակին եւ վերջնականօրէն յստակեցնեն իրենց թեկնածութեան պարագան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019