ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Վարժարանի 5-7-րդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ այս խումբը վերահսկեցին տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցիչներ։

Գումգաբուի մէջ գարակէօզեանցի այս 40 երկսեռ սաները նախ այցելեցին «Յովհաննէս Կոլոտ» թանգարանը։ Առաջնորդութեամբ թանգարանի պատասխանատու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, անոնց համար հետաքրքրական էր տեսնել այս թանգարանը, ուր իրենց ականատես եղած ամէն ինչ միեւնոյն ժամանակ անոնց պատկերացում մը կու տար Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան ու գործունէութեան, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեան շուրջ։ Տղաքը թանգարանի շրջայցը կատարեցին նոթեր առնելով։

Այս փուլէն վերջ աշակերտները բարձրացան դահլիճ, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը հայրական վերաբերմունքի առարկայ դարձուց տղաքը եւ ուրախութիւն յայտնեց զանոնք տեսնելով՝ իրենց ու ամբողջ համայնքի տան, հոգեւոր կեդրոնի երդիքին տակ։ Ան յիշեցուց իր մանկութեան դասագիրքի պատմուածքներէն մին եւ ըսաւ, որ կարեւորը միշտ ամուր կապուած մնալն է մեր արմատներուն։

Աշակերտները այս խօսքէն վերջ հարցումներ ուղղեցին սրբազան հօր, որուն ձօնեցին երգեր ու արտասանութիւններ։ Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնն ալ գարակէօզեանցի սաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ յանձնեց յուշանուէրներ։

Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ աշակերտները յագեցեալ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019