ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎՐԺ.Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի սաները երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած էր այդ ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին աշակերտները վերահսկեցին ուսուցչական կազմէն Մուրատ Մարաշ, Պիանքա Պոյաճըօղլու եւ Այլին Թոփուզ։

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները, որոնց բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ պատմութեան շուրջ։ Սրբազան համալիրէն ներս շրջայց մը կատարելէ վերջ աշակերտները վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Գուզկունճուքի եկեղեցիէն։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019