ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի անժամանակ կորուստը համատարած ցաւ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Իր վախճանը արձագանգ գտած է նաեւ պետական աւագանիի մօտ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հեռաձայնային կապ հաստատեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ՝ յայտնելով իրենց ցաւակցութիւնը հայր սուրբի վախճանման բերումով։ Նախագահ Էրտողան հեռաձայնային կապ հաստատեց նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եղբօր՝ Առէն Անուշեանի հետ, որուն եւս յայտնեց ցաւակցութիւններ։ Պեշթեփէի խորհրդականներէն Ալի Արսլան եւս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ կապ հաստատելով եղաւ ցաւակից։ Մինչ տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ հայր սուրբի վախճանման, Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ կը նախատեսուի իր յուղարկաւորութեան պետական ներկայացուցիչներու ալ մասնակցութիւնը։

Միւս կողմէ, նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի մարմինը երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։ Դագաղը զետեղուեցաւ ատեանի կեդրոնը, ուր տան կարգի արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի։ Ներկայ էին մեր հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։

Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի համար առաջին հոգեհանգստեան կարգը տեղի ունեցած է կիրակի գիշեր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի սենեակին մէջ՝ մասնակցութեամբ Տ.Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի եւ Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ներկայ գտնուած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան, խնամակալութենէն Մինաս Քորթուն, հիւանդանոցի բժշկապետ Մագսուտ Ահպապ, նաեւ վախճանեալին երկու եղբայրները՝ Առէն եւ Արաս Անուշեանները։ Իսկ երէկ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած տան կարգին մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմը, թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները, նաեւ Աթոռի ժառանգաւոր սաներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021