ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏ

Այս առաւօտ տխրութիւն կը տիրէ Գումգաբուի մէջ, ուր Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հրաժեշտ տրուեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ հայր սուրբի անողոք հիւանդութեան հետեւանքով վախճանումը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր ամբողջ համայնքէն ներս։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին օծեց նորոգ վախճանեալ իր հոգեւոր եղբօր մարմինը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նաեւ կուռ դամբանականով մը վեր առաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի բարեյատկութիւնները եւ դրուատեց անոր նուիրեալ ծառայութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը աղօթեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի յաւիտենական հանգիստի խաղաղութեան համար։

Յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անունով խոր վշտակցութիւններ փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ալ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հրաժեշտին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական պաշտօնատար անձնաւորութիւններ։ Բաց աստի, համայնքային վարիչներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ ալ փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու հոգելոյս հայր սուրբին նկատմամբ եւ խոնարհում բերելու անոր վաստակին ու բարի յիշատակին առջեւ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021