ԱԶՆԻՒ ԿԻՒՐԿԷՆ՝ ԷՍԱԵԱՆԻ ԼԻՍԷԻ ԲԱԺՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը ստանձնած է Ազնիւ Կիւրկէն։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը անցեալ ամառ բաւական աղմկայարոյց կարգադրութիւնով մը վերջ տուած էր նախկին՝ բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնավարութեան։ Որոշ ժամանակ անց թաղային խորհուրդի աղբիւրները հաղորդած էին, որ նոր տնօրէն նշանակուած է Մուրատ Իչլինալչա։ Յաջորդող ժամանակաշրջանին, սակայն, պատկան իշխանութիւնները չեն վաւերացուցած Մուրատ Իչլինալչայի նշանակումը՝ կարգ մը չափանիշներու անհամապատասխանութեան պատճառով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անխուսափելի դարձած է գտնել ուրիշ տնօրէնի թեկնածու մը։ Թէեւ թաղային խորհուրդի կամ դպրոցի աղբիւրները տակաւին պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն չեն ըրած, սակայն համայնքային շրջանակներէ ներս արձագանգ գտած է, որ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի նոր տնօրէնուհի դարձած է Ազնիւ Կիւրկէն, որ մինչ այդ կը պաշտօնավարէր՝ որպէս ուղեցոյց ուսուցչուհի։

Դպրոցի աշակերտներու ծնողներու շրջանակներն ալ կը հաստատեն նոր տնօրէնուհիի նշանակման լուրերը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020