ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը եւ փոխ-տնօրէնուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Այսպէս, անոնք յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած են խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութան հանդիսութեան, որ նախատեսուած է յառաջիկայ փետրուար 4-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Իր կվարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւնը յայտնեց վարժարանի մասին ստացած տեղեկութիւններուն եւ արձանագրուած յաջողութեանց համար։ Ան խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին եւ ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վարժարանի պատասխանատուներուն կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթանուէր գործունէութեան մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023