ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երիտասարդաց յանձնախումբը։

Այսպէս, երիտասարդները յայտնեցին, որ յանձնախումբի անդամները կը ջանան կենսունակութիւն բերել Նարլըգաբուին՝ կազմակերպելով ընկերային զանազան ձեռնարկներ։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին յանձնախումբի ապագայ ծրագիրներուն եւ յունուարի 4-ին նախատեսուած ձեռնարկին մասին։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն եւ գնահատեց տարուած աշխատանքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց կարեւորութիւնը նման աշխատանքներու, որոնք ատակ են աշխուժութիւն բերել հաւաքականութիւններու կեանքէն ներս։ Ան երիտասարդներուն ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023