ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հայրական տեղին միջամտութիւն մը կատարեց մեր համայնքի ամենացաւալի հարցերէն մէկուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բերաւ իր նպաստը, որպէսզի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոյի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ ծագած վերջին ցաւալի խնդիրները հարթուի դրական ոգիով։ Ինչպէս ծանօթ է, համայնքապատկան կալուածի մը մատակարարման բերումով մեր այս երկու հաստատութիւնները վերջերս դատական իշխանութիւններու առջեւ յայտնուած են՝ սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ տարակարծութիւններով։ Այս երեւոյթը իսկապէս արիւնած էր մեր ժողովուրդին սիրտը։ Համայնքային շրջանակները մեծ ցաւ զգացին՝ դիտարկելով, որ խնդիրները պայմանաւորուած են հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան ատենապետներու անձնական յարաբերութիւններու անհաղորդ վիճակով։ Նորին Ամենապատուութիւնը այսպիսի տխուր կացութեան մը մէջ յաջողեցաւ ի մի բերել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոյի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որոնք միեւնոյն ժամանակ երախտաշատ բարերարներ են։ Ան այս առթիւ անոնց նկատառման յանձնեց իր յորդորներն ու համայնքի ակնկալութիւնները, որպէսզի լեզու գտնեն իրարու հետ եւ երկխօսութեամբ հարթեն առկայ ցաւալի հարցերը։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս հայրական նախաձեոնութիւնը պսակուած է յաջողութեամբ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի հիւրասիրութեամբ, երէկ մէկտեղուեցան երկու ատենապետները։ Օրթագիւղի «Ռետիսըն պլու» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Շիրինօղլուի եւ Կիւլմէզկիլի առընթեր, ներկայ էին՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արէտ Գորեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ  թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։

Ճաշասեղանի  շուրջ սկսած հաւաքոյթը շարունակուեցաւ առանձին սրահի մը մէջ, ուր օրակարգի վրայ եկաւ երկու համայնքային կառոյցներու միջեւ առկայ՝ կալուածական մատակարարութեան հետ առընչուած թիւրիմացութիւնը։ Սա համայնքային շրջանակներու կռղմէ անշուշտ կը մեկնաբանուէր՝ որպէս ժխտական երեւոյթ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շինիչ մերձեցումով իր հայրական խօսքը արտասանեց։ Յետոյ մեր համայնքի երկու հանրածանօթ բարերար դէմքերը վերահաստատեցին իրարու նկատմամբ յարգանքը եւ յայտնեցին, թէ փոխադարձաբար կը գնահատեն իրարու նուիրատու բարերար կեցուածքը՝ յատկապէս մեր կրթական հաստատութեանց ի նպաստ։ Թեր ու դէմ կատարուած շինիչ խօսակցութեանց աւարտին, երկու ատենապետները յայտարարեցին, որ խնդրոյ առարկայ է թիւրիմացութիւն մը։ Անոնք խոստացան երկու հաստատութեանց միջեւ գոյացած կալուածական մատակարարական հարցը հարթել՝ եղբայրական սիրալիր ոգիով։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ շեշտեց համայնքային կեանքէ ներս եղբայրութեան զգացման ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչ որ, անկասկած, գլխաւոր ազդակն է միարար զօրութեան։ Հուսկ, ան բարձր գնահատեց ստեղծուած եղբայրական սիրալիր մթնոլորտը եւ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վստահութիւն յայտնեց, թէ այդ ողջունելի մթնոլորտը կ՚ունենայ իր անդրադարձը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020