ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին՝ Բաժակի օրուան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ կիրակիին տեղի կ՚ունենար Կեդրոնականի Բաժակի օրը։ Նկատի ունենալով, որ այս տարի այդ կիրակին զուգադիպած էր պատրիարքական ընտրութեան՝ կեդրոնականցիներու հաւաքը տեղի ունեցաւ քանի մը շաբթուան յապաղումով։ Բաժակի օրուան ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ երկու փուլով՝ թէ՛ դպրոցին եւ թէ սանուց միութեան մէջ։ Հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները ապրեցան զիրար վերագտնելու խանդավառութիւնը։ Անշուշտ, արտասովոր տրամադրութեան մէջ էին յոբելեար շրջանաւարտները, որոնք կը նշէին իրենց 50-ամեակն ու 25-ամեակը։ Յիսնամեայ յոբելեար շրջանաւարտներէն ներկայացուցիչներու թիւը սակաւ էր այս տարի։ Իսկ քսանհինգամեայ յոբելեար շրջանաւարտները գրեթէ ամբողջական կազմով մասնակցեցան Բաժակի օրուան։

Քսանհինգամեայ յոբելեար շրջանաւարտներու անունով արտայայտուեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու-Սաթար։

Բոլոր կեդրոնականցիները անգամ մը եւս բաժակ բարձրացուցին պատմական վարժարանի յարատեւութեան համար եւ ըմբոշխնեցին զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020